ՍԿԻԶԲ, ՈՐ ՎԱԽՃԱՆ ՉՈՒՆԻ
Պոլսահայ հայագէտ, բանաստեղծ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Թորոս Ազատեան Կոմիտասի մասին կը գրէ.
Քսաներորդ դարու հայ գեղարուեստական ու մշակութային կեանքի ամենէն շքեղ երեւոյթը կարելի է համարել Գործը, զոր կատարեց Կոմիտաս Վարդապետ, միս մինակը, բարձր եւ անգերազանցելի առաքելութեամբ մը: Մեր կրօնական եւ աշխարհիկ երաժշտութիւնը աննախընթաց յեղաշրջում կրեց եւ իր գեղեցկագոյն արտայայտութիւնով միջազգային արժէքի եւ գնահատութեան բարձրացաւ: Ժողովուրդին ստեղծագործութիւնը, անոր մոգական արուեստին շնորհիւ, չմնաց լոկ առարկայական գանձ մը, հոգի եւ երանգ ստացաւ, յուզական ջերմութեամբ կենդանացաւ եւ դարձաւ սերունդներ տոգորող խանդավառութեան աղբիւր:
Հատորներու շարք մը անհրաժեշտ է, լիովին կարենալ պատկերացնելու համար այն հսկայ աշխատութիւնը, որ Կոմիտասինը եղաւ: Տաղանդը իր հետ ծնած էր: Կանուխէն զգաց թէ ինք կոչուած է արուեստի քուրմը հանդիսանալու այս փոքրիկ հաւաքականութեան: Իր հոգեկան կորովը ջլատող աշխարհային կապերը խզեց, ինքզինքը հեռու պահեց սովորական կեանքի հաճոյքներէն, նետուեցաւ փշոտ ու քարքարոտ մարզերու մէջ, շարունակ պրպտեց եւ ուսումնասիրեց, իր մտքին եւ հոգիին հորիզոնները ընդլայնեց, քաղաքակրթութեան ոստաններու լոյսին դիմեց, անով ողողեց իր էութեան ամենամթին անկիւնները, ուռճացաւ, հմտացաւ, տիրացաւ երաժշտութեան բոլոր գաղտնիքներուն, հասաւ կատարելութեան, եւ եղաւ հոգիով, մըտ-քով, ձայնով եւ նուագով անթերի արուեստագէտ մը: Ինքը վերելքի աստիճանը դարձաւ` Հայ շինականին դարերէ բխող անարուեստ, այլ ինքնեկ ու սրտառուչ երգը հաւասար գծի վրայ դնելու եւրոպական արուեստի տոհմիկ արտադրութիւններուն հետ, օտարներուն խոր սքանչացումը հրաւիրելու անոր վրայ, վերջապէս ապահով կռուանը հաստատելու Հայ ինքնուրոյն երաժշտութեան:
Կոմիտաս Վարդապետի ինքնակենսագրութենէն կը տեղեկանանք, որ Սողոմոնեան եւ քիւթահիացի հայ հին ընտանիքները հայկական Զոք ցեղէն են, եւ գաղթած են ԺԷ. դարու վերջերը՝ Գողթն գաւառի Ցղնոյ գիւղէն:
Հայրը՝ Գէորգ Սողոմոնեան, բնիկ քիւթահիացի էր, զուարթ բնաւորութեամբ եւ արհեստով կօշկակար: Իսկ մայրը՝ Թագուհի Յովհաննիսեան՝ պրուսացի, մելամաղձոտ եւ գեղարուեստասէր կին մըն էր:
Թորոս Ազատեան կը վկայէ, որ երկուքին ալ ազգատոհմը եղած է ի բնէ ձայնեղ: Թէ՛ հայրը եւ թէ հօրեղբայրը յայտնի դպիրներ եղած են իրենց ծննդավայրի Ս. Թէոդորոս եկեղեցիին մէջ: Իր ծնողքը, օժտուած բանաստեղծական ընդունակութեամբ, յօրինած է նոյնիսկ թրքերէն երգեր եւ եղանակներ, որոնցմէ մի քանին, իր ծննդավայրը այցելելու առիթով, քաղաքի ծերերուն երգել տալով գրի առած եւ ձայնագրած է Կոմիտաս Վարդապետ 1893-ին:
Իր ինքնակենսագրութեան մէջ Կոմիտաս կը շարունակէ. «Ծնողներիս մահէն յետոյ ինձ՝ միամօր զաւակիս դաստիարակած եւ ուսմանս մասին հոգ տարած է հօրական տատս՝ Մարիամը:
