ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՍԵՐՃԻՕ ՄԱԹԱՐԵԼԼԱ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հռոմի մէջ ընդունուեցաւ Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Իտալիա։ Զրոյցի ընթացքին ան իր իտալացի պաշտօնակցին տեղեկացուց այցելութեան ընթացքին իտալական զանազան ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն մասին։ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ նպատակ ունի նպաստել այդ ընկերութիւններու ղեկավարներու Հայաստան այցելութեան, որպէսզի ծանօթանան ներդումային փոխշահաւէտ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն։ Իսկ կարգ մը ընկերութիւններու հետ գոյացած համաձայնութիւնները արդէն վերածուած են գործնական քայլերու։
Արմէն Սարգսեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սերճիօ Մաթարելլային, որ իրեն հրաւէր ուղղած է՝ Իտալիա պետական այցելութիւն կատարելու համար։ Զրոյցի տեւողութեան նախագահները ընդգծեցին տնտեսական, կրթական, մշակութային ու գիտական ոլորտներէ ներս համագործակցութեան մեծ հնարաւորութիւնները։ Ուստի, անոնք կարեւորեցին այդ ներուժի լիարժէք օգտագործումը։ Նախագահները համակարծիք էին, թէ բարձր մակարդակով փոխադարձ այցելութիւնները էապէս պիտի նպաստեն երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման եւ նոր թափ պիտի հաղորդեն Երեւանի եւ Հռոմի միջեւ բազմակողմանի համագործակցութեան։ Նախագահները պատրաստակամութիւն յայտնեցին առաւել մեծ ջանքեր ներդնել երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։
Նշելով Իտալիոյ խորհրդարանական կառավարման հարուստ փորձառութիւնն ու աւանդութիւնները՝ զրուցակիցները կարեւորեցին երկու երկիրներու նախագահական կառոյցներու միջեւ համագործակցութիւնը՝ մասնաւորապէս, նախագահական աշխատակազմերու միջեւ փորձառութեան փոխանակման ծրագրերու իրականացումը։