ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՍԿԻԶԲ

Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծնըն-դեան օրն է այսօր։ Քանի որ ներկայ տարին կը զուգադիպի իր ծննդեան 150-ամեակին, անոր յիշատակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքն ալ Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ այս առաւօտ։

«Կոմիտաս» թանգարան-կաճառին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որ բնորոշեց յոբելենական ձեռնարկներու սկիզբը։ Ներկայ էին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան, Կրթութեան, գիտութեան ու մշակոյթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։

Մեծ Վարդապետի «Կոմիտաս» պանթէոնէն ներս գտնուող շիրմին առջեւ ալ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանդիսապետութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, որու կողքին էին բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ Նորին Սրբութիւնը, փոխ-վարչապետն ու միւս բարձրաստիճան պաշտօնատարները ծաղիկներ խոնարհեցին Կոմիտասի արձանին առջեւ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այսօր մեկնարկած «Կոմիտաս» միջազգային գիտաժողով-փառատօնը ունի բազմակողմանի ծրագիր։ Շաբաթավերջին Կիւմրիի մէջ յոբելեանին առթիւ տեղի պիտի ունենայ մեծ կալա-համերգ մը, սակայն ծրագիրը ընդհանրապէս Հայաստանով սահմանափակուած չէ։ Հոկտեմբերի 18-ին, Փարիզի մէջ, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս նախատեսուած է նոյն շարժառիթով ցուցադրութիւն մը։ Իսկ այսօր երեկոյեան Երեւանի Օփերային մէջ տեղի կ՚ունենայ մեծ համերգ մը։ 8 հոկտեմբերին Պերլինի մէջ, Հումպոլտի համալսարանէն ներս կը սկսի «Կոմիտասը եւ իր ժառանգութիւնը» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով մը։ Այս վերջինը յաջորդող երկու օրերուն կը շարունակուի Հալլէ-Վիթենպերկ Մարթին Լութերի համալսարանին մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2019