«ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ»Ը ՈՐՊԷՍ ՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ
Նախորդ յօդուածովս սկիզբ տուի ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ բնակող տարբեր հայկական խմբաւորումներու միջեւ յարաբերութիւններու, փոխընկալումներու եւ փոխադարձ կարծիքներու ու դատողութիւններու նիւթին։ Յիշեցման կարգով նշեմ, որ խօսքն այստեղ ա) Քրիստոնեայ-հայ Թուրքիոյ քաղաքացիներու (աւանդական համայնք), բ) Հայաստանէն Պոլիս գաղթած հայերու եւ գ) Մահմետական կամ ալեւի-հայ Թուրքիոյ քաղաքացիներու մասին է։
Գրած էի, նախորդ անգամ, որ Հայաստանէն Պոլիս եկածներէն շատերու մօտ, եթէ ոչ մեծամասնութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ընկալումը որպէս հայրենիք, անոր հանդէպ սիրոյ, գուրգուրանքի, պարտքի եւ պատասխանատուութեան զգացումը կ՚ընկալուին որպէս հայ ինքնութիւնը բնորոշող հիմնական դրոյթներ։ Աւելի՛ն, որպէս այդպիսին, Հայաստանի հանդէպ այսպիսի վերաբերմունքը գրեթէ հայկականութեան նախապայմանի կարգավիճակ ունի, որու վրայ հիմնուելով յաճախ հայաստանցի գաղթականներ հարցականի տակ կ՚առնեն որոշ պոլսահայերու հայկականութիւնը. «Ասում է Թուրքիան է հայրենիքս… է դրանից ի՞նչ հայ»։
Կայ սակայն այլ հետաքրքրական եւ թերեւս անսպասելի գաղափարական-մշակութային դրդապատճառ մը տուեալ հայաստանցի ընդդէմ պոլսահայ սահմանագծումին (սահմանագծումը աշխուժօրէն կը գործէ նաեւ հակառակ ուղղութեամբ, որուն դեռ կ՚անդրադառնամ յաջորդող շաբաթներուն)։ Խօսքը այստեղ «բարոյականութեան» սկզբունքներու մասին է, որոնք, ըստ Հայաստանէն եկած բազմաթիւ գաղթականներու, խիստ կը բացակային տեղացի պոլսահայերու մօտ, ինչ որ իր կարգին դարձեալ պատճառ կը հանդիսանայ առաջիններու կողմէ վերջիններուս հայկականութիւնը հարցականի տակ առնելու։
Կ՚արժէ կարճ ու շատ հպանցիկ կերպով նկարագրել այդ «բարոյական» արժէքներն ու սկզբունքները, որոնք շատ մը Պոլիս (ենթադրաբար նաեւ այլուր) բնակող հայաստանցիներու կողմէ կը նկարագրուին որպէս հայկական աւանդական օրէնքներ։ Մէկ կողմէ կան հիւրասիրութեան, առատաձեռնութեան, մարդասիրութեան, ընկերասիրութեան մասին ընկալումներ, որոնք - եւ այս կարեւոր է - հայկականութեան, հայ մշակոյթի, հայ մարդու նկարագրի առանձնայատկութիւն կամ ցայտուն յատկանիշ կը համարուին։ Շատ աւելի կարեւորն ու ազդեցիկը սակայն, սեռային եւ ընտանեկան յարաբերութիւնները վերահսկող «օրէնքներ»ն են։ Առաջինի պարագային, Հայաստանէն եկածներու մօտ նկատած եմ «hայ տղամարդու» եւ «hայ կնոջ» յստակ, չափուած-ձեւուած, կարծրատիպային պատկերացումներ, որոնցմէ շեղումը ոչ միայն «տղամարդկութենէ» կամ «կանացիութենէ», այլեւ հայութենէ՛ շեղում կը համարուի յաճախ։ Այսպէս, «հայ տղամարդ»ը պարտի ըլլալ քաջ, հպարտ, եւ արժանապատուութեան տէր, եթէ «իսկական տղամարդ» է եւ «աւանդական հայ»։ Յակոբը, օրինակ, անգամ մը ինծի կ՚ըսէր, թէ թէեւ հեռացած է Հայաստանէն, բայց իր հայկականութենէն չէ զիջած, եւ որպէս փաստարկ կը բերէր պարզապէս հետեւեալը. «Օրինակ, եթէ այսօր մէկը այստեղ իմ արժանապատուութեանս դպնայ, ես լուռ չեմ մնար, դասը կու տամ»։ Միւս կողմէ, այս մտածողութեան կրողներու համար «հայ կինը» պէտք է ըլլայ ամօթխած, համեստ, եւ «չափն իմացող», յատկապէս երբ բանը կը հասնի տղամարդոց հետ յարաբերութեան։ Այն կինը, որ չի հետեւիր այս «հայկական աւանդական օրէնքերուն», դարձեալ դուրս կը մղուի ո՛չ միայն «բարոյականութեան», այլ նաեւ «աւանդական հայկականութեան» սահմաններէն։ Վերջապէս, ընտանիքի հանդէպ պարտաւորութիւնները, տարիքային նուիրապետութիւնը, երեխայ-ծնող, ամուսին-տիկին յարաբերութիւնները եւ այլն, դարձեալ հետաքրքրականօրէն այս հայոց աշխարհընկալման մէջ կը կապուին հայկականութեան, հայ ինքնութեան եւ հայ մշակոյթի, եւ ըստ այնմ անոնց քայքայումը կամ բացակայութիւնը կը խաթարէ նաեւ, ըստ իրենց, մարդու հայկականութիւնը։
Հետեւաբար, երբ սոյն մտածողութեամբ եւ հայկականութեան այսպիսի ընկալմամբ մարդիկ Հայաստանէն Պոլիս կը հասնին ու տեղւոյն հայերուն մօտ կը տեսնեն տարբեր նիստ ու կաց, տարբեր միջանձնական յարաբերութեան անգիր կանոններ ու սովորոյթներ (որ իր կարգին շատ բնական է), կը դժուարանան զանոնք հաշտեցնել իրենց պատկերացուցած հայու կերպարին հետ։
«էստեղի հայերը շատ են հեռացել մեր հայկական աւանդական արժէքներից... ասենք ո՞նց կարելի է հայ կինը ամուսինին խօսքը չլսի, ո՞նց կարելի է երեխուդ դու չպահես բերես որ մենք պահենք, ո՞նց կարելի է ծնողներիդ խնամքը ուրիշին յանձնես, ինչ է թէ դու ժամանակ կամ հաւես չունիս... էդ ո՞նց եղաւ հայկական...»։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