ՍԻՆԿԱՓՈՒՐԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԸ

Հայաստանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Սինկափուրի վարչապետ Լի Սիեն Լունը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Օրուան տեւողութեան հիւր վարչապետը ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Երկու վարչապետները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Նիկոլ Փաշինեանի տանտիրութեամբ պաշտօնական ճաշկերոյթ մըն ալ տեղի ունեցաւ հիւր վարչապետին ի պատիւ։

Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սինկափուր համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Երկու երկիրներու միջեւ ներկայիս կը նախատեսուի համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրումը։ Վարչապետները ընդգծեցին, որ Հայաստանի եւ Սինկափուրի հեռաւորութիւնը համագործակցութեան տեսակէտէ խոչընդոտ մը չի համարուիր։

Մինչ այդ, Սինկափուր ներկայիս հետաքրքրուած է Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու։ Հայաստան ներկայիս այդ կազմակերպութեան շրջանային նախագահ երկիրն է եւ այս օրերուն Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ հերթական գագաթաժողովը։ Սինկափուրի վարչապետն ալ մասնակցութիւն կը բերէ այդ գագաթաժողովին։ Երէկուան համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սինկափուրի վարչապետը նշեց, որ իր երկիրը Հայաստանը համախոհ եւ գործընկեր կը համարէ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանակներէն ներս։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2019