ՀԻՄԱ ԱԼ… ՄԻՆՉԵՒ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս ստեղծուած է հետաքրքրական կացութիւն մը։ Ամբողջ համայնքը կ՚ակնկալէր, որ պետութեան կողմէ ուղարկուելիք կանոնադրութիւնով նոր թափ պիտի հաւաքէ նախընտրական գործընթացը, սակայն այդպէս չեղաւ։ Կանոնադրութեան հասնելուն զուգահեռ մեր համայնքը ներկայիս կը դիմագրաւէ սպասման օրեր։ Միայն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի ենթակայ սրբազաններու թեկնածութեամբ ընտրութեան երթալու պարագան տատամսումներ յառաջացուցած է Նախաձեռնարկ մարմնին մօտ։ Անցեալ երկուշաբթի կանոնադրութեան հասնելէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմինը այդ մէկը անմիջապէս ներկայացուց հանրութեան, սակայն իր դիրքորոշումը արտայայտելու համար ժամանակ պահանջեց մինչեւ երէկ-ւան արտահերթ ժողովը։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն Նախաձեռնարկ մարմինը գումարեց իր արտահերթ ժողովը, որ տեւեց շուրջ չորս ժամ։ Բուռն քննարկումներու թատերաբեմը հանդիսացած է այս ժողովը, որուն որոշ փուլերու մէջ մասնակցած է նաեւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները հասարակաց յայտարար մը չեն կրցած գտնել իրենց դիրքորոշումը արտայայտելու համար։ Ուստի, Նախաձեռնարկ մարմնի որոշման հրապարակման համար յարմար նկատ-ւած է սպասել մինչեւ երկուշաբթի, երբ տեղի պիտի ունենայ մարմնի հերթական նիստը։

Երէկ երեկոյեան պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութիւնը ուսումնասիրուած է 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութեան եւ Հանրապետական շրջանին ուղարկուած՝ մէկ անգամուան համար օգտագործելի կանոնադրութիւններու բովանդակութեան լոյսին տակ։ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները հակուած են նիւթը բոլոր երեսակներով ուսումնասիրել եւ այս պատճառով սպասումը պիտի շարունակուի մինչեւ երկուշաբթի։

Հարկ է նշել, որ նման իրավիճակի մը մէջ վերջնական դիրքորոշում մը յայտնելու համար աճապարանքէ հեռու մնալը, որոշ չափով ժամանակ շահիլը անշուշտ խոհեմութիւն մըն է ու կրնայ ըլլալ օգտակար։ Բայց եւ այնպէս, եթէ սպասումը դուրս գայ տրամաբանական ժամկէտի մը սահմաններէն, ապա շատ աւելի տարբեր տպաւորութիւններ կրնան ստեղծուիլ եւ վերագրումներ կրնան կատարուիլ Նախաձեռնարկ մարմնի հասցէին։ Նախաձեռնարկ մարմինը, անշուշտ, պէտք է գործէ շրջահայեաց, պէտք է ապահովէ ընտրութեան օրինականութիւնը, պէտք է լաւ հաշուէ մեր համայնքի իրաւունքները, սակայն այդ բոլորը ընելու ժամանակ պէտք է գործէ վճռակամ, հեռու պէտք է մնայ ձգձգումներէ, պէտք է կանխէ ժամանակի կորուստները, ընտրական գործընթացը պէտք է խնայէ պղտորութիւններէ։ Ուստի, նպատակայարմար է, որ Նախաձեռնարկ մարմինը իրատես արժեւորումով մը հանդէս գայ մեր համայնքին առջեւ եւ այլեւս յառաջիկայ ժողովին անյապաղ ըսէ իր վերջնական խօսքը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2019