ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ մեզի յանձնուած 85-րդ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հրահանգի (Թալիմաթնամէ) վերաբերեալ տեղապահի իմ կարծիքներս կ՚ուզեմ բաժնել մեր հանրութեան հետ:

1.- Այս պետական հրահանգով առանց պատրիարքի անցած 12 տարուայ շրջան մը վերջ կը գտնէ եւ մենք 21 տարիէ յետոյ ի վերջոյ պիտի կարողանանք ընտրել նոր պատրիարք մը ըստ մեր աւանդութեանց: Ասոր առթած դրական մթնոլորտը ես ալ գոհունակութեամբ կը դիմաւորեմ, ինչպէս մեր համայնքի բոլոր անդամները:

2.- «Հրահանգը» ընդհանուր առմամբ նախորդ հրահանգներէն աւելի յստակ, շինիչ ու դրական երեւոյթ մը կը ներկայացնէ: Ընտրողներու եւ պատգամաւորներու տարիքը 18 ըլլալով կը ճշդուի ու պատգամաւորներու թիւը 89-էն 120-ի կը բարձրանայ: Շնորհաւորելի է այս դրական արդիւնքը, որ յաջողութիւնն է Նախաձեռնարկ մարմնին, որ կրցաւ զուգահեռ գնահատելի աշխատանք տանիլ իշխանութիւններու հետ, որոնք ներկայացուած շատ մը փափաք ու պահանջներուն ընթացք տուին հասկացողութեամբ:

3.- «Հրահանգը» պատրիարքական թեկնածու ըլլալու պայմանները թէեւ կը ճշդէ 1863-ի Հայոց Սահմանադրութեան կանոններուն համաձայն՝ կը նշմարենք որոշ դժուարութիւններ ալ: Նախորդ ընտրութեանց հրահանգներուն (1961, 1990, 1998) մէջ արտասահմանի «ի հօրէ թուրք» եպիսկոպոսներուն ընտրուելու կարելիութիւնը այս անգամ տեղ չունի ներկայ հրահանգին մէջ: Ի հարկէ, այս կացութիւնը պիտի աղքատացնէ ընտրութեան մթնոլորտը եւ մեր ժողովուրդը պիտի զրկուի աւելի ընդլայնուած թեկնածուներու ցանկով մը ընտրութիւն իրականացնելու կարելիութենէն: Նկատի առնելով որ հոգեւոր ճեմարան չունինք՝ սահմանափակ թիւով եկեղեցականներ ունեցող մեր Պատրիարքութիւնը ապագային մեծ դժուարութիւն պիտի կրէ պատրիարքի թեկնածու բարձրաստիճան եկեղեցականներ ճարելու մէջ:

4.- Անձնապէս թէեւ տեղապահ եմ, սակայն եւ այնպէս, պատրիարքական թեկնածուներէն մէկն եմ նաեւ: «Հրահանգը» այս վիճակով կը պարունակէ անարդար առաւելութիւն մը, ի շահ իմ անձիս եւ մեր Աթոռի միւս եպիսկոպոսներուն: Խնդիր մը ունինք, բացայայտ է: Յարմարագոյն լուծումը գտնելու պարտաւորուած ենք պատմականօրէն: Սակայն անընդունելի է, որ անձնապէս առանձին ստանամ այս խնդրայարոյց կէտին արժեւորումը եւ պատմական պատասխանատուութիւնը: Հարկաւոր է որ մեր պատասխանատու պատկան մարմիններով ամէն մակարդակի վրայ, յատկապէս Նախաձեռնարկ մարմինով այս խնդիրը հարցաքննուի եւ վճռուի: Ես իբր տեղապահ կը խոստանամ յարգանքով ընդունիլ ինչ որ կ՚որոշուի եւ ըստ այնմ կատարել՝ ինչ որ պարտ ու պատշաճ է:

ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ

Պատրիարքական Տեղապահ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2019