ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ՔԱՅԼԵՐ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը այս օրերուն կը շարունակէ թրքահայ համայնքի օրակարգի հրատապ նիւթը մնալ։ Արդարեւ, հետաքրքրական կացութիւն մը ստեղծուած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս։ Մէկ կողմէ Նախաձեռնարկ մարմինը պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան շուրջ վերջնական դիրքորոշում մը արտայայտելու համար կը սպասէ համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութեան արդիւնքին, իսկ միւս կողմէ գործնական գետնի վրայ այդ նոյն կանոնադրութիւնով նախատեսուած ժամանակացոյցը կը գործադրուի, կամ այլ խօսքով՝ համապատասխան ժամանակացոյցը կը բանի։ Այսինքն, պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս մէկ կողմէ սպասողական կացութեան մը տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, իսկ միւս կողմէ ընտրութեան ճանապարհին կ՚առնուին անյետաձգելի քայլերը։

Երէկ, ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Գումգաբուի մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցականաց համագումար։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախագահութեամբ գումարուեցաւ Եկեղեցականաց համագումարը, որու դիւանին ատենապետեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ ատենադպիրը եղաւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ժողովական հայրերը ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս ստեղծուած իրավիճակը՝ մանաւանդ, պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան լոյսին տակ կատարեցին կարծիքի փոխանակումներ։ Ի շարունակութիւն, ըստ կանոնադրութեամբ նախատեսուած ժամանակացոյցին, տեղապահ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ ժողովական հայրերը յստակեցուցին պատրիարքական թեկնածուներու անուանացանկը։ Այդ անուանացանկը, ինչպէս նախատեսուած է պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան մէջ, կը բաղկանայ Պոլսոյ Աթոռին կապուած երեք սրբազաններէն. յանձին՝ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Գերմանիոյ նախկին առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։ Եկեղեցականաց համագումարի աւարտին Պատրիարքարանի աղբիւրները պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը չեն հրապարակած համայնքային մամուլին համար։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, ժողովական հայրերուն կողմէ յստակեցուած պատրիարքական թեկնածուներուն ցանկը արդէն տեղապահ սրբազան հօր կողմէ պիտի ներկայացուի Նախաձեռնարկ մարմնին։ Մինչ այդ, նորին սրբազնութիւնը թեկնածուներուն պիտի ուղարկէ նամակներ՝ որպէսզի վերջնականօրէն յստակեցնեն իրենց թեկնածութեան պարագան։ Այս բոլորին զուգահեռ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Իսթանպուլի կուսակալութիւնն ալ տեղեակ պիտի պահէ պատրիարքական թեկնածուներու անուններուն շուրջ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Եկեղեցականաց համագումարէն վերջ պաշտօնական յայտարարութեան մը կատարուիլը յարմար չէ դատուած՝ հաշուի առնելով, որ այսօր երեկոյեան Պատրիարքարանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ կազմակերպուած լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը։ Եկեղեցականաց համագումարը չէ փափաքած իրադարձութիւններէն առաջ իյնալ կամ մատնուիլ այնպիսի վիճակի մը, որ կը գործէ առանց սպասելու համայնքային աշխարհիկ վարիչներու տրամադրութեան յստականալը։ Ուստի, այս դրական մօտեցումին հիման վրայ Եկեղեցականաց համագումարին ժամանակ որոշուած է այնպայման սպասել այսօրուան ժողովին, որու ընթացքին մեր հոգեւորականաց դասու ընդհանուր տրամադրութիւնը եւ մօտեցումներն ալ կը ներկայացուին համայնքի աշխարհական վարիչներուն եւ Նախաձեռնարկ մարմնին։

