ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց հայ­կա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու խումբ մը ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Ընդ­հան­րա­պէս Հա­յաս­տա­նէն, նաեւ Սփիւռ­քէն այս լրագ­րող­նե­րու խում­բը քա­ղա­քիս մէջ կը գտնուի հե­տե­ւե­լու հա­մար Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն։ Օգ­տուե­լով կե­ցու­թեան ա­ռի­թէն՝ մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րը փա­փա­քած են այ­ցե­լել Պատ­րիար­քա­րան։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ջերմ մթնո­լոր­տի մը հիւ­րըն­կա­լեց մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րը՝ ող­ջու­նե­լով ա­նոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ։ Ըն­դուե­լու­թեան տե­ւո­ղու­թեան Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը պա­տաս­խա­նեց մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րու բազ­մաբ­նոյթ հար­ցում­նե­րուն։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հրա­ժեշ­տի հանգ­րուա­նին մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւնն ու յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հիւ­րըն­կա­լեց նաեւ Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­նը։ Հարկ է նշել, որ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ Պատ­րիար­քա­րան փու­թա­ցած էր Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ յղե­լու հա­մար իր շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին եր­կու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը եղ­բայ­րա­կան մթնո­լոր­տի մը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին՝ Թուր­քիոյ փոք­րա­մաս­նու­թեանց կեան­քին վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան նիւ­թե­րու շուրջ։

Բաց աս­տի, Լիո­նէն ժա­մա­նած ուխ­տա­ւո­րաց խումբ մը նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

 Հիւ­րե­րը շրջապ­տոյտ մը կա­տա­րե­լու հա­մար ե­կած էին Թուր­քիա։ Այ­ցե­լու­թեանց վեր­ջին հանգ­րուա­նը ե­ղած էր Իս­թան­պու­լը։ Ա­նոնք փա­փա­քած էին մօ­տէն ծա­նօ­թա­նալ Պատ­րիար­քա­րա­նին։ Իբր այդ հար­ցում­ներ ուղ­ղե­ցին Նո­րին Սրբազ­նու­թեան, որ­մէ ստա­ցան հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ Պատ­րիար­քա­րա­նի եւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի մա­սին։

Իսկ Գա­լի­ֆոր­նիա հա­մալ­սա­րա­նէն խումբ մը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ դա­սա­խօս Տէն­իըլ Վեհ­րեն­ֆեն­նի­կի նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ Ա­րամ Ար­ք Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Խում­բին ան­դամ­նե­րը աշ­խա­տանք կը ծա­ւա­լեն հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման ծի­րէն ներս։ Այս ուղ­ղու­թեամբ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Թուր­քիոյ մէջ այ­ցե­լու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն։ Ա­նոնք Իս­թան­պուլ կե­ցու­թեան օ­րե­րէն օգ­տուե­լով այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րան։ Խում­բին հե­տա­քրքրու­թեան կի­զա­կէ­տին էր թրքա­հայ հա­մայն­քի պատ­մու­թիւնն ու այժ­մու վի­ճա­կը։ Այս շրջագ­ծով Նո­րին Սրբազ­նու­թեան Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ու հայ հա­մայն­քի պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցում­ներ ուղ­ղե­ցին։ Ան ալ պա­տաս­խա­նեց հիւ­րե­րու հար­ցում­նե­րուն։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2015