«ԶՈՒԼԱԼ» ԵՐՐԵԱԿԸ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
Շիշլիի քաղաքապետութեան ենթակայ «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Զուլալ» երրեակի համերգը։ Հարկ է նշել, որ «Զուլալ» երրեակը այս օրերուն քաղաքս եկած է՝ մասնակցելու համար Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած յոբելենական համերգին։ Օգտուելով առիթէն «Զուլալ» երէկ երեկոյեան մասնաւոր համերգով մըն ալ հանդէս եկաւ՝ ի նպաստ Կեդրոնական վարժարանի։
2002 թուականին հիմնուած աքափելլա այս երրեակը կը բաղկանայ՝ Երազ Մարգարեանէ, Թենի Աբէլեանէ եւ Անայիս Թեքելեանէ։ Ամբողջ հայաշխարհի մէջ լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէ «Զուլալ» երրեակը, որու Իսթանպուլի այցելութիւնը հաճոյքի մը վերածուած է նաեւ մեր համայնքի երաժշտասէրներուն համար։
Երէկուան համերգին ժամանակ «Զուլալ»ի երգացանկին մաս կազմեցին հայկական ժողովրդական կամ դասական երաժշտութեան շարք մը յայտնի գործերը։ Երրեակի անդամուհիները այնքան բարձր կատարողական վարպետութեամբ այդ գործերը մեկնաբանեցին, որ ունկնդիրներուն վրայ գործեցին խոր տպաւորութիւն։ Ներկաները որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեցին «Զուլալ»ը։
Երեկոյթի աւարտին երրեակի անդամներուն առ ի երախտագիտութիւն շնորհակալագրեր յանձնուեցան՝ ձեռամբ Կեդրոնականի մատաղօրհնութեան կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկ Ասլանեանի, վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի եւ հայերէնի ուսուցչուհիներէն Նաթալի Պաղտատի։