ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄԻՆԸ ՅԱՋՈՐԴ ՈՒՐԲԱԹ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԻՐԱԶԵԿՄԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը կը նախատեսէ յառաջիկայ ուրբաթ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպել իրազեկման հաւաքոյթ մը։ Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան չէ գումարած իր այս շաբթուան հերթական նիստը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շաբաթ Նախաձեռնարկ մարմինը հրապարակած էր զեկոյց մը եւ շրջաբերական մը, որոնք եկած են հունի մէջ դնել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի յառաջիկայ իրադարձութիւնները։ Այս պայմաններուն ներքեւ, անցեալ շաբթուան մէջ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները խտացեալ շփումներ ունեցած են թէ՛ համայնքային վարիչներու եւ թէ անհատ ընտրողներու հետ։ Բոլոր հարթութիւններու վրայ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները կը ջանան առաւելագոյնս լուսաբանել համայնքային շրջանակներն ու մեր ժողովուրդը, որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին ընթացակարգային առումով ամէն ինչ ըլլայ յստակ։
Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեան այս առաւօտ մեզի տեղեկացուց, որ յառաջիկայ ուրբաթ Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթը նախատեսուած է շուրջ մէկուկէս ժամուան ձեւաչափով մը եւ այդ հարթութեան վրայ թէ՛ համայնքային հաստատութիւններու վարիչները եւ թէ տեղական ընտրական մարմիններու կամ քուէատուփի յանձնախումբերու կազմերը պիտի կարողանան գտնել պատասխանները այն բոլոր հարցումներուն, որոնք ներկայիս իրենց հետաքրքրութեան առարկայ են։