ՄԵԾ ԹԱՓՈՎ ՎԵՐԵԼՔ

Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Պեշթեփէի համալիրին մէջ հիւր վարչապետը դիմաւորուեցաւ պաշտօնական արարողութեամբ եւ աւելի վերջ ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Այսպէս, Էրտողանի եւ Կախարիայի միջեւ տեղի ունեցաւ առանձնազրոյց մը, որու աւարտին անոնք գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Կախարիա Վրաստանի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ վերջ առաջին անգամ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Անգարայի աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկումներու ընթացքին Թուրքիա-Վրաստան յարաբերութիւնները աչքէ անցուեցան բոլոր երեսակներով եւ համագործակցութեան ա՛լ աւելի զարգացման ուղղեալ կարծիքներ փոխանակուեցան։ Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններէն, Էրտողան եւ Կախարիա կանգ առին տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով խնդիրներու վրայ։

Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան ընդգծեց, որ Սեւ ծովու մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան տեւականացման համար Թուրքիոյ ջանքերը կը շարունակուին Վրաստանի կողմէ բերուած նպաստով։ Անգարայի եւ Թիֆլիզի միջեւ ռազմական շփումներու առընթեր, պաշտպանութեան արդիւնաբերութեան գետնի վրայ ալ համագործակցութիւնը պիտի սերտանայ յառաջիկայ շրջանին։ Էրտողան յայտնեց, որ երկու երկիրները կ՚արժեւորեն իրենց պատմական կապերը, հասարակաց արժէքներն ու հարեւանութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները։ Երկկողմանի յարաբերութիւնները կ՚ընթանան ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի վրայ։ Այսպէս, առեւտուրէն եւ զբօսաշրջութենէն սկսեալ, մինչեւ ուժանիւթը՝ բոլոր բնագաւառներու մէջ երկկողմանի համագործակցութիւնը կը զարգանայ։ Երէկուան բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն անհրաժեշտ հրահանգը տրուած է՝ Ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի մը ստեղծման ուղղութեամբ։

Էրտողան շեշտեց, որ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին կը գտնուի Լոնտոնէն դէպի Փեքին ձգուած երկաթուղիի սրտին վրայ։ Կողմերը կը ձըգ-տին առեւտուրի ծաւալը հասցնել 3 միլիառ տոլարի մակարդակին։

Բանակցութիւններու ընթացքին անվտանգութեան խնդիրը օրակարգի վրայ եկած է առաջնահերթօրէն։ Էրտողանի խօսքով այս գետնի վրայ համագործակցութիւնը կը ծաւալի շատ տարբեր ձեւով։ Վրացի բազմաթիւ երիտասարդներ Թուրքիոյ մէջ կը մարզուին՝ որպէս զինուոր, ոստիկան կամ անվտանգութեան պաշտօնեայ։ Վրաստանի գերիշխանութիւնը, քաղաքական կայունութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը ծայր աստիճան կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Էրտողան շեշտեց, որ Անգարա-Թիֆլիզ ռազմավարական գործակցութիւնը միայն երկկողմանի բնոյթ մը չունի, այլեւ՝ դրական արդիւնքներ կ՚ունենայ ամբողջ տարածքաշրջանին տեսակէտէ։

Իր կարգին, Կէորկի Կախարիան ալ Անգարայի մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ իրենց ռազմավարական գործընկերութիւնը ա՛լ աւելի զարգացնել կը ձգտին։ Կախարիա յիշեցուց, որ Թուրքիա կը հանդիսանայ Վրաստանի թիւ մէկ առեւտուրի գործընկերը։ Հիւր վարչապետի խօսքով՝ ուժանիւթի խողովակաշարներու կտրուածքով համագործակցութեան նկատմամբ կ՚ընծայեն մեծ կարեւորութիւն։ Արդարեւ, Թուրքիոյ տեսակէտէ Վրաստանը ճանապարհ մըն է՝ դէպի թրքախօս հանրապետութիւնները, իսկ Վրաստանի տեսակէտէ Թուրքիան՝ ճանապարհ կը հանդիսանայ դէպի Եւրոպա։ Կախարիա շնորհակալութիւն յայտնեց իր երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերակայութեան համար Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած դիրքորոշման բերումով։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2019