1876 թուին էր, երբ առաջին անգամ ոտքս դրի դպրոցի շեմքը: Մեր քաղաքի վարժարանը չորս բաժանմունք ունեցող դպրոց մըն էր: 1880 թուին աւարտեցի այդ վարժարանը եւ հայրս, իր մահէն չորս ամիս առաջ, ինձ ուղարկեց Պուրսայի վարժարանը: Դեռ տարին չբոլորած, հօրս մահուան պատճառով մեր քաղաքը վերադարձայ»…
Կոմիտասի մասին շատ գրուած է… Մանրամասն քննութեան առնուած է անոր կեանքն ու գործը, թէ ինչպէս Քիւթահիայի հոգեւոր առաջնորդ Գէորգ Վարդապետ Դերձակեան պատանի Սողոմոնը տարաւ Էջմիածին՝ ընդառաջելով Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի առաջարկին, որ Քիւթահիայէն իրեն հետ ձայնեղ որբ մը տանի: Պատահականութի՞ւն էր, որ քսան երեխաներու միջեւ վիճակահանութեան բախտը բաժին ինկաւ Սողոմոնին… Անոր կեանքը, անկէ ետք, կտրականապէս փոխուեցաւ…
Ուսումնառութեան բուռն շրջանին, Էջմիածնի եւ Եւրոպայի մէջ, յաջորդեցին աշխատանքային ծանրաբեռնուած տարիները շատ մը քաղաքներու մէջ եւ Կոմիտասի անունը կապուեցաւ ամբողջ դարաշրջանի մը, իբրեւ հայ ազգային երաժշտութեան հիմնադիր…
Իր կեանքին աւարտը բոլորիս ծանօթ է՝ Փարիզ, 1935-ին, հոգեկան եւ մարմնական ծանր վէրքերու մէջ տառապող Կոմիտաս աւարտեց իր երկրային ուղին հոգեբուժարանին մէջ:
Հիւանդութեան տարիներուն զգալիօրէն տուժած է Կոմիտասի ազգագրական եւ գիտական ձեռագիր ժառանգութիւնը։ Ոչ միայն կողոպտուած է այդ ժառանգութիւնը եւ շատ նիւթեր անհետացած են, այլ կոմիտասագիտութիւնն ալ, իր կարգին, արդէն եղածին վրայ անփոյթ կնիք մը դրած է՝ որոշ գրութիւններու, լուսանկարներու սխալ տարեթիւեր վերագրելով: Միայն վերջին տարիներուն, Կոմիտասի կեանքն ու գործը ամբողջովին հրատարակելու ժամանակ է, որ սրբուած են այդ սխալները՝ զանազան վկայութիւններու, պատմական փաստերու հետ համեմատելով, ճշգրտելով:
Կոմիտասի արխիւը 1950-ական թուականներուն Փարիզէն տեղափոխուած է Երեւան եւ կը պահուի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ: Կոմիտաս մեր եզակի մտաւորականներէն է, որու արխիւին մէջ անտիպ նիւթ գրեթէ չկայ: Անոր մասին բազում ուսումնասիրութիւններ կատարուած են, աշխատութիւններ գրուած են եւ եղած նիւթը այսպէս թէ այնպէս լոյս տեսած է եւ այսօր ալ թանգարանը կը վերամշակէ եւ կանոնաւոր վիճակի կը բերէ անոր արխիւը: Մասնագէտները այդ ամբողջութեամբ մշակուած արխիւը կը նկատեն հարուստ ժառանգութիւն:
Արխիւը կը բաղկանայ երաժշտական ստեղծագործութիւններէ եւ տեսական նիւթերէ, նամակներէ, փաստաթուղթերէ, գրութիւններէ, յուշերէ, յօդուածներէ, կենսագրական նիւթերէ: Արխիւին մէջ մեծ թիւ կը կազմեն լուսանկարները, որ Կոմիտասի կենսագրութեան կարեւորագոյն աղբիւրներէն են: Անոնք հսկայական փաստական, զգացական եւ այլ տեսակի տեղեկութիւններ կը փոխանցեն: Կոմիտասը շատ լուսանկարուած է:
