ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Ռենովապիս» բարեգործական կազմակերպութեան 23-րդ միջազգային համաժողովը։ «Եկեղեցին քաղաքի մէջ. Հովուական խնամքի մարտահրաւէրները Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մէջ» խորագրեալ այս համաժողովին ժամանակ ներկայացուեցան տուեալ նիւթին վերաբերեալ շահեկան զեկուցումներ։ Ատենախօսներու կարգին էին Եւրոմիութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ այս համագումարին մասնակցեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան, որ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման հոգեւոր տեսուչն է եւ կեդրոնական գրասենեակի տնօրէնը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2019