ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երկրի Ազգային ժողովէն ներս ելոյթ մը ունեցաւ՝ խորհրդարան-կառավարութիւն հարց ու պատասխանի ժամանակ։ Ի պատասխան երեսփոխանի մը հարցման՝ ան անդրադարձաւ Ռուսաստանի կողմէ Ատրպէյճանին մատակարարուած զէնքերու խնդրին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ վարչապետ դառնալէ անմիջապէս վերջ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ բարձրաձայնուած է Ատրպէյճանին վաճառուած զէնքերու հարցը։
«Հարցը կը բարձրացնեմ այն համատեսքին մէջ, թէ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրը զէնք կը մատակարարէ ոչ-անդամ երկրի մը, որ հակամարտութիւն ունի այլ անդամ երկրի մը հետ։ 4-5 նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովը։ Մէկ-երկու անգամ ես նաեւ այս դահլիճին մէջ հարց բարձրացուցած եմ, թէ մի գուցէ ձեւաչափով մը մենք առաջարկենք, որ սահմանափակում ըլլայ ռազմավարական յարձակողական զէնքի մասով», յայտնեց երեսփոխանը։
Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ շեշտեց, որ կարելի է ըսել, թէ այս հարցին մէջ գոյութիւն ունի համազգային քոնսենսիւս մը, որովհետեւ շեշտադրումները չեն տարբերուիր։ «Համակարգումը կը կատարուի, եթէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ, աւելի աշխոյժ կը կատարուի։ Բայց նոյնիսկ առանց համակարգման, այս հարցին մէջ մեր դիրքորոշումները նոյնն են», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։
Խորհրդարանի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին ժամանակ վարչապետը խօսեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի հռետորաբանութեան մասին։ Իր կանխատեսումներով, տեսանելի ժամանակահատուածին Ատրպէյճանի հռետորաբանութիւնը շօշափելի փոփոխութիւններ պիտի չկրէ։ «Առնուազն վերջին 13 տարուան շրջանին այդ հռետորաբանութիւնը նոյն դիրքին վրայ է։ Եւ սա հիմնական խնդիրն է։ Մենք անընդհատ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՚ուղղենք՝ գալ շինիչ դաշտ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը արծարծեց վերջերս դէպի Լոնտոն կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան մշտական քարտուղար Սէյմըն Մաքտանըլտի հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ Մնացականեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի շուրջ վերջին զարգացումները։ Այս ամբողջին մէջ ան ընդգծեց Երեւանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները։ Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային բնոյթով հրատապ հարցերու։
Ինչպէս ծանօթ է, մինչեւ տարվերջ նախատեսուած է Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ նոր հանդիպում մը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ։