ՊԱՏԱՆՔԸ ԳՐՊԱՆ ՉՈՒՆԻ
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջան մը,
ուր՝ դրականը ժխտական եւ ժխտականը դրական սկսած է նկատուիլ:
ուր՝ ճշմարտութիւնը ստութիւն եւ ստութիւնը ճշմարտութիւն կը ներակայացուի:
ուր՝ գեղեցիկը տգեղ եւ տգեղ գեղեցիկ կը նկարագրուի:
ուր՝ սպիտակը սեւ եւ սեւը սպիտակ կը պատկերացուի:
Մէկ խօսքով այնպիսի ժամանակաշրջան մը կ՚ապրինք, ուր ամէն բան այլափոխուած եւ նոյնիսկ այլասերուած է:
Այս ամէն ինչին մէջ ցաւալին սակայն այն է, որ մարդոց մեծ մասը այս հոսանքին մէջ արդէն ողն ու ծուծով ներծծուած է եւ հաճելի է իրենց համար այս վիճակը: Այդպիսիները, որովհետեւ, իրենց կեանքի նշանաբան ընտրած են շահս, սեփական հանգիստս ու յաջողութիւնս ամէն բանէ առաջ եւ վեր է, նոյնիսկ ծնողներէս, ընտանիքէս, կինէս-ամուսինէս, զաւակներէս, մէկ խօսքով կարծէք եսապաշտութեան դարաշրջանն է, որ այս օրերուն կ՚ապրինք:
Եսապաշտութեան այս յորձանուտին մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունի դրամապաշտութեան՝ արծաթսիրութեան ախտը, որ մարդուն մարդկութիւնը կը ծծէ ու զայն կը վերածէ շրջող դիակի մը: Դրամը, հարստութիւնը միշտ ալ ցանկալի եղած է, է եւ պիտի ըլլայ մարդուն համար: Բնականաբար, երբ առողջ միտումով կը նայինք դրամին, հարստութեան, սխալ բան չենք տեսներ այնտեղ, ընդհակառակը, մանաւանդ մեր այսօրուան ընկերութեան մէջ դրամը դարձած է անհրաժեշտութիւն, կարենալ գոյատեւելու համար, կարենալ ապրելու համար: Սակայն, պէտք է զգոյշ ըլլալ եւ դրամը, հարստութիւնը պարզապէս միջոց մը ըլլալէ նպատակի չվերածել զայն, որովհետեւ երբ միջոցը նպատակի վերածուի (եւ այս գրեթէ ամէն ոլորտի մէջ) արդէն իսկ միջոցը միջոց ըլլալու հասկացողութենէն կը դատարկուի եւ կը վերածուի գայթակղութեան, որ շատ ատեն մեզ անդունդ կ՚առաջնորդէ:
Ըսինք, որ դրամը, հարստութիւնը որպէս միջոց սխալ չէ, նոյնիսկ այպանելի չէ: Սխալ, այսինքն՝ մեղքի կը վերածուի, այպանելի կը դառնայ, երբ դրամին, հարստութեան իր արժէքէն աւելին տանք:
Միշտ պէտք է ի նկատի ունենանք, որ դրամը որպէս գոյութիւն ունեցող թղթային կտոր մը, որ որոշակի արժէք մը կը ներկայացնէ, կրնայ շա՜տ շատերու փափաքներն ու երազանքները իրականացնել, եւ յանուն այդ իրականացման տուեալ անձերը կը դիմեն ամէն տեսակի միջոցներու, թոյլատրելի եւ ոչ թոյլատրելի, բարոյական եւ անբարոյական…, եւ յաճախ անոնք կը յաջողին ձեռք բերել իրենց երազածը, եւ ահա այստեղ է, որ իրենց մէջ նոր կրակ մը կը սկսի յառաջանալ, աւելին ունենալու, աւելիին տիրանալու, եւ այսպէս իւրաքանչիւր յաջողութենէ ետք…
Իսկ ուրիշներ իրենց արդար քրտինքի շնորհիւ եւ Աստուծոյ պարգեւած օրհնութեամբ մեծ կարողութիւններու տէր կը դառնան. այսպիսիները գիտակցելով իրենց վիճակին ու արդէն իսկ ձեռք ձգած կարողութեան կը շարունակեն իրենց աշխատանքը, սակայն ո՛չ թէ ագահութեան մարմաջէն մղուած, այլ աշխատասիրութեան առաքինութենէն մղուած: Եւ հետաքրքրականը նման մարդոց առօրեային մէջ այն է, որ այդպիսիները երբեք չեն մոռնար իրենց ունեցած կարողութենէն մաս եւ բաժին հանել կարօտեալներուն ու աղքատներուն (անշուշտ խօսք չի՛ վերաբերիր երկաթի կտորի մը համար աջն ու ձախը գումար բաժնողներուն…):
Դրամը ինչպէս վերը նշեցի կրնայ շա՜տ բան ընել: Պահ մը դրամի մասին հետեւեալ տողերը միասին կարդանք.
