ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ
Հայաստանեայց Առաքելական, Ասորի Ուղղափառ եւ Ղպտի եկեղեցիներու առաջնորդներ վերջերս հանդիպում մը ունեցան Գերմանիոյ Վորպուրկ քաղաքի Ս. Յակոբ ասորի եկեղեցւոյ վանական համալիրէն ներս։ Ամենայն Հայոց Հայրապետի, նաեւ Ասորի եւ Ղպտի եկեղեցիներու սրբազան պատրիարքներու օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որ կազմակերպուեցաւ նախաձեռնութեամբ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ։ Այս վերջնոյն առընթեր Հայ Եկեղեցւոյ անունով ներկայ էր գերմանահայոց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան։ Ղպտի եւ Ասորի եկեղեցիներէ ալ երկու սրբազաններ մասնակցեցան այս հաւաքին։ Հանդիպման հիմնական նպատակն էր՝ կազմակերպել Եւրոպայէ ներս ծառայող Արեւելեան ուղղափառ եպիսկոպոսներու ժողով մը։ Կը նախատեսուի, որ այդ ձեւաչափով հաւաքը տեղի ունենայ նախագահութեամբ յիշեալ եկեղեցիներու հայրապետներուն։ Այսպէսով կը ծրագրուի հաստատել Եւրոպայի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներու խորհուրդ մը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող համանման մարմնի նմանութեամբ։ Այս միացեալ խորհուրդի նպատակը պիտի ըլլայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ի նպաստ գործակցութիւնը։ Այս խորհուրդը նաեւ կարելիութիւն պիտի ունենայ հայրապետներու օրհնութեամբ եւ համաձայնութեամբ, ընկերային եւ հովուական հարցերու շուրջ երկխօսութիւն ստեղծել Եւրոպայի այլ եկեղեցիներուն հետ։