ՍԼԱՒԻԿ ԳԱԼՍՏԵԱՆ՝ ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱՅԼԱԿԻՐ

Հայաստանը ներկայացնող, Եւրոպայի 23 տարեկաններէ վար փոխ-ախոյեան Սլաւիկ Գալստեան տիրացաւ Ղազախիստանի մայրաքաղաքը՝ Նուրսուլթանի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյենութեան պրոնզէ մետայլին, 63 քկ. դասակարգին մէջ (ոչ-ողիմպիական): Գալստեան, որ ճակատեցաւ իրանցի Մէյսամ Տալխանիի դէմ, արձանագրեց 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Ան կիսաւարտականին պարտուեցաւ նախորդ տարուան աշխարհի ախոյեան, այս տարուան Եւրոպայի ախոյեան, եւրոպական երկրորդ խաղերու ախոյեան, ռուսահայ Ստեփան Մարեանեանէն՝ 3-2 արդիւնքով:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2019