Մատենադարանի գիտաշխատող Գուրգէն Գասպարեանի ուսումնասիրութիւններէն պարզ դարձած է, որ Կոմիտաս Վարդապետը 1890-1900 թուականներուն լուսանկարուած է մանաւանդ իր կեանքի կարեւոր հանգրուաններուն ընթացքին (օրինակ՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի Զ. դասարանը աւարտած միջոցին, Պերլինի մէջ ուսանած ժամանակ, Խրիմեան Հայրիկի կողմէ ականակուռ լանջախաչով պարգեւատրուելէն ետք եւ այլն), իսկ իր փառքի օրերուն՝ 1905 թուականէն յետոյ, Կոմիտաս լուսանկարուած է իր բազմահազար համակիրներուն եւ երկրպագուներուն յորդորով: Սիրելի դարձած Վարդապետին պատկերը շատերը կը փափաքէին ունենալ: Կոմիտաս ինքն ալ դէմ չէ եղած ատոր եւ մասնաւոր այդ նպատակին համար լուսանկարուած է:
1905-1915 թուականներուն, երբ Կոմիտաս Վարդապետ բուռն համերգային եւ երաժշտութեան տարածման գործունէութեան սկսած էր, անոր կարգ մը լուսանկարները բազմացուած եւ վաճառուած են բարեսիրական նպատակներով, այդ լուսանկարներով տպագրուած են բացիկներ: Ծանօթ է, օրինակ, որ Ֆիլիպէի մէջ համերգներ տալէ եւ Պոլիս վերադառնալէ ետք` 1914-ի վերջերուն, Կոմիտաս Վարդապետ Ֆիլիպէի Գրասիրաց ընկերութեան նախագահ Երուանդ Յակոբեանին հասցէագրուած նամակին մէջ կը գրէ. «Որոշած էք լուսանկարս բազմապատկել եւ ծախել յօգուտ բարեգործական նպատակներու, ես հակառակ չեմ, եթէ կը կարծէք, թէ արդիւնք կու տայ, ըրէք»:
Այդ շրջանին Կոմիտաս Վարդապետի լուսանկարները տպագրուած են նաեւ պարբերականներու եւ հանդէսներու մէջ: Թերթերու խունացած էջերուն վրայ այսօր ալ կարելի է տեսնել այդ տարիներու լուսանկարները, որոնց որակը, անշուշտ, ժամանակի տպագրական հնարաւորութիւններուն համեմատ էր եւ փայլուն չէր: Ինչ կը վերաբերի լուսանկարներու բովանդակութեան, ապա Կոմիտաս, չէր սիրեր պատահական կեցուածքով լուսանկարներ եւ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէր թէ՛ պատկերին մէջ իր դիրքին եւ թէ՛ լուսանկարներու որակին:
Կոմիտաս յաճախ իր բարեկամներուն իր լուսանկարը առաքած է՝ պզտիկ երկտողով: Անոր արխիւին մէջ այսօր 150-է աւելի լուսանկար կը պահուին, որոնց մէջ շատ են խմբանկարները: Կոմիտասի նկարները կարելի է գտնել նաեւ գրողներու, երաժիշտներու արխիւներուն մէջ:
Կոմիտասի արխիւին մէջ ուրոյն տեղ ունի անոր գրադարանը: Երաժիշտը ընթերցասէր եղած է, ինչպէս ինք հեղինակած է աշխատութիւններ, գիրքեր, այնպէս ալ մեծ սէր ունեցած է հայ եւ օտար գրողներու գործերուն հանդէպ եւ ակնածանքով ժողված է գիրքերը: Մեծ երաժիշտին գրադարանը կազմուած է մօտաւորապէս 600 գիրքերէ՝ հոն կան հայերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, յունարէն, ֆրանսերէն գիրքեր երաժշտութեան տեսութեան մասին, ձայնամարզութեան, դաշնամուրային նուագի, գործիքագիտութեան, խազաբանութեան, երաժշտական երկի ձեւին ու բովանդակութեան, խմբավարական արուեստի մասին, կան երաժշտութեան պատմութեան նուիրուած գիրքեր, նաեւ երաժշտական բառարաններ, բազմաթիւ ամսագիրներ՝ հրատարակուած միջազգային երա-ժըշտական ընկերութեան կողմէ, որոնք ձեռք բերած է Կոմիտաս: Գրադարանի գիրքերուն մէջ իր ձեռագրով կատարուած նշումներ կան:
