ՆԵՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅՈՅՍ

Նեղութիւններ անխուսափելի են մարդկային կեանքին մէջ, բայց մարդ երբ յոյս ունի՝ կրնայ դիմադրել անոնց եւ քաջութեամբ պարտել զանոնք։ Եւ ո՜րքան մխիթարիչ է նեղութեան մէջ զգալ վստահելի անձի մը ներկայութիւնը՝ որ կը քաջալերէ զինք նեղութեան եւ դժուարութեան անել կարծուած վիճակներուն մէջ։ Այս մասին յաճախ կը յիշենք Քրիստոսի խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Եւ ահաւասիկ նեղութեան դէմ քաջ տիպար մը, վստահութիւն ներշնչող մխիթարիչ մը, մարդս նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու, փորձութիւններու դէմ անպարտելի դարձնող Անձ մը՝ Յիսուս, որ ինքն ի՛ր օրինակով ցոյց կու տայ, թէ քաջութեամբ կարելի է յաղթել նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու։ Ուստի «վստահելի Անձ»ի մը ներկայութիւնը հոգւոյն մէջ զգալ՝ հաւատքի եւ յոյսի զօրութեամբ լեցուիլ, բարձր տրամադրութեամբ նեղութիւններու դէմ պայքարելու անհրաժեշտ եւ առաջնակարգ պայմա՛նն է։

Ժողովրդական իմաստութիւնը առածով մը կ՚արտայայտէ նեղութեան դիմադրելու հոգեվիճակը եւ կ՚ըսէ. «Նեղութեան ինկած կատուն առիւծ կը դառնայ»։ Արդարեւ, երբ մարդ նեղութեան մատնուած է, դժուարութիւններ կը սպառնան իր կեանքի ապահովութեան, առիւծի նման քա՛ջ կը դառնայ՝ լուծում մը գտնելու համար իր անել վիճակին։ Եւ եթէ յոյս ունի, անպայմա՛ն լուծում մը կը գտնէ, քանի որ յոյսը լուսաւոր ճամբու մը սկիզբն է՝ ուղեցոյց մը վստահելի՛։

Արդարեւ, քրիստոնեայ յոյսը ծաւալ կ՚առնէ Յիսուսի քարոզութեան սկիզբէն իսկ՝ երանութիւններու հռչակումին մէջ։ «Երանութիւններ»ը կը բարձրացնեն մեր յոյսը դէպի երկինք, Երկինք՝ իբրեւ դէպի խոստացուած նոր Երկիրը։ Երանութիւնները անոր ճամբան կը գծեն փորձութիւններուն, նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն ընդմէջէն, որոնք կը սպասեն Յիսուսի աշակերտներուն եւ հաւատացեալներուն։

Բայց Յիսուս Քրիստոսի արժանիքներովը եւ չարչարանքներով, Աստուած կը պահէ մեր մէջ յոյսը, եւ կը պահէ մեզ «յոյսին մէջ՝ որ յուսախաբ չ՚ընե՛ր» (ՀՌՈՄ. Ե 5)։ Յոյսը ապահով եւ հաստատ, «հոգիին խարիսխն» է, «յոյսը կը մտնէ հոն, ո՛ւր մտաւ Յիսուս մեզմէ առաջ մեզի համար՝ իբր կարապետ» (ԵԲՐ. Զ 19-20)։

Յոյսը նաեւ հոգեւոր զէնքն է, որ կը պաշտպանէ մեզ փրկութեան պայքարին մէջ. «Զգեստաւորուինք զրահով հաւատքին եւ սիրոյ, դնենք սաղաւարտը փրկութեան յոյսին» (Ա ԹԵՍ. Ե 8)։ Յոյսը մեզի ուրախութիւն կու տայ նոյնիսկ նեղութեան մէջ. «ուրախ եղէ՛ք յոյսին մէջ, համբերող՝ նեղութեան մէջ» (ՀՌՈՄ. ԺԲ 12)։ Ան կ՚արտայայտուի եւ կը սնանի «աղօթքին մէջ» (Հայր մերին մէջ) մասնաւորապէս, որ համառօտութիւնն է ամէն բանի՝ որ յոյսը մեզի բաղձալի կը դարձնէ։ Մենք կրնանք ուրեմն յուսալ երկինքէն՝ Երկինքի փառքը՝ որ Աստուծմէ խոստացուած է անոնց, որոնք կը սիրեն զԻնք (ՀՌՈՄ. Ը 28-30) եւ կը կատարեն Իր կամքը (ՄԱՏԹ. Է 21)։

Արդարեւ, մարդ «որդիական վստահութիւն»ը կ՚ապրի եւ ասիկա կը փաստուի նեղութիւններու մէջ։

