ՆԻՔՈԼՕ ՓԱԿԱՆԻՆԻ ԵՒ ԿՈՄՍՈՒՀԻ ՓՈԼԻՆԱ ՊՈՐԿԵԶԷ
Իտալացի հռչակաւոր երաժշտահան, անկրկնելի ջութակահար, կիթառահար Նիքոլօ Փականինին ծնած է 27 հոկտեմբեր, 1782 թուականին, Իտալիա՝ Ճենովա: Ան իր ժամանակի ամենայայտնի, ամենատաղանդաւոր եւ առեղծուածային ջութակահարն էր, որ իր գործերով մարդոց սիրտերը կը յուզէր:
Վաղաժամ ծնունդ ըլլալով, Նիքոլոն բաւական հիւանդոտ էր:
Անգամ մը անոր մօրը հրեշտակ մը կ՚այցելէ երազին մէջ եւ կը յայտնէ, թէ իր երկրորդ երեխան փայլուն ապագայ պիտի ունենայ: Անոր հայրը, որ պարզ վաճառական մըն էր, սակայն շատ կը սիրէր երաժշտութիւնը, լսելով կնոջ պատմածը, անսահման կ՚ուրախանայ եւ վստահ կ՚ըլլայ, որ իր տղան աշխարհահռչակ երաժիշտ պէտք է դառնայ: Հաւատալով մարգարէական երազին, հայրը վեց տարեկան փոքրիկ Նիքոլոյին կը սորվեցնէ ջութակ նուագել, եւ առաջին իսկ դասերէն պարզ կ՚ըլլայ որ պզտիկը բնածին փայլուն լսողութեամբ օժտուած է: Հետեւաբար ան կը ստիպէ անդադար պարապիլ՝ զրկելով զայն ամէն մանկական հետաքրքրութիւններէն եւ խաղերէն: Յաճախ դուռը կը կղպէ եւ չի ձգեր տղան դուրս ելլէ (զրկելով նոյնիսկ կտոր մը հացէն)՝ մինչեւ որ ինք գոհ ըլլայ անոր նուագէն: Նիքոլոն ստիպուած կ՚ըլլայ ժամեր շարունակ՝ առանց դադարի գործիքը նուագել, որու արդիւնքին ձեռք կը բերէ «փայտացում» հիւանդութիւնը:
Օր մը, ան ծայրայեղ վիճակի մէջ կ՚իյնայ եւ կը մարի: Բժիշկները մահ կ՚արձանագրեն, եւ երբ ծնողքը կը պատրաստուի թաղել զայն, հրաշք կը կատարուի. փոքրիկը կ՚արթննայ եւ դագաղին մէջ կը նստի:
Երեխայի առողջանալէն վերջ, հայրը դարձեալ անոր կը յանձնէ ջութակը: Եօթ տարեկանին փոքրիկ Նիքոլոն հիանալի կը տիրապետէ ջութակին, իսկ արդէն ութ տարեկանին տեղի կ՚ունենայ անոր առաջին համերգը՝ Փարմայի մէջ:
Տակաւին պզտիկ տարիքին ան արդէն ջութակի համար շարք մը ստեղծագործութիւններ կը յօրինէ (որոնք, դժբախտաբար, չեն պահպանուած), եւ 11 տարեկանին տուած համերգի ընթացքին՝ այլ հանրայայտ ստեղծագործութիւններու հետ, Նիքոլոն կը նուագէ նաեւ իր առաջին հեղինակային գործերը: Շուտով անոր անունը հանրայայտ կը դառնայ: Եւրոպացի շատ ջութակահարներ կու գան անոր հետ մրցելու, բայց Փականինին անգերազանցելի կը մնայ: Ան ոչ միայն ջութակ հրաշալի կը նուագէր, այլեւ՝ կիթառ: Հայրը գիտակցելով որ արդէն կրնայ լաւ գումար վաստկիլ իր զաւկի տաղանդին շնորհիւ, երաժշտական առաջին շրջագայութիւնը կը կազմակերպէ Հիւսիսային Իտալիոյ տարածքին՝ Փիզզա, Ֆլորանսա, Պոլոնիա, Միլանօ եւ Լիվոռնօ:
Ջութակահարի առաջին բեկումնային համերգը տեղի կ՚ունենայ 1813 թուականին Միլանոյի «Լա Սքալա» օփերային թատրոնին մէջ, որ հսկայական յաջողութիւն կը բերէ անոր:
