ՈՄԱՆՔ ԱԼ ԿԸ ԿՈՐՍՈՒԻՆ…

Կորսուիլ, կորսնցնել, կորուստ ունենալ… մեծ մասամբ մարդուս ցաւ եւ վիշտ պատճառող այս իրողութիւնները անպակաս են մարդկային կեանքին մէջ։ Շահիլը, ունենալը, ունեցածը պահպանել որքան որ բնական է, կորսնցնելն ալ նո՛յնքան անխուսափելի է։ Որովհետեւ կեանքը ո՛չ միայն ճերմակ եւ կամ միայն սեւ է, այլ սեւ ե՛ւ ճերմակ։ Հոն բնական է՝ շահն ալ, կորուստն ալ, ունենալն ալ, կորսնցնելն ալ։

Այս ուղղութեամբ, մարդ իսկապէս երջանիկ պէտք է զգայ ինքզինք ո՛չ թէ երբ միայն շահի, ամէն ինչ ունենայ, այլ այն ատեն երբ կարենայ ներդաշնակել եւ հաւասարակշռել իր շահերը եւ իր կորուստները։ Եւ եթէ շահերը գոնէ քիչ մը աւելի՛ են կորուստներուն նկատմամբ, այն ժամանակ մարդ պէտք է երջանիկ ըլլայ, գոհանայ իր վիճակին համար։ Եւ կեանքը, ահաւասիկ այս ներդաշնակութեան վրայ հիմնուած «ժամանակաւոր ընթացք» մըն է։ Այն որ կրնայ չափաւորել այդ հակադիր արժէքները կեանքին՝ շահը եւ կորուստը, ա՛յն է որ կ՚անդրադառնայ կեանքի խորհուրդին՝ իմաստին եւ նպատակին։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը կը վկայէ եւ կ՚ապացուցանէ, որ շատ մը կորուստներ իրականին շա՛հ են. եւ բազմաթիւ կորուստներ՝ «կորուստ» կարծուածներ, շատ օգուտներ կ՚ապահովեն ենթակային։ Եւ փոխադարձաբար՝ կան շահեր, «շա՛հ» կարծուածներ՝ որոնք իրականին «վնաս» կը բերեն, կորուստի կը մատնեն ենթական։

Բայց կեանքի մէջ, կորուստներուն ամենէն ցաւալին է՝ կորսուի՛լը։ Մարդ կրնայ կոր-սընցնել իր ունեցածը, եւ շատ ալ բնական է ասիկա, կ՚աշխատի եւ դարձեալ կը շահի, վերստին կը տիրանայ իր կորսնցուցածին։

Սակայն երբ մարդ ի՛նք կորսուի, ինքզինք կորսնցնէ, այլապէս ո՜րքան դժուար կ՚ըլլայ վերստին գտնել ինքզինք, վերստին տիրանալ իր ինքնութեան։

Կորսուիլ կամ ինքզինք կորսնցնել, կորուստներու ամենէն տաժանելին է, քանի որ ինքզինք կորսնցնողը կը կորսնցնէ նաեւ ամէն ինչ, որովհետեւ այլեւս «ինք»ը չէ որ տէր ըլլայ իրեն պատկանածներուն…։

Երկու մարդիկ՝ մէկը հաւատացեալ իսկ միւսը անհաւատ՝ անաստուած, կը ճամբորդէին ինքնաշարժով։ Ինքնաշարժը վարողը անհաւատն էր, որուն քով նստած հաւատացեալը, կը խօսէին։ Յանկարծ ուրիշ ինքնաշարժ մը ուժգին զարնուեցաւ իրենց ինքնաշարժին… եւ անհաւատ՝ անաստուածը մեծ վախի մատնուած գոչեց. «Աստուա՜ծ իմ…»։

