ԳՈՀԱՐ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Ռուսաստանի Չելեապինսք քաղաքին մէջ «Ծնած եմ ապրելու համար» տեղաշարժման խնդիրներ ունեցող կանանց գեղեցկութեան մրցոյթի ծիրէն ներս Հայաստանը ներկայացնող Գոհար Նաւասարդեան  անցած է եզրափակիչ փուլ՝ արժանանալով «Սփորի թագուհի» անուանակարգին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, միջազգային ամենամեայ այս մրցոյթը կ՚իրականացուի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու ազգային հաստատութիւններու աջակցութեամբ:

Գոհար Նաւասարդեանի այս ձեռքբերումը անձնական պայքարի, կեանքի մէջ յաջողութեան հասնելու եւ արժանապատիւ ապրելու վառ օրինակ է, ինչ որ վարակիչ պէտք է ըլլայ բոլորի համար:

Հաշմանդամներու ներուժի գնահատումը եւ անոնց կարողութիւններու բացայայտումն ու զարգացման նպաստելը պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւրիս խնդիրը:

Հաստատութեան աշխատակազմին կողմէ պատրաստուած տեսանիւթին մէջ 29-ամեայ գեղեցկուհին կը պատմէ իր աշխոյժ առօրեայի եւ երազանքներու մասին. անուասայլակը զայն չի խանգարեր ապրիլ լիարժէք կեանքով, ինքնաշարժ վարել, աշխատիլ, զբաղիլ մարմնամարզով, մասնակցիլ զանազան մրցոյթներու:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2019