Փականինիի փառքը Եւրոպայի սահմաններէն ներս կը տարածուի, երբ 1828 թուականին ան Վիեննայէն կը սկսի իր համերգային շրջագայութեան՝ շարունակելով Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Լեհաստանի եւ Պոհեմիայի (ներկայիս՝ Չեխիա) խոշոր քաղաքներու մէջ: Փականինին ցնցող յաջողութիւն կ՚ունենայ բոլոր այն երկիրներու մէջ, ուր համերգ կու տայ եւ համերգի տոմսակները մեծ գումարներ կ՚արժեն: Անոր համերգները այնքան պահանջուած կ՚ըլլան, որ այդ շրջագայութիւնը իր աւարտին կը հասնի տասը տարի անց միայն: Ջութակահարը խոշոր կարողութիւն ձեռք ձգելով՝ «պարոն»ի տիտղոս կը գնէ:
Փականինիի՝ ջութակի համար գրած ստեղծագործութիւնները աշխարհի ամենադժուար երաժշտական գործերէն են, որոնք շատ յաճախ չեն կրնար նուագել նոյնիսկ ամենատաղանդաւոր երաժիշտները: Սակայն Նիքոլոն ատոնք զարմանալի թեթեւութեամբ կը նուագէր: Իսկ անոր 24 տատանումները մինչեւ այսօր կը համարուին այն բարձունքը, որ նուագել կ՚երազեն վիրթուոզ-ջութակահարները: Մարդոց մէկ մասը վստահ էր, թէ ան գործարքի մէջ է սատանային հետ, ուրիշներ զայն հրեշտակ կը համարէին. սովորական մահկանացուները չեն կրնար այդքան տաղանդաւոր ըլլալ, վստահ էին անոնք: Պատահած է, որ անոր համերգի ընթացքին ունկնդիրներէն ոմանք ուշակորոյս ինկած են:
Սակայն, Փականինիով հիանալէն աւելի՝ շատեր կը չարախօսէին եւ կը նախանձէին զայն: Անգամ մը, համերգէն առաջ, չարակամներ կը թուլցնեն անոր ջութակի լարերը, եւ համերգի ժամանակ ատոնք կը կտրուին: Փականինիին ատիկա բոլորովին արգելք չի հանդիսանար՝ ան հանդարտօրէն կը շարունակէ նուագել մէկ լարի վրայ, իսկ հանդիսատեսը զարմանքէն կը քարանայ: Տաղանդաւոր երաժիշտին համար մէկ լարն անգամ բաւարար էր գլուխ գործոցներ նուագելու համար: Անոր ձեռքերու մէջ մէկ ջութակը ամբողջ նուագախումբի կը փոխարինէր:
Ի դէպ, Փականինին զարմանալի ցրուած ու մոռացկոտ անձ մըն էր: Անիկա նոյնիսկ չէր յիշեր ո՞ր թուին ծնած էր ինք, եւ կ՚ըսէր, թէ իր յիշողութիւնը ոչ թէ իր գլուխին, այլ մատներուն մէջ է, երբ ջութակը կը բռնէ: Փականինին կը մահանայ 57 տարեկանին՝ 27 մայիս, 1840-ին, Նիցցայի (Նիս) մէջ: Մահէն քանի մը օր առաջ անոր քահանայ մը կ՚այցելէ, սակայն Փականինին չի կրնար խոստովանիլ իր մեղքերը (ըստ որոշ աղբիւրներու՝ այդ ժամանակ երաժիշտը զրկուած էր խօսելու կարողութենէն, իսկ ըստ ուրիշներու՝ Նիքոլոն քահանային ըսած էր, թէ տակաւին կանուխ է այդ ծէսը կատարելու համար): Եկեղեցականները, որ հերետիկոս հռչակած էին Նիքոլոն, կ՚արգիլեն անոր մարմինը թաղել որեւէ քրիստոնեայ երկիրի մը մէջ: Փականինի աճիւնը աւելի քան տասն անգամ տեղէ-տեղ կը տեղափոխուի:Նիքոլոյին, նախ իր ընկերները, գաղտնի կը թաղեն հայրական տունին մօտ: