ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ 18 ՆՈՐ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան 8 մարզերու տարբեր համայնքներուն մէջ այս տարի սեպտեմբեր 1-ին բացուած է 18 նոր նախակրթարան: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին «Ֆէյսպուք»ի մէջ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:

«Նախադպրոցական կրթութիւնը երեխաներու զարգացման գործընթացին մէջ առաջնային օղակ է, քանի որ կարեւոր է, թէ երեխան ինչպիսի միջավայրի մէջ կը մեծնայ: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ նախադպրոցական կրթութիւն ստացած երեխաները յետագային աւելի հեշտութեամբ կը յամարին կրթական միջավայրին եւ աւելի պատրաստ են ընկալելու այն գիտելիքները, որոնք արդէն դպրոցական կրթութեան ժամանակ կը մատուցուին իրենց:

«Հարկ է նշել, որ նախադպրոցական կրթութեան փուլին շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի ուսումնական ծրագիրը․ անիկա պէտք է լաւագոյնս յարմար ըլլայ տուեալ տարիքային խումբին պատկանող երեխաներու ունակութիւններուն», գրած է նախարարը:

Յարութիւնեանի խօսքով՝ այս ուսումնական տարուան սկիզբը նոր նախակրթարաններ հիմնուած են Գեղարքունիքի մարզի հինգ, Շիրակի՝ չորս, Կոտայքի, Սիւնիքի եւ Արմաւիրի՝ երկուքական, Տաւուշի, Լոռիի եւ Վայոց Ձորի մարզերու մէկական դպրոցներու մէջ:

«Կը նախատեսուի մինչեւ 2024 թուականը 3-6 տարեկան երեխաներու ընդգրկուածութիւնը նախադըպ-րոցական հաստատութիւններու մէջ հասցնել 70-ի՝ այժմեան 40-ի փոխարէն», եզրափակած է նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2019