DIGITAL ARMENIAN
Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-
Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկը (INALCO) հոկտեմբերի 3-5 թուականներու միջեւ հիւրընկալեց «Digital Armenian» միջազգային դասախօսութիւնը, որ նուիրուած էր թուայնացման մեր ժամանակաշրջանին՝ հայերէնի զարգացման մէջ նորարար փորձագիտութիւններու դերին։ Երեք օրերու ընթացքին՝ թուային փորձագիտութեանց եւ անոնց հայերէնի պատշաճեցման շուրջ երկու տասնեակ մասնագէտներ ներկայացուցին հայերէնով նիւթերու դասաւանդման, արժեւորման, ուսումնասիրութեան եւ փոխանցման իրենց նորարար լուծումները։
Ձեռնարկը միասնաբար կազմակերպած էին INALCO-ն, «Լեզուներու ինքնաշխատ մշակման ընկերակցութիւն»ը (Association pour le Traitement Automatique des Langues - ATALA), Calfa ընկերակցութիւնը, Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը, Լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու համալսարանական գրադարանը (BULAC), աջակցութեամբը՝ EFL մասնագիտացած աշխատանոցին։
Իր ներածական խօսքին մէջ, INALCO-ի հայկական ուսմանց բաժինի պատասխանատու Անահիտ Տօնապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն եւ ի մասնաւորի՝ Շահան Վիտալ-Կորէնին, որ այս միջոցառման նախաձեռնողը, ինչպէս նաեւ գլխաւոր կազմակերպիչն է։ Ան նաեւ կը գլխաւորէ Calfa ծրագիրը, որ տառերը ճանչցող գործիք մըն է (OCR)՝ գրաբար ձեռագրերը արտագրող։ Այս ծրագիրը թոյլ կու տայ հայկական գրական ժառանգութիւնը արժեւորել, բնագրերը դարձնելով հասանելի եւ հասկնալի, անոր առընչուած՝ բանալի-բառեր որոնող, մանրամասնութիւններ, բացատրութիւններ, նօթեր նշող (édition critique), վերլուծում կամ թարգմանութիւն կատարող լեզուական այլ գործիքներու շնորհիւ։ Calfa կը համագործակցի նաեւ ՀԲԸՄ-ի «Նուպար» մատենադարանին հետ, «Արամ Անտոնեան հիմնադրամ»ի դիւանները հանրութեան տրամադրութեան տակ դնելու գործին մէջ։ Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանէն Շուշան Կարապետեան ներկայացուց Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ Սալբի Ղազարեանի գլխաւորութեամբ տարուող աշխատանքները, որոնց նպատակն է նոյնպէս՝ հանրութեան տրամադրութեան տակ դնել համալսարանական շրջանակներու փորձագիտութիւնները նուիրուած՝ ինքնութեան, լեզուի եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու հարցերուն։
Ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւոր՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կը ներկայացնէր Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան։ Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց հիմնարկութեան կողմէ գանձատրուող զանազան ծրագրերը, որոնք բոլորն ալ աղերս ունին հայերէնի պատշաճեցուած թուայնացման փորձագիտութիւններու զարգացման հետ։ Գանձատրուած այդ ծրագրերէն են. Մխիթարեան միաբանութեան եւ Հայաստանի Գիտութեան ազգային ակադեմիայի դիւաններու թուայնացումը, Velum նորաստեղծ կազմակերպութեան՝ հայերէն գիրքերու թարգմանութեան եւ համացանցի վրայ զետեղման աշխատանքը, առցանց բառարանային ծրագրերը (ինչպէս՝ Nayiri.com, Calfa.fr), արեւմտահայերէնի ուղղագրական սրբագրիչի մը զարգացումը, «Հրաչեայ Աճառեան» համալսարանի դիւաններու թուայնացումը, Սփիւռքի հայկական մամուլը («Նոր Յառաջ», «Եռագոյն»), հայերէն Վիքիփետիան, Houshamadyan.org կայքէջը, մանկական կայքէջերը (Բարեւ արեւ), ինչպէս նաեւ առձեռն հեռաձայններու համար՝ հայերէնի պատշաճեցումները։