ՆԵՐՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՄԱՆ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ

Գաղտնիք չէ, եւ նախորդ յօդուածներուս մէջ ալ նշած էի, որ Պոլիս ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու եւ տեղւոյն աւանդական հայութեան միջեւ կան որոշ անհամաձայնութիւններ եւ փոխըմբռնումի պակաս, որոնք նոյնիսկ երբեմն վէճի կամ անվստահութեան կրնան հասնիլ։ Տուեալ երեւոյթի մէկ-երկու պատճառներն ու ակունքները ներկայացուցած էի նախորդ յօդուածներուս մէջ, օրինակ՝ «հայկական բարոյականութիւն» եւ Հայաստանի որպէս «Հայրենիք» ընկալման ու անոր հանդէպ հոգատար վերաբերմունքի ակնկալիք՝ պոլսաբնակ «նոր» հայերուն կողմէ։ Այս անգամ կ՚անդրադառնամ մէկ ուրիշ կարեւոր հանգամանքի, որ դարձեալ սեպ կը խրէ դրկից երկու հայ համայնքներուն միջեւ։ Այս մէկը որոշ չափով կապուած է վերը նշուած երկրորդ հանգամանքին։ Մասամբ նոյն մետայլին միւս կողմի հարցն է այստեղ. Թուրքիոյ եւ թուրքերու հանդէպ վերաբերմունքի հանգամանքը։

Աւելի քան բնական է անշուշտ, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ հասակ նետած մարդիկ տարբեր, նոյնիսկ հակոտնեայ մօտեցումներ ունենան Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ թուրք ժողովուրդի, կամ նոյնիսկ «թուրք» ընդհանրական հասկացութեան հանդէպ։

Առաջինի պարագային, դարեր տեւած պետութիւն-քաղաքացի, մեծամասնութիւն-փոքրամասնութիւն յարաբերութիւններու մասին է խօսքը, իսկ երկրորդի պարագային, աւելի քան դար մը պատմութիւն ունեցող՝ պատմական թշնամիի ընկալում ձեռք բերած հակառակորդի հանդէպ պահանջատիրական ու քաղաքականացուած դիրքաւորման մասին։

 Առաջինին պարագային՝ իրական յարաբերութեան մասին է խօսքը, իր տարբեր երեսակներով։ Մէկ կողմէն՝ գրեթէ մշտական ճնշման, սահմանափակման, յաճախ արդարացի վախի, պատմութեան ընթացքին տարբեր հալածանքներու, թիրախաւորումներու, խտրականութեան, շահարկումներու վրայ խա-րըսխուած «երկրորդ կարգի քաղաքացիի» յարաբերութիւն մը պետութեան եւ որոշ ազգայնական խաւի մը հետ։ Միւս կողմէն՝ ամէնօրեայ շփման, բարեկամական որոշ կապերու, մշակութային մերձեցման, իրական ճանաչումի, լաւը վատէն տարբերող, մարդկայնօրէն մօտեցող յարաբերութիւն մը։ Միւս կողմէ, սակայն, Հայաստանի մէջ ապրող-մեծցողին համար, իրական յարաբերութիւն երբեք ալ չէ եղած։ Պատմական յիշողութեան վրայ հիմնուած, եւ երբեմն քաղաքականապէս համեմուած մշակութային կառուցուածք մըն է «թուրք»ը. միագոյն, միատեսակ, միակերպ պիտակ մը, ոչ աւելին։ Եւ յաճախ՝ պժգալի, ատելի, այնպէս ինչպէս յաճախ հայն է սահմանին միւս կողմը։ Այստեղ հարկաւոր է նաեւ նշել հայ-ատրպէյճանական դեռ թարմ ու կենդանի պայքարը, որ իր յաւելեալ ազդեցութիւնը ունեցած է «թուրք»ի պիտակին վրայ, առնուազն զայն վերանորոգելով, վերակենդանացնելով։

Բնականաբար այս ընկերային-գաղափարական կառուցուածքները մի քանի տարուայ մէջ չեն վերանար։ Եւ Պոլիս եկած Հայաստանի քաղաքացիներէն շատերը, հակառա՛կ Թուրքիա եկած եւ հաստատուած ըլլալնուն, իրենց աւանդական վերաբերմունքը այս կամ այն չափով կը պահպանեն Թուրքիոյ, թուրքերու եւ թրքականութեան նկատմամբ։ Աւելի՛ն, քանի որ այդ վերաբերմունքը գրեթէ կը նոյնականացնեն «հայկականութեան» հետ, նմանօրինակը կ՚ակնկալեն նաեւ պոլսահայերէն։ Ինչ խօսք, որ յաճախ յուսախաբ կ՚ըլլան տեսնելով վերջիններուս աւելի տարբերակուած մօտեցումը, աւելի հաշտ, աւելի զգոյշ եւ աւելի զուսպ վերաբերմունքը, արդարացի թէ ոչ։

Վերջիններս, միւս կողմէ, դարձեալ հասկնալիօրէն երբեմն կը վրդովին նորեկներու քաղաքական կեցուածքներէն, յատկապէս երբ հանրայնօրէն արտայայտուին վերջիններս։ Գործատէր մը, օրինակ, ինքզինք թիրախաւորուած կը զգայ, երբ իր մօտ աշխատող Հայաստանի քաղաքացին կը քննադատէ Թուրքիան ու անոր քաղաքականութիւնը, կամ մեծ եղեռնի մասին կը խօսի։ «Է յետոյ ինքը ուզած ատենը պիտի ձգէ երթայ, բայց ես երթալիք տեղ մը չունիմ, աս խանութս պիտի պահեմ, թուրք գործաւորներս պիտի պահեմ, աս պետութեան տուրք պիտի տամ...»։

Այսպէս, ընկերային-մշակութային այլ տուեալ մը եւս կու գայ բացատրելու Պոլսոյ երկու հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներու մէկզմէկէն որոշ հեռաւորութիւնը։ Այս ամէնը չի նշանակեր սակայն, որ չկան փոխադարձ սիրոյ, կարեկցանքի, օգնութեան եւ զօրակցութեան երեւոյթներ։

Յաջորդիւ կ՚անդրադառնամ անոնց։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019