«ՓԱԿՈՒՂԻ ՉԿԱՅ…»
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան յայտարարեց, որ փակուղի չի տեսներ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացին մէջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան Հայաստանի խորհրդարանէն ներս զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Յառաջիկայ տարուան պետական պիւտճէի քննարկումներու ներկայ շրջանին ան մամլոյ սպասաւորներու հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ «Մենք թիրախային եւ նպատակաուղղուած կ՚աշխատինք բանակցային գործընթացին մէջ։ Երբեւէ չենք դադրեցուցած եւ ձգձգած գործընթացը։ Վերջին հանդիպումը եղաւ սեպտեմբերին, նախարարներու մակարդակով յաջորդ հանդիպումը պիտի ըլլայ շատ շուտով։ Այս պահուն երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով հանդիպում մը չենք ծրագրեր, բայց ամէն պահ կրնայ ամէն ինչ ըլլալ։ Որեւէ փակուղի չենք տեսներ բանակցութիւններուն մէջ, կը շարունակենք աշխատիլ», ըսաւ Զօհրապ Մնացականեան։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը շեշտեց, որ բանակցութիւններու ժամանակ բովանդակային քննարկման համար կարեւոր է լարուածութեան վտանգներուն նուազիլը։ Մնացականեանի համոզմամբ, անհաւանական է, որ Ատրպէյճանի ատելութեան քաղաքականութիւնը ազդեցութիւն չունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու բովանդակութեան վրայ։ Մնացականեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ վերջին շրջանին՝ ատրպէյճանական զօրքերուն կողմէ բացուած կրակներուն։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Լարուածութեան վտանգներու նուազեցման հարցը մշտապէս կարեւորներու շարքին է։ Կայ բովանդակային մասը եւ կան հարցեր, որոնք կը ձեւաւորեն միջավայրը, որու մէջ կը քննարկուին այդ բովանդակային հարցերը։ Չի կրնար ըլլալ իրավիճակ մը, երբ կը շարունակուի այդ հռետորաբանութեան եւ ատելութեան քաղաքականութիւնը եւ սպասել, որ սա չի կրնար ազդել բովանդակութեան վրայ։ Մենք շատ զգայուն ենք այս հարցին նկատմամբ։ Բացարձակ կարեւոր հարց մըն է հասնիլ իրավիճակի մը, ուր կը բացառուին լարուածութեան վտանգները»։
Անդադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ հանդիպման հաւանականութեան՝ Զօհրապ Մնացականեան ըսաւ, որ պէտք է համապատասխան դաշտը բաւարար չափով ձեւաւորուած ըլլայ, որպէսզի կարելի դառնայ արդիւնքի մը ուղղուած հանդիպում մը կազմակերպել։ Սա բնականոն գործընթաց մըն է։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը՝ Սերկէյ Լաւրով յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Երեւան։ Ռուսական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Լաւրովի Հայաստանի այցելութիւնը նախատեսուած է նոյեմբերի 11-12-ին։ Զօհրապ Մնացականեանն ալ իր վերջին յայտարարութիւններուն մէջ խօսեցաւ Սերկէյ Լաւրովի մօտալուտ այցելութեան շուրջ։ Ան մանրամասնեց, թէ երկկողմանի օրակարգի ինչպիսի հարցեր պիտի քննարկուին Լաւրովի շփումներուն ժամանակ։
«Սա պիտի ըլլայ պաշտօնական այցելութիւն մը մեր ռազմավարական գործընկեր երկրի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ։ Մենք ունինք բաւական աշխոյժ շփումներ, բաւական աշխոյժ երկխօսութիւն եւ մեր օրակարգը բաւական լայն է՝ թէ՛ երկկողմանի հարցերու վերաբերեալ, թէ՛ տարածքաշրջանային եւ թէ համաշխարհային առումով մեր համագործակցութեան վերաբերեալ զանազան հարթութիւններու վրայ։ Մենք ունինք տարածքաշրջանային զանազան զարգացումներ, որոնք ուղղակիօրէն կը վերաբերին մեր օրակարգին եւ այս բոլորը մեր երկխօսութեան առարկան կը համարուի», ըսաւ Մնացականեան։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ
Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ Երեւանի եւ Արցախի իշխանութիւններու պատկերացումները նոյնական են։ Ան այս բանը շեշտեց՝ հերքելով որոշ ժամանակէ մը ի վեր շրջանառութեան մէջ մտած պըն-դումները, ըստ որոնց Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն միջեւ կան հակասութիւններ եւ հակադրութիւններ։ Փաշինեանի խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ կը բացառուին դաւադրութիւնները։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին սահմանի վրայ լարուածութիւնը նուազած է էապէս։ Ըստ վարչապետին, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները թէեւ միշտ վտանգներ կը պարունակեն, սակայն, ընդհանուր առմամբ, այդ վտանգները ներկայիս աւելի չեն՝ երեք կամ հինգ տարի առաջուան բաղդատմամբ։ Լարուածութեան նուազեցումը տեղի ունեցած է Տուշանպէի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ ծաւալուած յայտնի քննարկումներու համատեսքէն ներս։
Բացի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի կացութեան անդրադառնալէ, Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ ալ նկատելի է հետաքրքրական թափ մը։ Այսպէս, լարուածութիւնը ընդհանուր առմամբ շատ աւելի ցած մակարդակի վրայ է, բայց, դժբախտաբար կայ։ «Ցաւօք, մենք այսօր ալ կ՚ունենանք զոհեր։ Ոչ ոք կ՚ըսէ, որ Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորման հասած ենք, բայց միւս կողմէ կը կարծեմ, թէ բանակցային գործընթացին մէջ կայ բաւական հետաքրքրական թափ մը եւ ես լաւատես եմ, թէ ան պիտի զարգանայ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։