Եւ միայն 36 տարի անց՝ 1876 թուականին, անոր աճիւնը հանգիստ կը գտնէ. իր որդւոյն՝ Աքիլլեսի ջանքերով, անոր մարմինը քրիստոնէական ծէսի արարողութեամբ, հողին կը յանձնուի Փարմայի գերեզմանատունին մէջ: 1893-ին չեխ ջութակահար Ֆրանթիշէք Օնտրիցէք Փականինիի թոռը՝ Աթիլլան կը համոզէ թոյլ տալ տեսնել Նիքոլոյին մարմինը: Այդ արտասովոր դէպքէն յետոյ՝ 1896 թուականին, հանճարին աճիւնը վերջնականապէս կը վերայուղարկաւորուի Փարմայի նոր գերեզմանատունին մէջ, եւ կը վերականգնուի անոր մեծ փառքը, որ առ այսօր ոչ ոք գերազանցած է: Երկրորդ Փականինի տակաւին չէ ծնած աշխարհի վրայ:
Փականինիի կեանքը այնքան հարուստ էր զարմանալի եւ միաժամանակ ողբերգական իրադարձութիւններով: Ան առասպել մըն էր տակաւին իր ապրած օրերուն: Սակայն այսօր կ՚ուզենք անդրադառնալ ոչ թէ հանճարեղ ջութակահարի գործունէութեան, այլ անոր մեծ սիրոյ պատմութեան:
Սէր, որու մասին քիչ բան յայտնի է… ջութակահարը իր սէրը գաղտնի կը պահէր սիրտին մէջ եւ մէկու մը չէր պատմեր այդ մասին. միայն քանի մը ականատեսներու եւ մտերիմ ընկերներու պատմածներէն ի յայտ եկած է Փոլինայի եւ Փականինիի սիրոյ պատմութիւնը: Մեծարգոյ ջութակահարէն շատեր կը վախնային. կը սարսափէին, երբ բեմ կը բարձրանար նիհար, երկար ու բարակ մատներով այդ տաղանդաւոր երաժիշտը։ Անոր ձեռքերուն մէջ ջութակը թէ՛ կ՚երգէր, թէ՛ կ՚ոռնար, ինչպէս մարդը՝ հոգեկան տառապանքներու ժամանակ։
Իր արտաքինին ու դիւրագրգիռ բնաւորութեան պատճառով շատեր կ՚աշխատէին չմօտենալ իրեն: Այո՛, շատեր կը վախնային անկէ․ շատեր, բայց ո՛չ Փոլինա Պորկեզէն, որ ո՛չ մէկ բանէ եւ ո՛չ մէկէն կը վախնար։ Անիկա, անշուշտ, միակ կինը չէր, որ կը ձգտէր դէպի՝ «սատանան մարմինի մէջ» երաժիշտը…
Բայց, արդեօք բոլոր կանանց փոխադարձ զգացումով կը պատասխանէ՞ր հանճարեղ ջութակահարը, որ մեծ փառքին հետ նաեւ խաղամոլի եւ կնամոլի անուն շահած էր: Հոգեւորականները կը խօսէին անոր եւ չար ուժերու կապի մասին, իսկ կանայք կը խենթանային անոր երաժշտութեան համար։ Սակայն, տաղանդաւոր երաժիշտի ամենաբուռն կապը կնոջ մը հետ կ՚ըլլայ, որ անտարբեր էր մաէսթրոյի երաժշտութեան հանդէպ։ Հռչակաւոր ջութակահարին սիրտը կը գերէ մէկ այլ հռչակաւոր անձնաւորութեան՝ կայսր Նափոլէոն Պոնափարթի գեղեցկուհի քոյրը…. Պայծառ, կրակոտ, կուրացնող գեղեցկութեան տէր այդ կինը նուաճած էր Եւրոպայի ամենաճանչցուած այր մարդոց սիրտերը: Անոր հանդէպ անտարբեր չմնաց նաեւ հանճարեղ ջութակահարը:
Գեղեցկուհին, որուն մարմինը անթերի եւ կատարեալ էր, գրեթէ ոչ մէկը կը մերժէր. զայն՝ երկրի եւ Եւրոպայի ամենաանբարոյ կինը կը համարէին:
