ԱՏԵԼԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ «Ատելախօսութեան դէմ պայքար» նիւթին ձօնուած բարձր մակարդակով ձեռնարկի մը։ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման ծիրէն ներս կազմակերպուած յարակից ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ իրականացաւ Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Նախագահ Էրտողան հաւաքոյթի ընթացքին շեշտեց, որ մեր ժամանակներուն ատելախօսութեան առաւելագոյն չափով կ՚ենթարկուին մահմետականները։ Մահմետական կանայք առօրեայի մէջ սադրանքներու կ՚ենթարկուին միայն իրենց գլուխը ծածկած ըլլալու պատճառաւ։ Էրտողանի խօսքով՝ ատելախօսութեան հարցը երբեք կարելի չէ կարծիքի ազատութեան փակագծին մէջ առնել։
Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ընդունելութեան, որուն հրաւիրուած էին ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման մասնակից պատուիրակութիւններու ղեկավարները։