Նեղութիւններու մէջ «զօրութիւն»ն ալ կարեւոր դեր մը կը կատարէ։ «Զօրութիւն»ը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ կ՚ապահովէ վճռականութիւնը եւ հաստատամտութիւնը, եւ ուրեմն՝ քաջութի՛ւնը բարիին եւ ճշմարիտին հետապնդումին մէջ։ Ան կ՚ամրացնէ առաջադրանքը փորձութիւններու եւ նեղութիւններու դիմադրելու եւ արգելքները յաղթահարելու հոգեւոր-բարոյական կեանքին մէջ։ Զօրութեան առաքինութիւնը մարդս կարող կը դարձնէ յաղթելու վախին, ամէն տեսակ մտահոգութիւններու, մինչեւ իսկ եւ մահուա՛ն՝ որ մեծ վախ կը պատճառէ մարդուս, մանաւանդ նեղութիւններու մէջ։ Արդարեւ, զօրութեան առաքինութիւնը կարողութիւն կու տայ մարդուս նաեւ ճակատելու նեղութիւններու եւ հալածանքներու։

Զօրութիւնը մարդս տրամադիր կ՚ընէ, անոր տրամադրութիւնը կը դարձնէ երթալու մինչեւ զոհաբերումը իր կեանքին, ինչ որ քաջութիւն կը պահանջէ։ Մարդ երբ աչք կ՚առնէ հրաժարումը եւ զոհաբերումը իր կեանքին, արդէն ո՛չինչ կը համարէ ամէն նեղութիւն եւ դժուարութիւն՝ հասնելու համար երկնային երանութիւններու՝ որուն կոչուած է ինք։

Զօրութիւնը «քաջութեան» վերածուելու համար անհրաժե՛շտ է նաեւ «ժուժկալութիւն»ը՝ որ կը հաւասարակշռէ արարչութեան բարիքները եւ կ՚ապահովէ անոնց գործադրութիւնը եւ յարմար կերպով օգտագործումը։ Ժուժկալութեան շնորհիւ է որ մարդ կրնայ դիմադրել նեղութիւններու՝ օգտուելով երկնային բարիքներէն։ Ուստի «Լաւ ապրիլը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ սիրել Աստուած ամբողջ սրտով, ամբողջ հոգիով եւ ամբողջ գործերով…», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, եւ անշուշտ վստահելով Աստուծոյ՝ որ միա՛կ վստահելին է նեղութիւններու մէջ։

«Հարկ է անցնինք բազմաթիւ նեղութիւններէ որպէսզի մտնենք Աստուծոյ Արքայութիւնը», կ՚ըսէ Առաքեալը. (ԳՈՐԾ. ԺԴ 22)։

Երանութիւնները կ՚ուրուագծեն դիմագիծը Յիսուս Քրիստոսի եւ կը նկարագրեն Անոր սէրը։ Անոնք կ՚արտայայտեն հաւատացեալներուն կոչումը՝ որոնք բաժնեկից են Անոր չարչարանքին եւ Յարութեան փառքին։ Ուստի նեղութիւն կրել, չարչարուիլ՝ կը նշանակէ մասնակից եւ բաժնեկից ըլլալ Յիսուս Քրիստոսի, եւ այդ նեղութիւններն են որ կը լուսաւորեն գործերը եւ յատկանշանական կեցուածքը քրիստոնեայ կեանքին։ Կեանքի մէջ նեղութիւններն են որ մարդս կ՚անդրադարձնեն իր իսկական դիրքին՝ իր տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն, եւ կ՚առաջնորդեն զինք դէպի բարութիւն եւ ճշմարտութիւն։ Նեղութիւններն են որ կը յիշեցնեն թէ՝ մարդ ունի վստահելի ապաւէն մը՝ իր Արարիչը եւ Նախախնա՛մը։

Արդարեւ, նեղութիւնները, կերպով մը, մարդուս մէջ կ՚արթնցնեն եւ կը զօրացնեն յոյսը՝ տառապանքներու եւ չարչարանքներու մէջ։ Ուստի երբ մարդ կարօտութիւնը չզգայ արժէքի մը, այդ արժէքը չի յայտնուիր որպէս «արժէք»։ Եւ նեղութիւններն են որ կարօտը կը զգացնեն զօրութեան, քաջութեան, բարիին եւ ճշմարտութեան՝ որոնց ակնաղբիւրն է, նախապատճառը՝ Աստուած, համայն տիեզերքի Ստեղծիչը եւ Նախախնա՛մը։

Քա՛ջ ըլլանք նեղութիւններու դէմ եւ վստահինք Անոր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 22, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2019