Ուրեմն, երէկուան ժողովէն վերջ հիմա կը սպասուի Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ պահանջուած լայնախարիսխ խորհրդակցութեան, որուն կը մասնակցին Կրօնական ժողովի անդամները, մեր համայնքային կամ թաղային հաստատութիւններու ատենապետները կամ լիազօր ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ բնականաբար Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները։ Այսօր այլեւս այս լայնախարիսխ խորհրդակցութեան լոյսին տակ ամենայն հաւանականութեամբ աւելի կը յստականայ պատրիարքական ընտրութեան յաջորդ քայլերուն վերաբերեալ պատկերը։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան, Կեդրոնական սանուց միութեան երդիքին տակ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիպում մը ունեցաւ պոլսահայ սանուց միութիւններու, հայրենակցական միութիւններու եւ այլ զանազան ակումբներու վարչային ներկայացուցիչներուն հետ։ Այդ հաստատութիւններու ատենապետները կամ լիազօր ներկայացուցիչները մասնակցեցան նորին սրբազնութեան գլխաւորութեամբ սարքուած ընթրիքի սեղանին։ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Պիւյիւքսիմքէշեանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցած երեկոյթը անցաւ անմիջական եւ մտերմիկ զրոյցի, կարծիքներու դրական փոխանակման մթնոլորտի մը մէջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ներկաներուն բացատրութիւններ տուաւ իր կեանքին ու գործունէութեան՝ մասնաւորապէս վերջին շուրջ տասն տարիներու ընթացքին՝ որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ տարած աշխատանքին առընչութեամբ։ Նորին սրբազնութիւնը ցաւով յիշեցուց, որ մեր Պատրիարքական Աթոռը չունի մշտական կանոնադրութիւն մը, ուստի այսօրուան կացութիւնը գլխաւորապէս այս հանգամանքի հետեւանքը կը հանդիսանայ։

Հանդիպման տեւողութեան մեր սանուց միութիւններու խնդիրները, ընկերամշակութային կեանքի կացութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ եկաւ օրակարգի վրայ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յիշեցուց, որ իր փոխանորդութեան ընթացքին Գումգաբուի մէջ հաւաք մը կազմակերպած էր մեր սանուց եւ հայրենակցական միութիւններու, զանազան ակումբներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։ Այդ հանդիպումէն ի վեր ստեղծուած կացութիւնը եւ անլուծելի մնացած խնդիրները դարձեալ քննարկման բացուեցան։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հաւաքոյթի ընթացքին դիտել տուաւ, որ լաւատես է պատրիարքական ընտրութեան արդիւնքին տեսակէտէ։ Ան ներկայ պայմաններով կը նախատեսէ լուծում մը գտնել Պատրիարքարանի կանոնադրութեան հարցին, լուծումներ գտնել Պատրիարքարանի ներկայ տնտեսական դժուարութիւններուն համար։ Նորին սրբազնութիւնը կը նախատեսէ նաեւ խորհրդակատարութիւններու ժամանակ մեր ժողովուրդին, համայնքի զաւակներուն վիճակած տնտեսական բեռը հնարաւորինս թեթեւցնել։ Համայնքային հաստատութիւններու առկախեալ ընտրութիւններու լուծման համար ալ աշխատանք տանելու պատրաստակամ է Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին շեշտեց, թէ կը նախատեսէ անպայման խրախուսել մեր հաստատութիւններու միջեւ զօրակցութեան մթնոլորտը։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդգծեց, որ թէեւ որպէս փոխանորդ պաշտօնավարած շրջանին ալ փորձած էր գործել վճռակամ եւ այս բոլոր հարցերը լուծելու ուղղութեամբ գործադրած էր մեծ ջանքեր, ներդրած էր մեծ եռանդ, սակայն փոխանորդի ժամանակաւոր հանգամանքը արգելք հանդիսացած էր, որ այդ բոլորը լիարժէքօրէն արդիւնաւորուին, արգասաւորուին։ Ուստի, հիմա որ նոր շրջան մը պիտի բացուի մեր համայնքին առջեւ, մեր հաւաքական կեանքէն ներս նոր հորիզոններ պիտի ուրուագծուին, այժմ շատ աւելի բարենպաստ եւ ձեռնտու պայմաններ կան, թարմ եռանդով դարձեալ գործի լծուելու եւ այդ կուտակուած խնդիրները շատ աւելի շօշափելի եւ հիմնական ձեւով լուծելու տեսակէտէ։

Ընթրիքի սեղանին շուրջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատասխանեց նաեւ սանուց միութիւններու եւ ակումբներու ներկայացուցիչներու այլ զանազան հարցումներուն, որոնց տուաւ սպառիչ պատասխաններ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019