Պատկառելի արդիւնք
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն երէկ թողարկուած դրուագները, բառին բուն իմաստով, պատկառանք ազդեցին համայն աշխարհի հայութեան։ Վեհարանի վերանորոգեալ, բարեզարդեալ եւ ընդարձակուած համալիրի բացման պաշտօնական արարողութիւնը իսկապէս շքեղ էր։ Փառաշուք հանդիսութիւնը եկաւ նշանաւորել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ապահովուած հերթական վիթխարի ձեռքբերումը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ունի բաւական յաւակնոտ մայրավանք մը, կեդրոն մը, որով կ՚առանձնանայ համաքրիստոնէական ընտանիքին մէջ։ Երէկ վերաբացուած վեհարանը իսկապէս հպարտութեան առիթ մըն է հայութեան համար՝ ինչպէս մանտանշած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան։ Այս ծրագրին կեանքի կոչուած ըլլալը նաեւ կու գայ ապացուցանել, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համար հայ ժողովուրդի բարերաներուն կողմէ ներդրուած իւրաքանչիւր լուման կ՚արժեւորուի առաւելագոյնս եւ կ՚արդարանայ բարձր արդիւնաւէտութեամբ։
Պալատ մը, կամ սովորական իմաստով պաշտօնական նստավայր մը չէ երէկ վերաբացուածը։ Խօսքը կը վերաբերի համայն հայութեան գերակայ եւ ընդհանրական հոգեւոր կեդրոնին։ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան գործունէութիւնը ստացած է նոր թափ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքին ուղղութիւն կու տայ՝ մէկ կողմէ յաղթահարելով խորհրդային շրջանի անաստուածութեան ծանր հետեւանքները, իսկ միւս կողմէ Հայ Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը համապատասխանեցնելով արդի աշխարհի մարտահրաւէրներուն։ Նոր վեհարանը, Սուրբ Էջմիածնի մայրավանքի նոր համալիրը այս ամբողջ տեսլականին համապատասխան գործելու, առկայ մարտահրաւէրներուն դէմ համարժէք քայլեր առնելու մտայնութիւնն ու վճռակամութիւնը կը ցոլացնէ։
Վերանորոգեալ վեհարանի բացումը կը զուգադիպի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Այս երկու տասնամեակները եկած են յեղաշրջել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքը, եկած են փոխել անոր ճակատագիրը։ Բոլոր անոնք, որոնք քիչ թէ շատ հաղորդ են Վեհափառ Հայրապետի տեսլականին՝ կրնան անվարան վկայել, թէ սա փառքի շքեղ տուն մը չէ, այլ Հայ Եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը խորհրդանշելիք կրօնավարչական կեդրոն մը, ուրկէ ծնունդ առած թռիչքները ալիք-ալիք տարածում կը գտնեն հայաշխարհէ ներս, կը ներգործեն հայ մարդու մտքին ու հոգիին մէջ եւ նոր ժամանակներու մէջ ուղեցոյց կ՚ըլլան մեր ժողովուրդին՝ ուրոյն դիմագիծով շարունակելու համար իր երթը պատմութեան հոլովոյթին մէջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ արդի տարեգրութեանց մէջ այժմէն արդէն իր անջնջելի հետքը թողած է Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի գահուն վրայ լիուլի արժեւորուած երկու տասնամեակը ունի պատկառելի հաշուեկշիռ մը, ինչ որ հոգեւոր հրճուանքի առիթ է Հայ Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր զաւակին համար։ Հայաստանի եւ սփիւռքի ծով կարիքներու խաչմերուկին կանգնած է ան՝ որպէս քաջ հովիւ։ Խոնարհուած հնամենի սրբավայրերու նորոգութիւն, նոր եկեղեցիներու կառուցում, նոր հոգեւորականներու պատրաստութիւն, մայրավանքի նորովի շինութիւն, նոր հրատարակութիւններ, նոր որակով միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններ եւ ի վերջոյ նոր հայեացքով պատկերացում՝ հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքի։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայան Հայոց Կաթողիկոսը նոր ժամանակներու հայրապետն է, հայոց աշխարհի նոր ձեռքբերումներու աղօթողը, հայոց աշխարհի նոր կենսունակութեան հորիզոններու խրախուսողը, մեր եկեղեցւոյ ապագայի ուրուագծողը։
Վերանորոգեալ վեհարանը մեծ ձեռքբերում մըն է եւ այդ մէկը կրնան գնահատել բոլոր անոնք, որոնք կ՚ըմբռնեն, թէ Հայ Եկեղեցւոյ նոր ուղղութիւնը ծնունդ պիտի առնէ այնտեղէն, Հայ Եկեղեցւոյ նոր աւիշը պիտի մատակարարուի այդ նուիրական համալիրէն։ Վեհարանը՝ որպէս համազգային տուն, որպէս համահայկական գերագոյն կեդրոն՝ ահա վերանորոգուած է եւ վերանորոգ վճռակամութեամբ, վերանորոգ թարմութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յառաջ կը տանի իր դարաւոր առաքելութիւնը։
Անցեալ երկու տասնամեակներու յաղթահարուած փոթորիկներէն, դժուարութիւններէն վերջ այսօր հերթական անգամ յաղթական կը ծածանի Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի տեսլականին, նուիրումին եւ յամառ աշխատանքին դրոշը։ Երէկուան իրադարձութիւնը վարչական այնպիսի կարողութիւն մը, համախմբման այնպիսի վարպետութիւն մը կը խորհրդանշէ, որ կ՚արժէ՝ թէկուզ քանի մը շաբաթով վաղահաս շնորհաւորել Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան պանծալի 20-ամեակը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