Վաղ տարիքէն Մարիա-Փաոլեթթան («ընտանեկան անունով»՝ Փոլինա) աչքի կ՚իյնար դէպի այր մարդիկ ցուցաբերած իր արտակարգ սիրով։ Ճաշակելով մարմնական սէրը պզտիկ տարիքէն, անիկա չէր փորձեր բարեպաշտ երեւնալ… կը սիրէր աղմկալից խրախճանքներ, զուարճանքներ: Փոլինան ամենեւին չէին հետաքրքեր տաղաչափութիւնը, գեղանկարչութիւնը, երաժշտութիւնը, ան լսել անգամ չէր ուզեր կրթութեան մասին եւ իր սիրեկաններուն կ՚արգիլէր իրեն հետ իմաստուն բաներու մասին զրուցել: Սեւամորթ ծառաները Փոլինան ձեռքերու վրայ շալկած կը տանէին լողաւազան։ Ան այնքան համարձակ էր, որ մերկացաւ քանդակագործ Քանովի առջեւ, եւ վերջինս հմայիչ բնորդուհիէն քանդակեց Վեներայի մերկ արձանը, որով յետագային հիացան բոլորը։
Նափոլէոն, որ շատ կը փորձէր կարգի հրաւիրել իր անբարոյ քոյրը, կ՚որոշէ ամուսնացնել անոր զօրավար Շարլ Լեկլէրկին հետ։ Վերջինս՝ անչափ հաւատարիմ ըլլալով Պոնափարթին, կայսեր հրամանով կ՚ամուսնանար նոյնիսկ սատանային հետ։ Իսկ Փոլինան դրական կ՚ընդունի այդ ամուսնութիւնը՝ ոչ մեծ խոչընդոտ մը համարելով իր յետագայ արկածախնդրութիւններու համար։ Երբ Նափոլէոնը Լեկլէրկը Հնդկաստան կը ղրկէ, ամուսնոյն նոր աշխատավայրին մէջ ալ Փոլինան անվերջ կը սիրաբանէ անոր աշխատակիցներուն հետ։
Փոլինայի եւ Շարլի ամուսնութիւնը հինգ տարի կը տեւէ եւ կ՚աւարտի Լեկլէրկի մահով, իսկ 22-ամեայ այրին՝ առանց տխրելու, ուրախութեամբ կը վերադառնայ Փարիզ։
Յաջորդ տարին եղբայրը նոր փեսացու մը կը գտնէ՝ իշխան Քամիլլօ Պորկեզէ, որ շատ յարմար էր Փոլինայի համար. հարուստ էր եւ ազնիւ։ Լաւ գիտնալով Փոլինայի գէշ համբաւը, Պորկեզէն կը գոցէ աչքերը ատոր վրայ, քանի որ իրեն համար աւելի կարեւոր էր իր ապագայ յաջող գործնական ընթացքը՝ որ պիտի ապահովէր այդ ամուսնութիւնը կայսեր քրոջը հետ։ Սակայն, կարճ ժամանակ անց Պորկեզէն, այլեւս չհամակերպելով Փոլինայի ծայրայեղ անբարոյ կենցաղին հետ, խենթացած՝ անամօթ վարքէն, բաւական մեծ կարողութիւն տալով՝ կ՚առաջարկէ իրարմէ զատ-զատ ապրիլ, եւ կինը ապրելու կը ղրկէ դղեակի մը մէջ՝ Թուրին: Ճիշդ այդ ժամանակ՝ 1806 թուականին շքեղ պալատի տիրուհին կը ծանօթանայ տարօրինակ եւ խորհրդաւոր՝ արդէն հանրայայտ Փականինիի հետ։
Անոնք կը հանդիպին Փոլինայի քրոջը՝ Էլիզայի տունը, որու քով Նիքոլոն օրինական կ՚աշխատէր։ (Յետագային Փականինին խոստովանած է որ Էլիզայի հետ նոյնպէս սիրային կապի մէջ եղած է)։ Փականինի, որ անչափ կը սիրէր հարստութիւնն ու շքեղութիւնը, կ՚արձագանգէ Փոլինայի «կանչին»: Ան «Դամասկոսի կարմիր վարդ» կը կոչէ Փոլինան: Անոնք միշտ միասին կ՚ըլլան, սակայն երաժշտութեան հանդէպ անտարբեր կինը կը գերէ միայն ջութակահարի սատանայական արտաքինը։ Իսկ Փականինին, որ աշխարհը կ՚ընկալէր միայն երաժշտութեան միջոցով, կը խենթանայ այդ կնոջ համար. «Ձեր մարմինը՝ ամենակատարեալ երա-ժըշտական գործն է», կ՚ըսէր ան։