«Դրամը կրնայ գնել…
Անկողին, բայց ո՛չ քուն:
Գիրք, բայց ո՛չ խելք:
Կերակուր, բայց ո՛չ ախորժակ:
Տուն, բայց ո՛չ ընտանեկան երջանկութիւն:
Դեղ, բայց ո՛չ առողջութիւն:
Զարդեղեններ, բայց ո՛չ գեղեցկութիւն:
Հաճոյք, բայց ո՛չ գոհունակութիւն:
Խաչ, բայց ո՛չ Փրկիչ:
Եկեղեցի, բայց ո՛չ երկինք:
Գերեզման, բայց ո՛չ յաւիտենական կեանք»:
Այս տողերուն յիշուած արժէքներուն մասին երբ ուշադրութեամբ խորհրդածենք, պիտի հասկնանք, որ աշխարհի բոլոր դրամներն ու հարստութիւնները ոչինչ են այս արժէքներուն դիմաց, որովհետեւ՝
Ի՞նչ կ՚արժէ ոսկեայ ցօղերով անկողինը, երբ աչքդ վայրկեան մը իսկ չե՛ս կրնար գոցել, վախնալով դիզած դրամներուդ վրան:
Ի՞նչ կ՚արժէ հազարաւոր գիրքերը գրադարանիդ մէջ, երբ ատոնք սոսկ տեսքի համար են դրուած, եւ ո՛չ թէ ատոնց մէջ եղած բարիքէն օգտուելու:
Ի՞նչ կ՚արժէ ճոխ սեղանը մսեղէնով լեցուն, երբ ղրուշ մը աւելի դիզելու մոլուցքդ քեզի թոյլ չի տար հանգիստ սիրտով պատառ մը հաց ուտելը:
Ի՞նչ կ՚արժէ հսկայ պարիսպներով եւ փայլուն պատերով ապարանքները, երբ այնտեղ չկայ օճախի ջերմութիւն, երբ այնտեղ չկայ ներդաշնակութիւն եւ համերաշխութիւն:
Ի՞նչ կ՚արժէ ամբողջ կեանքդ դրամ դիզելու համար առողջութիւնդ սպառելէ ետք, մեծ գումարներ տրամադրելդ դեղեր գնելու՝ վերագտնելու համար առողջութիւնդ:
Ի՞նչ կ՚արժեն ոսկեայ շղթաներն ու ականջօղերը, երբ ներսդ գարշահոտ է, որովհետեւ միտքդ ու ուշքդ դիմացինդ խաբելով ղրուշ մը աւելի դիզելն է:
Ի՞նչ կ՚արժէ ամէն օր խրախճանքներու եւ հաւաքոյթներու երթալդ, երբ ո՛չ մէկ կերպով գոհունակութիւն կը ստանաս այդ բոլորէն:
Ի՞նչ կ՚արժեն մեր պարանոցներէն եւ մեր տուներու պատերէն կախած ոսկեայ եւ շքեղ խաչերը, երբ չե՛նք ճանչնար ու չե՛նք գիտեր այդ խաչին Տէրը, որ մեր Փրկիչն է:
Ի՞նչ արժէք ունին փառաշուք եւ գեղատեսիլ տաճարներն ու եկեղեցիները, երբ անոնք կամուրջ չե՛ն հանդիսանար մարդուն համար՝ որպէսզի երկինք բարձրանայ:
Քրիստոնէութեան Հիմնադիրն ու Պարագլուխը Յիսուս Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին խօսելով դրամի ու հարստութեան մասին, այսպէս կը թելադրէ Իր հետեւորդներուն. «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն։ Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ։ Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.19-21): Շատ պարզ ու յստակ են Տէր Յիսուսի խօսքերը, մարդ ուր որ իր հարստութիւնը դիզէ, այնտեղ կ՚ըլլայ նաեւ իր սիրտը, այլ խօսքով՝ մարդ ի՛նչ բանի նկատմամբ որ կախուածութիւն ունենայ, այդ բանին գերին դարձած կ՚ըլլայ եւ ամբողջ կեանքը կը սպառէ այդ բանին համար:
Քրիստոնէական հասկացողութեամբ եթէ մարդուն համար կեանքը Քրիստոս է, հետեւաբար մարդ ինքզինք Քրիստոսին նուիրաբերելով յաւիտենական կեանքի ուղղեգիր ապահովելու մասին կը մտածէ, իսկ այդ ուղղեգիրը պահելու համար, մարդ կարիքն ունի աստուածային սիրոյ, մարդասիրութեան, ողորմած եւ գթասիրտ ըլլալուն, առաքինի կեանք ապրելու, հիւանդներուն եւ բանտարկեալներուն այցելելու, կարօտեալներուն օգնելու, իր շահածէն բաժին հանելու անոնց՝ որոնք կարիքն ունին, իսկ այս բոլորը քրիստոնեայ անհատէն շատ բան չեն պահանջեր, մանաւանդ երբ գիտակցութեամբ է, որ դիմած է այդ քայլին, եւ այս բոլորէն առաջ ու վեր ճանչցած է զՔրիստոս որպէս իր կեանքին Տէրն ու Փրկիչը:
Միւս կողմէ, երբ մարդուն համար հարստութիւն դիզելը ըլլայ միայն մարմնաւոր հաճոյքներն ու կիրքերը բաւարարելու միջոց, աւելի շատ դրամ ունենալու փափաք՝ ագահութեան պատճառով, բնականաբար այդ վարքագիծը տուեալ անձին համար կորստաբեր կ՚ըլլայ, որովհետեւ գնայուն արժէքներ երբեք ալ մարդուն մնայունին չեն առաջնորդած եւ ո՛չ ալ կրնան առաջնորդել:
Ի վերջոյ, մարդուն համար պէտք է յստակ ըլլայ հետեւեալ ճշմարտութիւնը, որ այս աշխարհէն մեկնելու ժամանակ, ոչի՛նչ պիտի տանի իր հետ, այլ՝ ինչպէս որ մերկ եկած էր, մերկ ալ պիտի երթայ:
Այս ուղղութեամբ միտքս եկաւ հետեւեալ դրուագը, որ լսած եմ արաբերէն ֆիլմի մը մէջ, որով կ՚աւարտեմ գրութիւնս:
Քաղաքի մը մէջ կար գործատէր մը, որ երկար տարիներու իր ժրաջան աշխատանքին ու արդար քրտինքին շնորհիւ բաւական մեծ կարողութիւններու տիրացած էր: Այս մարդը երեք զաւակներ ունէր, որոնցմէ աւագը իր հօր ճանապարհը բռնած էր եւ իր հօր նման ժրաջան կերպով կ՚աշխատէր: Օրին մէկը սակայն, հայրը կը նկատէ, որ իր այդ զաւակը սկսած էր տարօրինակ թուիլ իրեն՝ անոր որոշ վարքագծային փոփոխութիւններուն պատճառով: Որոշ ժամանակ մը ուշադրութեամբ հետեւելէ ետք իր զաւկի առօրեային ու պահուածքին, կը հասկնայ, որ իր զաւակը ագահութեան ախտով սկսած է տառապիլ: Օր մը զինք իր մօտ կանչելով կը սկսի անոր հետ խօսիլ ու պատմել իր անցած ամբողջ ընթացքը, թէ ինչպէս ոչինչէն կրցած էր այս ամբողջը ստեղծել, եւ այդ ժամանակամիջոցին երբեք չէր շտապած կամ աւելիին չէր ցանկացած, այլ արդար քրտինքով եւ իր ուժերուն ներածին չափ աշխատած ու հասած էր այս ամէն ինչին:
Զաւակը հասկնալով խօսակցութեան իմաստը, կը փորձէ արդարանալ ըսելով, թէ այո այսքանին հասած ենք, հայրիկ, սակայն մեր ունեցած կարողութեամբ կրնանք շատ աւելիին հասնիլ, մանաւանդ եթէ կրճատենք այն օգնութիւնները, զորս զանազան հաստատութիւններու տրամադրած ես:
Հայրը, պահ մը լուռ մնալէ ետք կ՚ըսէ իր զաւկին.
-Զաւակս, այդ օգնութիւնները, զորս մենք զանազան հաստատութիւններու կը տրամադրենք՝ մեր յաջողութեան գլխաւոր դրդապատճառներէն են: Այո, մենք կրնանք յաւելեալ կարողութիւններու տիրանալ, սակայն այդ մէկը պիտի ըլլայ մեր եւ մեր ենթակայ աշխատողներու մարդկային փոխյարաբերութեան կտրուկ փոփոխութեամբ, որովհետեւ յաւելեալ կարողութեան հասնելու համար պիտի ճնշես աշխատողներուդ վրայ, եւ այսպիսով բազմաթիւ հարցերու եւ դժուարութիւններու դիմաց պիտի կանգնիս: Այս բոլորը մէկ կողմ, զաւակս, հետեւեալը միշտ մտքիդ մէջ ունեցիր, որ պատանքը գրպան չունի…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
24 սեպտեմբեր 2019, Վաղարշապատ