Կոմիտասի արխիւին մէջ կայ նոթաներու հաւաքածոյ մը, ուր տեղ կը գտնեն ծանօթ օփերաներու երաժշտական թեքստեր, զանազան ժողովուրդներու ժողովրդական երգերու նոթագրումներ, զորս մանրամասնօրէն ուսումնասիրած է Կոմիտաս: Ան չէ սահմանափակուած միայն հայկական երաժշտութեամբ. երաժշտագէտը հետաքրքրուած է նաեւ ուրիշ ժողովուրդներու ստեղծած երաժշտական ժառանգութեամբ:
Հայկական եւ այլ ազգերու երգերու թեքստերը Կոմիտաս գրի առած է՝ գործածելով թէ՛ հայկական, թէ՛ եւրոպական ձայնանիշներ։
Անդրադարձած ենք, որ Կոմիտաս երաժշտութիւն գրած է Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ» օփերային համար, պահպանուած է այդ նոթագրութիւնը, բայց անոր արխիւին մէջ կայ նաեւ ուրիշ դասական գրական ստեղծագործութեան համար գրուած երաժշտութիւն մը. Կոմիտասը երաժշտութիւն գրած է նաեւ Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան վնասները» կատակերգութեան համար:
Կոմիտասի արխիւին մէջ կը պահուին բազմաթիւ նամակներ, անոր առընչուող նամակներ կան նաեւ կարգ մը հայ գրողներու, երաժշտագէտներու արխիւներուն մէջ: Նամակներուն մէջ Կոմիտասը շատ քիչ անձնական հարցեր կ՚արծարծէ, հիմնականօրէն ստեղծագործական, կազմակերպչական հարցերն են, որ անոր ուշադրութեան կեդրոնը եղած են: Բայց եւ այնպէս, իր հետաքրքրութիւններուն ամբողջ շրջագիծը կ՚երեւի այդ նամակներուն մէջ:
Կոմիտասի հայրենասիրութիւնը եւ հայկական երաժշտութեան մեծ նուիրուածութիւնը, նախ ի յայտ կու գան նամակներուն մէջ: Այնուհետեւ իր ու ժամանակակիցներու յուշերն են, որ կը բացայայտեն Կոմիտասը ամբողջութեամբ: Նամակները նաեւ լոյս կը սփռեն այն նիւթական ու բարոյական ծանր պայմաններուն վրայ, որոնց մէջ գտնուած է ան երկար ժամանակ:
Եւ վերջապէս, մեծ երաժիշտին՝ Երեւանի մէջ պահուող արխիւի կարեւորագոյն մասն են անոր երաժշտական գործիքները՝ եօթ բլուլ. Կոմիտաս բլուլը նոյնացուցած է սրինգին, որ նոյնպէս սրինգի տեսակ մըն է՝ ութ նուագահան անցքերով:
Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի կոմիտասեան ամենանուիրական ցուցանմոյշը, անշուշտ, անոր ռոյալը եղած է, որ փոխադրուած է Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկ: Երաժիշտին կենսագիրներէն կը տեղեկանանք այն նիւթական սուղ պայմաններուն մասին, որոնց ներքոյ ապրած եւ ստեղծագործած է Կոմիտաս եւ նման թանկարժէք ռոյալ նուէր ստանալը, կարելի է երեւակայել, թէ ինչ յուզմունք եւ ուրախութիւն պատճառած է Կոմիտաս Վարդապետին:
Հայ մեծագոյն երաժիշտը երկար տարիներ զրկուած է երաժշտական գործիք ունենալու հնարաւորութենէն: Հակառակ անձնական գործիք չունենալուն, ան արդէն իսկ հայ ժողովրդական եւ հոգեւոր երգերու մշակումներով համերգներ ունեցած էր, երգչախումբ ղեկավարած էր. հեղինակաւոր անձ մըն էր, բայց կը ստեղծագործէր Էջմիածնի միաբանութեան հանդիսա-սըրահին մէջ գտնուող հնամենի ֆիսհարմոնի մը վրայ: Ճիշդ է, որ ֆիսհարմոնն ալ ստեղնաշարային էր, բայց իր չափերով փոքր էր, անյարմար եւ յաճախ չէր գոհացներ Կոմիտասը: Եթէ ան նոյնիսկ պզտիկ նիւթական միջոցներ ձեռք ձգէր, ապա չէր ծախսեր իր անձին կամ իր գոհացումներուն համար:
Այստեղ հարկ է յիշել Յովհաննէս Թումանեանի մէկ դիտարկումը, որ յստակ պատկերացում կու տայ Կոմիտասի ապրած կեանքին մասին, բայց նաեւ՝ ցաւ կը պատճառէ: Թումանեան կը գրէ. «Կոմիտաս Վարդապետի նման անհատականութիւնը, որ հիացմունք պատճառած է նոյնիսկ Եւրոպային, ի վիճակի չէ իր սեփական երկրին մէջ ձեռք բերել դաշնամուր կամ հնարաւորութիւն չունի գաւառներ ճամբորդելու եւ կատարելու այն աշխատանքը, որ կարող է կատարել միայն ինք եւ որ այնքա՜ն փառք կը բերէ մեր ազգին»:
Իր համերգներէն մէկուն ժամանակ Կոմիտաս կրցած էր հաւաքել այդ տարիներուն համար խոշոր եւ կլորիկ գումար մը՝ հազար ոսկեդրամ, բայց այդ գումարը ան ամբողջապէս նուիրած է Ազգային հիւանդանոցին:
1907 թուականին հայ անուանի գործարար ու բարերար Ալեքսանտր Մանթաշեանց Կոմիտասին նուիրեց թանկարժէք դաշնամուր մը: Կոմիտասի արխիւին մէջ կը պահուի երաժշտագէտ Մարգարիտ Պապայեանին յղուած նամակը, որուն մէջ Կոմիտաս իր ուրախութիւնն ու հրճուանքը կը յայտնէ ստացած նուէրին համար եւ կը գրէ, թէ վերջապէս մարդավարի աշխատելու հնարաւորութիւն ստացաւ: Բայց Մանթաշեանց միայն այդ նուէրը չէ, որ ըրած է Կոմիտասին: Ան բարձր կը գնահատէր Կոմիտասի տաղանդը եւ հոգացած էր Գերմանիոյ մէջ անոր բարձր կրթութիւն ստանալուն հարցը: «Շրհոտեր» ռոյալը բարերարին՝ Կոմիտասի հանդէպ ունեցած ակնածանքին արտայայտութիւնն էր: Ռոյալը պատուաւոր տեղ զբաղեցուց Կոմիտասի բնակարանին մէջ: Մարգարիտ Պապայեանին յղուած նամակին մէջ ան նաեւ կը գրէ. «Այժմ տանս «Շրհոտեր» ֆիրմայի մեծ դաշնամուր ունիմ: Դուք կը զգաք իմ ուրախութեանս չափը, երբ առաջին անգամ դաշնակը հարայ-հրոցով սենեակ բերելէն, սարքելէն, մարդոց ճանապարհ դնելէն յետոյ մինակ մնացի: Աչքերուս չէի հաւատար, որ վերջապէս ես ալ մարդահաշիւ կը դառնամ… յարմարութիւն կ՚ունենամ աշխատելու, նորէն` աշխատելու: Ուրախութենէս քարացած էի մէկ վայրկեան, ապա արտասուքի հեղեղը սկսաւ գլորուիլ աչքերէս, ես ալ, սիրտս ալ, միտքս ալ, կեանքս ալ հանգստացաւ, հաշտուեցաւ, որ այժմ աշխատելու միջոց ունիմ եւ` անհրաժեշտ միջոց»:
Կոմիտասի մահէն ետք երկար տարիներ անհրաժեշտ եղաւ, որպէսզի գտնուէր այդ ռոյալը եւ Հայաստան փոխադրուէր: Նուիրեալներուն ջանքերը արդիւնք տուին եւ ռոյալը բազմեցաւ մեծն Կոմիտասի հայաստանեան ժառանգութեան քով, իբրեւ վկան այն պանծալի ճանապարհին, որ կերտած է Կոմիտաս: 150-ամեակը ընդամէնը մէկ մասն է անոր անուան եւ գործի յաւերժութեան: Կոմիտաս, ինչպէս գրած է Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը, սկիզբ է, որ վախճան չունի։
*
«Հայ ժողովուրդը կոմիտասեան երգին մէջ գտաւ, ճանչցաւ իր հոգին, իր հոգեկան ինքնութիւնը։ Կոմիտաս Վարդապետը սկիզբ է, որ վախճան չունի։ Ան պիտի ապրի հայ ժողովուրդով, հայ ժողովուրդը պիտի ապրի անով, ինչպէս այսօր, այնպէս ալ՝ յաւիտեան»։
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