ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ

Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայէր պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ, ուր երէկ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի կողմէ։ Բանակցութիւններէն վերջ երկու նախագահները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Շթայնամայէր այս առթիւ յայտնեց, որ Գերմանիա կը խրախուսէ Վրաստանի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան եւ Եւրոմիութեան հետ համարկման գործընթացները։

Իր կարգին, Սալոմէ Զուրապիշվիլին ալ նշեց, որ քննարկուած են Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ հարցեր եւ այդ խնդիրները պէտք է աւելի յաճախակիօրէն զբաղեցնեն միջազգային օրակարգը։ Զուրապիշվիլի փափաք յայտնեց, որ վերջ գտնէ իր երկրի տարածքներու բռնագրաւումը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2019