ՏԻՔԱՐԼՈՅԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԸ

Երեւանի ղեկավարութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական եւ խաղաղութեան ամրապնդման հարցերով տեղակալ Ռոզմարի Տիքարլոյի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկ բարձրաստիճան հիւրը ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին Արմէն Սարգսեան բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ զանազան ուղղութիւններով ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնը, որու շնորհիւ իրականացուած են բազմաթիւ կարեւոր ծրագրեր։ «Ունինք բաւական ընդգրկուն եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն, նաեւ մեծ ցանկութիւն՝ այդ մէկը աւելի գործնական եւ աւելի նպատակային դարձնելու համար», ըսաւ Սարգսեան։

Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին ՄԱԿ-ի եւ անոր կառոյցներու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան՝ մասնաւորապէս կայուն զարգացման եւ նորարարութիւններու ոլորտէ ներս համատեղ օրակարգի վերաբերեալ։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային եւ միջազգային շարք մը խնդիրներու շուրջ։ Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ ՄԱԿ-ի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ հետեւողական աջակցութեան ցուցաբերման կարեւորութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։  

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2019