ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ՔԱՅԼԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍԻՆ
Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտիի մը ստեղծման ուղղեալ աշխատանքներուն ծիրէն ներս, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը այս առաւօտ Եփրատի արեւելքին ձեռնարկեցին առաջին հերթապահութեան։ Բանակի «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կ՚իրականացուի այս հերթապահութիւնը, որու հիման վրայ յայտնի պիտի դառնայ Ռուսաստանի կողմէ տրուած երաշխիքներուն արդիւնքը։
Այս հերթապահութեան ընդառաջ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Երասիմովի հետ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ երէկ Իրաքի հիւսիսին երեք ահաբեկիչ չէզոքացուած է անօդաչու թռչող սարքերու միջոցաւ։
Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու «Էլ Ճեզիրէ» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Թուրքիա «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւնը իրականացուցած է ահաբեկչութեան կազմակերպութեան դէմ։ Նախարարը ընդգծեց, որ գործողութեան նպատակն էր ոչնչացնել Թուրքիոյ հիւսիսային սահմանին երկայնքով ստեղծուիլը նախատեսուած ահաբեկչական միջանցքը եւ ապահովել տարածքաշրջանի խաղաղութիւնը։