ԻՐԵՐԱՄԵՐԺ ԱԶԴԱԿՆԵՐ

Սուրիոյ վերաբերեալ իրադարձութիւնները՝ մասնաւորապէս Եփրատի արեւելքին ահաբեկիչներու մաքրագործումն ու անվտանգ գօտիի մը ստեղծումը կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել Թուրքիոյ օրակարգը։ Տարածքաշրջանի բարդ հաւասարակշռութիւններու պայմաններուն ներքեւ Անգարա կը ջանայ յառաջ տանիլ իր առաջնահերթութիւնները՝ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Անգարայի եւ Ուաշինկթընի համագործակցութեամբ նախատեսուած քայլերը։ Թուրքիա թէեւ վերջնականօրէն չի բաւարարուիր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումէն, սակայն երկու երկիրները վերջնականօրէն չեն նախընտրեր նաեւ իրարմէ հրաժարիլ։

Երէկ, թուրք եւ ամերիկեան զօրքերը չորրորդ անգամ համատեղ հերթապահութիւն կատարեցին Սուրիոյ մէջ։ Ամերիկեան մամուլէն հեղինակաւոր թերթեր ալ վերջին օրերուն կը գրեն, որ Թուրքիոյ հետ այս համատեղ հերթապահութիւններուն համար կը ծրագրուի 150 ամերիկացի զինուոր ուղարկել տարածքաշրջան։ Համատեղ հերթապահութիւններու գործնականութիւնը թէեւ կը յարգուի ԱՄՆ-ի կողմէ, սակայն Թուրքիա մասնաւորապէս կ՚անհանգստանայ դաշտի վրայ տեղի ունեցած միւս իրադարձութիւններէն։ Արդարեւ, ԱՄՆ-ի կողմէ Սուրիայէ ներս գերադասուած կարգ մը զգայնութիւնները կամ հաւասարակշռութիւնները Թուրքիոյ կողմէ կ՚ընկալուին՝ որպէս հակասութիւն։ Ինչպէս առաջին հերթապահութենէն առաջ եղած էր, երէկ ալ ամերիկեան կողմը տեղի տուաւ այլօրինակ հերթական հակասութեան, որ եկաւ դարձեալ անհանգստութիւն պատճառել Անգարային։ Այսպէս, ամերիկեան «Յատուկ գործողութիւններու համատեղ զօրք»ի Twitter-ի պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած գրառման մէջ Թուրքիան որակուեցաւ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից։ Նոյն գրառման մէջ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերն ալ որակուեցան գործընկեր՝ ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) յաղթահարելու ճանապարհին։ Սա Թուրքիոյ կողմէ անհանգստացուցիչ է, որովհետեւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը կը համարուին ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան շառաւիղը։ Ըստ նոյն գրառման, ամերիկեան կողմը կը ջանայ ջանքեր գործադրել՝ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու միջեւ առկայ խնդիրներուն լուծում մը գտնելու նպատակով։

Ամերիկեան կողմին հետ այս վիճակը յառաջ տանելու զուգահեռ՝ Անգարա միջազգային բեմահարթակի վրայ բազմակողմանի ջանքեր կը գործադրէ Սուրիոյ խնդրին շուրջ։ Տարածքաշրջանէ ներս այս տագնապի հիմնական դերակատարներէն Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ Թուրքիոյ եռակողմանի նախաձեռնութիւններն ալ կը շարունակուին անընդհատ։ Այս ձեւաչափին մէջ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին գագաթաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Անգարայի մէջ պիտի հիւրընկալէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին։ Եռակողմանի գագաթաժողովը նախատեսուած է Չանքայայի ապարանքին մէջ։ Մասնակից ղեկավարները իրարու միջեւ ալ պիտի ունենան երկկողմանի հանդիպումներ։ Օրակարգի վրայ պիտի ըլլան Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ ճանապարհային քարտէսը, երկրի հիւսիսին ստեղծուելիք անվտանգ գօտիի մանրամասնութիւնները, Եփրատի արեւելքի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Իտլիպի եւ Մենպիչի ներկայ վիճակը։ Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մշակման գործընթացին առընթեր գաղթականաց վերադարձի խնդիրներն ալ պիտի գտնուին ղեկավարներու օրակարգին վրայ։ Սա արդէն պիտի ըլլայ նման ձեւաչափով հինգերորդ գագաթաժողովը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2019