ԱՇԽԱՊԱՏԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Զօհ­րապ Մնա­ցա­կա­նեան ե­րէկ Աշ­խա­պա­տի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սեր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Ա­նոնք Թիւրք­մե­նիս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ կը գտնուէին՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ԱՊՀ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ար­ծար­ծուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Մնա­ցա­կա­նեան եւ Լաւ­րով կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Հա­յաս­տան-Ռու­սաս­տան դաշ­նակ­ցա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գա­յին հար­ցե­րուն շուրջ։ Ա­նոնք կանգ ա­ռին նաեւ տա­րած-­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հրա­տապ խնդիր­նե­րուն վրայ։ Մնա­ցա­կա­նեան եւ Լաւ­րով այս ամ­բող­ջին մէջ շօ­շա­փե­ցին Սու­րիա­յէ ներս Թուր­քիոյ կող­մէ ձեռ­նար­կուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած զար­գա­ցում­նե­րը։ 

Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ իսկ, այդ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու սկսե­լէն ան­մի­ջա­պէս վերջ վե­րա­պա­հու­թիւն յայտ­նած էր Թուր­քիոյ քայ­լե­րուն դէմ։ Թէ՛ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ թէ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեան դա­տա­պար­տած էին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի գրա­սե­նեակն ալ տե­ղե­կա­ցուց, որ կը հե­տե­ւի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Ե­րէկ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կոսն ու Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոսն ալ ար­ձա­գան­գե­ցին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Հայ­կա­կան լրա­հո­սին մէջ ար­ձա­գանգ գտաւ նաեւ, որ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ընդգր­կած աշ­խար­հագ­րու­թե­նէն հայ ըն­տա­նիք­ներ փո­խադ­րուած են ա­ւե­լի անվ­տանգ շրջան­ներ։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2019