ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտի մը ստեղծելու եւ Եփրատի արեւելքը ահաբեկիչներէն մաքրագործելու առաջադրութեամբ յառաջ կը տանին «Խաղաղութեան ակ» լայնածաւալ գործողութիւնները։ Կը հաղորդուի, որ բանակը ծանրակշիռ հարուածներ կը հասցնէ ահաբեկչական լծակներուն։ Երէկուան դրութեամբ Թել Ապեատի եւ Ռեսուլայնի միջեւ կապը խզուած է ու ահաբեկիչները այլեւս հնարաւորութիւն չունին դուրսէն օժանդակութիւն ստանալու։ Ցարդ 200 թիրախ ոչնչացուած է՝ զանազան գիւղերու մաքրագործումով հանդերձ։ Ըստ շրջանէ հասած լուրերուն, ահաբեկիչներուն եւ տեղական ցեղախումբերուն միջեւ ալ կը ծագին բախումներ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւնը կը նախատեսուի երեք փուլով ու ներկայիս առաջնահերթ կը համարուի տարածքաշրջանի հակակշռի տակ առնուիլը։ Յաջորդ քայլափոխին տարածքաշրջանը պիտի դառնայ կայուն եւ անվտանգ եւ վերջին փուլին ալ պիտի ապահովուի, որ Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած սուրիացիները վերադառնան իրենց երկիրը։

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ տեղեկացուց, որ բանակը բարձր տրամադրութիւնով յառաջ կը տանի գործողութիւնները։

Մինչ այդ, Անգարա կը շարունակէ ի լուր աշխարհի վճռական պատգամներ փոխանցել։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ գործողութիւններու գլխաւոր նպատակն է արգելք հանդիսանալ՝ երկրի հարաւին ահաբեկչական պետութեան մը հիմնուիլը։ Ան հակազդեց նաեւ Եւրոմիութեան, որ այս գործողութիւնները կ՚որակէ՝ որպէս բռնագրաւում։ Նախագահը յայտնեց, որ այդ պարագային Թուրքիոյ գործը դիւրին կ՚ըլլայ եւ իր դռները կը բանայ իր մօտ ապաստան գտած 3.6 միլիոն գաղթականներուն առջեւ եւ անոնք կ՚ուղղուին դէպի Եւրոպա։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ գործողութիւնները երէկ օրակարգի վրայ եկան նաեւ ՄԱԿ-է ներս։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջամտութիւնով կանխուեցաւ Թուրքիոյ պախարակման հետամուտ բանաձեւի մը ընդունուիլը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2019