ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս առաւօտ Երեւանի մէջ ընդունուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Եռանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ Նիկոլ Փաշինեանի հետ տեսակցեցան՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ Հակամարտ կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդման խնդրի համատեսքին մէջ ընդգծուեցաւ հրադադարի ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկման կարեւորութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ժողովուրդներու խաղաղութեան նախապատրաստման անհրաժեշտութեան եւ այս ուղղութեամբ առնուելիք քայլերուն։

Նիկոլ Փաշինեանի հետ այս առաւօտ տեղի ունեցած հանդիպումէն առաջ, երէկ օրուան երկրորդ կէսին համանախագահները Երեւանի մէջ ընդունուեցան նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ անցեալ ամիս Նիւ Եորքի մէջ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ տեղի ունեցած քննարկումներուն եւ այդ հանդիպումէն վերջ արձանագրուած զարգացումներուն։ Կարեւորուեցաւ խաղաղութեան համար բարենպաստ միջավայրի ձեւաւորումը եւ այս ամբողջին մէջ սահմանի վրայ առկայ վերջին լարուածութեան նուազեցումը։

Մնացականեան եւ միջնորդները կանգ առին կարգաւորման գործընթացէն ներս հակամարտ կողմերու դիրքորոշումներուն վրայ։ Այս ամբողջին մէջ Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց հաշտութեան գործընթացէն ներս պարտաւորութիւններու համաչափութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին եռանախագահութեան ձեւաչափէն ներս իրականացուելիք ապագայ քայլերուն շուրջ։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները ներկայիս այցելութիւն մը կ՚իրականացնեն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Երեւանի շփումներուն առընթեր անոնք կ՚այցելեն Ստեփանակերտ, ուր կը հիւրընկալուին Արցախի ղեկավարութեան կողմէ։ Միջնորդները կ՚այցելեն նաեւ Պաքու, ուր հանդիպումներ կ՚ունենան Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2019