ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Գերմանիոյ նախկին նախագահ Եոախիմ Կաուք այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան, ուր երէկ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Կաուք այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Նախագահական ապարանքին մէջ Արմէն Սարգսեանի եւ Եոախիմ Կաուքի հանդիպման ալ ներկայ գտնուեցաւ Վեհափառ Հայրապետը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստանը եւ Գերմանիան բարեկամութեան եւ համագործակցութեան երկարամեայ պատմութիւն մը ունին։ Գերմանիան եւ գերմանական ընկերութիւնները Հայաստանը կրնան նկատել՝ որպէս դարպաս դէպի Եւրոասիոյ տնտեսական միութիւն։ Արմէն Սարգսեան մատնանշեց, որ երկկողմանի համագործակցութեան լայն հնարաւորութիւններ գոյութիւն ունին մասնաւորապէս մշակոյթի, գիտութեան եւ փորձագիտութիւններու ոլորտին մէջ։ «Ես կը փափաքիմ, թէ գերմանական միջազգային խոշոր ընկերութիւնները համագործակցին Հայաստանի հետ տեղեկատուական փորձագիտութիւններու, արհեստական բանականութեան, մաթեմաթիքի ոլորտներուն մէջ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։ Անդրադառնալով մշակութային համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն՝ Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ կարելի է համագործակցիլ իր նախագահական նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ։ Այսպէս, նախագահական ապարանքէն ներս կը ներկայացուին զանազան երկիրներու մշակոյթները եւ այսպէսով այցելուները կրնան ծանօթանալ զանազան ազգերու պատմութեան եւ արուեստին։

Զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստանի զարգացման հեռանկարներուն, հայ-գերմանական յարաբերութիւններուն, Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։

Իր կարգին, Եոախիմ Կաուք ըսաւ. «Ինծի համար շատ ուրախալի է, որ տարածքաշրջանէ ներս ի դէմս ձեզի կը հանդիպիմ այնպիսի նախագահի մը, որ կը սերի գիտական շրջանակէ։ Պատիւ ունիմ այսօր ներկայ գտնուելով այստեղ»։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին ալ Վեհափառ Հայրապետը եւ Եոախիմ Կաուք ընդգծեցին քրիստոնէական արժէքներու հոգեւոր ու մշակութային կարեւորութիւնը եւ հասարակութիւններու կեանքէն ներս անոնց հանդէպ հաւատարմութեան պահպանումը։ Մատնանշուեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը ազգային ինքնութեան ձեւաւորման, կրթութեան եւ մշակոյթի զարգացման ուղղութեամբ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներու գործակցութեան՝ հոգեւորականներու աստուածաբանական պատրաստութեան, կրթութեան եւ ընկերային ծառայութեան ոլորտներէ ներս։ Եոախիմ Կաուք վերահաստատեց պատրաստակամութիւնը՝ խթանելու համար Հայաստան-Գերմանիա կապերը եւ նպաստելու՝ ապագայ համագործակցութեան զարգացման։

Գերմանիոյ նախկին նախագահը Ս. Գայիանէի վանքին մէջ մասնակցեցաւ նաեւ Խաչվերացի առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2019