ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՇՈՒԱՊԱՀԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ ի մի հաւաքուեցան մեր համայնքէն խումբ մը հաշուապահ կամ հաշուեքննիչ մասնագէտներ եւ ելմտական խորհրդատուներ։ Այս հաւաքոյթին ընթացքին նկատի առնուեցաւ Պատրիարքարանի ելմտական ընդհանուր կացութիւնը։ Մասնագէտներու նկատառման յանձնուեցաւ Պատրիարքարանի Ելմտական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած հաշուեկշիռը։ Օրակարգը կազմուեցաւ նորին սրբազնութեան ելմտական խորհրդատու Արեգ Ֆերահեանի կողմէ պատրաստուած ուղեցոյցին հիման վրայ։ Որոշուեցաւ կազմել աշխատանքային խումբ մը, որպէսզի մանրամասնօրէն պատրաստէ համոզիչ ու թափանցիկ հաշուեկշիռ մը եւ ելմտացոյց մը առ ի ներկայացում համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մերազն համայնքին։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնագէտներուն, որոնք սիրայօժար յանձն առած էին այս հաշուեքննական աշխատանքը։ Երէկ-ւան խորհրդակցութեան մասնակցեցան՝ Մասիս Եոնթան, Արշակ Փոլատ, Միհրան Քարաքըզեան, Պերճ Մենզիլճիօղլու, Վարդավառ Ճաւաք, Քորայ Աշճը, Գէորգ Էրքան, Կարպիս Կէօքտաղ, Լեւոն Պաշալ, Արման Չիչեքօղլու, ինչպէս նաեւ Պատրիարքարանի Ել-մըտական յանձնախումբի անդամները՝ Պետրոս Մարզուան, Հերման Կիւրճեան, Գրիգոր Իպօալեւ, Պօղոս Եազըճըեան եւ Պատրիարքարանի հաշուապահ Սերենա Տինչքայըքճը։