Հաւատացեալը հանդարտ բայց շուարած ակնարկով մը նայեցաւ «Աստուա՜ծ իմ…» բացագանչող անհաւատ-անաստուած ընկերոջ… եւ հարցուց. «Ի՞նչ ըսիր», եւ անհաւատ-անաստուած ընկերը չկրցաւ պատասխանել։ Իրականին ճշմարտութեան լոյսը ծագած էր այդ պահուն անոր հոգիին մէջ եւ անզգալաբար, թերեւս անգիտակցաբար վկայուած էր անհաւատ-անաստուածին խօսքերով. «Աստուա՜ծ իմ…», Աստուած՝ որ թէ՛ հաւատացեալներուն, թէ՛ անհաւատներուն Արարիչը եւ Նախախնա՛մն է։

Եւ դարձեալ, երկու մարդիկ՝ մին հաւատացեալ եւ միւսը անաստուած, միասին ինքնաշարժով մը կը ճամբորդէին։ Երբ քաղաքի մը աղքատիկ մէկ թաղէն կ՚անցնէին, Աստուծոյ գոյութեան չհաւատացողը որ սափրիչ մըն էր, կ՚ըսէ. «Եթէ ձեր ըսածին պէս սիրող Աստուած մը գոյութիւն ունի, ուրեմն ինչպէ՞ս կը թոյլատրէ Ան ա՛յսքան թշուառութիւն, աղտոտութիւն, անբարոյականութիւն, ցաւ, վիշտ, տառապանք, բռնութիւն, նեղութիւն… մարդոց մէջ։ Ինչո՛ւ մեզ չ՚ազատեր այդ ամէն չարութիւններէն»։ Եւ երբ ան կը խօսէր, ճիշդ այդ պահուն փողոցին մէկ կողմէն միւսը կ՚անցնէր թափառաշրջիկ մը՝ աղտոտ, մազերը երկար մինչեւ վիզը եւ բոլորովին խանգարուած, իսկ երեսը երկար ատենէ ի վեր չածիլուած։

Հաւատացեալը զայն ցոյց տալով կ՚ըսէ. «Դուք լաւ, եւ թէ շատ լաւ սափրիչ մըն էք, ինչո՞ւ թոյլ կու տաք որ այս խեղճ մարդը այսպէս թափառի փողոցէ փողոց՝ աղտոտ, առանց ածիլուելու եւ մազերը կտրելու»։

Սափրիչը իրեն ուղղած այս հարցումին առջեւ անակնկալի եկած՝ թոթովելով կը պատասխանէ. «Բա՛-բա՛-բա՛ բայց ես ի՛նչ յանցանք ունիմ, ան երբեք ինծի գալով առիթ տուած չէ որ սափրեմ եւ ածիլեմ զինք…»։

«Ըսածդ շատ ճի՛շդ է», կ՚ըսէ հաւատացեալը, Աստուած տրամադիր է օգնելու՝ մաքրելու, փրկելու այն բոլորը, որոնք Իրեն կը դիմեն։ Բայց, դժբախտաբար մարդիկ չեն գար, չեն դիմեր Անոր՝ որպէսզի փրկուին, ազատին իրենց մարմնաւոր եւ հոգեւոր թշուառութենէն. կը մերժեն, կ՚ուրանան զԻնք, եւ այդ պատճառաւ կը կորսուին յաւիտենապէս։ Ուստի պէ՛տք է Աստուծոյ պատեհութիւն տալ»։

«Դուք չէք ուզեր Ինծի գալ, որ կեանք ունենաք», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՅՈՎՀ. Ե 40)։ Ուստի Աստուած մի՛շտ եւ ամէն առիթով կը յայտնէ Ինքզինք մարդուն, եւ մարդուն պատասխանը կ՚ըլլայ հաւա՛տքով, հաւատա՛լով…։

Արդարեւ, որեւէ բան ընդունելու կամ չընդունելու, համակրելու կամ հակակրելու, սիրելու կամ ատելու, իւրացնելու կամ օտար զգալու համար պէ՛տք է ճանչնալ նախ, ծանօթանալ, տեղեկութիւն ունենալ անոր մասին։

Եւ անոնք որ չեն հաւատար եւ «անաստուած» կը կոչեն իրենք զիրենք, արդեօք փորձա՞ծ են անգամ մը գոնէ ճանչնալ, ծանօթանալ զԱստուած, որ է Ճշմարտութիւնը։ Կոյրեր միա՛յն չեն կրնար տեսնել Լոյսը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 3, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2019