Ի պատասխան Փոլինան, որ լուրջ չէր վերաբերեր Փականինիին, կը խնդար. ջութակահարը ընդամէնը մէկն էր իր բազմաթիւ սիրեկաններէն։ Շատ շուտով ան կը լքէ Նիքոլոն եւ կ՚երթայ անոր ընկոջ՝ երաժշտահան Պլանճինիին մօտ։ Իսկ խաբուած եւ ընկերոջ կողմէն դաւաճանուած Փականինին Թոսքանա կը մեկնի։ (Չնայած իր ծայրայեղ անբարոյական կենցաղին՝ Փոլինան հաւատարիմ կը գտնուի եղբօր հանդէպ. ընտանիքէն միայն ան Նափոլէոնի հետ Էլպա կ՚երթայ եւ նիւթապէս կ՚օգնէ անոր)։
Ժամանակ մը վերջ, կը վերահաստատուի հռչակաւոր ջութակահարին կապը «Լա Սքալա»յի երգչուհի Անթոնիա Պիանքային հետ (որուն հետ կապ ունեցած էր նաեւ նախկինին), եւ 1825 թուականին անոնք որդի մը կ՚ունենան՝ Աքիլլես: Աքիլլեսի ծնունդէն մէկ ամիս առաջ, քաղցկեղէն կը մեռնի 45 տարեկան Փոլինան, եւ միայն զաւկին լոյս աշխարհ գալը կ՚ամոքէ Նիքոլոյի անսահման վիշտը, որ Փոլինայի մահը պատճառած էր։ Ջութակահարի նախկին ընկերն ու մրցակիցը անոր կը գրէ. «Յիշե՞ց քեզ, արդեօք, կոմսուհին, Նիքոլօ՛… կը կարծեմ՝ ո՛չ… ան իր նախկին սիրեկաններուն մատներու արանքէն կը նայէր…»:
Երբ Փոլինան մահամերձ կ՚ըլլայ, ամուսինը՝ Քամիլլոն, կը ներէ անոր բոլոր մեղքերը:
Ըստ կտակի, Փոլինան կը թաղեն գոց դագաղով, եւ քովը կը դնեն Քանովի Վեներայի արձանը, որպէսզի բոլորը յիշեն անոր շքեղութիւնն ու գեղեցկութիւնը։
1837-ին Փականինին համերգներ կու տայ Թուրինի մէջ, բայց յաջորդ տարին իր առողջական վիճակը կտրուկ կը վատանայ: 1839-ին, բժիշկներու ցուցմունքով ան կը հաստատուի Մարսէյլ, կարճ ժամանակ յետոյ կը տեղափոխուի Նիցցա:
Կեանքի վերջին օրերուն, ան աննկարագրելի տանջանքներ կը կրէ, եւ բոլորովին կորսնցնելով ձայնը, իր ըսելիքները թուղթի վրայ կը գրէ: Իր վերջին գրութիւնը հետեւեալն է. «Կարմիր վարդեր… Կարմիր վարդեր… Ատոնք գոց կարմիր են եւ, կարծես թէ, վնասակար…»:
Փոլինայի մահէն յետոյ, Նիքոլոն 15 տարի կ՚ապրի, այդպէս ալ չհաշտուելով սիրելիի կողմէն լքուած ըլլալու իրողութեան հետ։ Անոր մարմինը՝ զարդարուած ժամանակի բոլոր կանոններու համաձայն, կը դրուի մեծ դահլիճի մը մէջ: Մարդոց հսկայական բազմութիւն կու գայ հրաժեշտ տալու տաղանդաւոր երաժիշտին, որ վարպետօրէն կը տիրապետէր իր գործիքին:
Իր կտակին մէջ երաժիշտը կը գրէ. «Ես կ՚արգիլեմ ցանկացած հոյակապ յուղարկաւորութիւն: Չեմ ուզեր որ նկարիչները հոգեհանգիստի արարողութիւն կատարեն ինծի համար… Ջութակս կը կտակեմ Ճենովային, որպէսզի յաւերժ հոն պահուի»:
Մահէն առաջ՝ զառանցանքի մէջ, Փականինի դժուարաւ կը շշնջայ «Դամասկոսի Կարմիր Վարդ»ին անունը․․․
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան