ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՇԽԱՊԱՏԻ ՄԷՋ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Աշխապատ, ուր Թիւրքմենիստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած է ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Աշխապատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թիւրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովի հետ։ Այս վերջինը ողջունեց Փաշինեանի ներկայութիւնը Աշխապատի մէջ եւ կարեւորեց անոր այցելութիւնը՝ թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի յարաբերութիւններու խորացման հեռանկարները քննարկելու համատեսքին մէջ։ Պերտիմուհամետով գոհունակութիւն յայտնեց երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքին շուրջ։ Ան մատնանշեց, որ իր երկիրը հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը զարգացնելով՝ զանազան ոլորտներէ ներս կապերու ընդլայնմամբ։
Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ Թիւրքմենիստանը համարեց Կեդրոնական Ասիայէ ներս Հայաստանի կարեւոր գործընկերներէն մին, որու հետ մշակուած են արդիւնաւէտ, շինիչ փոխյարաբերութիւններ եւ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան համահունչ պէտք է աշխուժացնեն նաեւ տնտեսական համագործակցութիւնը։