ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳԻ ԼՐԱՄՇԱԿՈՒՄ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան իր հերթական ժողովը գումարեց Գումգաբուի մէջ։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցած նիստին ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպուած խորհրդակցութեան, որուն մասնակցած էին տեղական ընտրական մարմիններու պատասխանատուները։ Նախաձեռնարկ մարմնի կողմէ հրապարակուած վերջին պաշտօնական զեկոյցի եւ շրջաբերականի բովանդակութիւնը մանրամասնօրէն խոշորացոյցի տակ առնուած էր այդ խորհրդակցութեան ժամանակ։ Ֆէրիգիւղի մէջ ծաւալուած աշխատանքի արդիւնքներու լոյսին տակ Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ վերջնականօրէն յստակեցուց կարգ մը հանգամանքները։ Երէկուան ժողովէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեան համայնքային մամուլը տեղեակ պահեց այդ յստակեցուած մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Այսպէս, հետեւեալ կէտերուն շուրջ գոյացած է վերջնական համաձայնութիւն.

Ա- Իւրաքանչիւր պատրիարքական թեկնածու ամէն ընտրատարածքէ ներս պիտի ունենայ երկու դիտորդ։

Բ- Տեղական ընտրական յանձնաժողովի անդամները եւ դիտորդները պիտի քուէարկեն այն ընտրաշրջանին մէջ, ուր քուէարկութեան օրը պաշտօն պիտի կատարեն։ Անոնց քուէները հաշուի պիտի առնուին տուեալ ընտրատեղամասի արդիւնքներու ծիրին մէջ։

Գ- Նախաձեռնարկ մարմնի շրջաբերականէն դուրս թողուած է «քուէատուփի յանձնախումբ»ի հասկացութիւնը։ Ասոր փոխարէն տեղական ընտրական յանձնաժողովները պիտի գործեն եւ քուէարկութեան օրը անհրաժեշտութեան պարագային իրենց կազմը պիտի կարողանան ընդլայնել առ առաւելն հինգ հոգիով։

Դ- Տեղական ընտրական մարմիններու կազմերը պիտի ընդլայնուին տուեալ ընտրատարածքէ ներս արձանագրուած ընտրողներու շարքերէն։

Ե- Պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութեան զուգահեռ հրապարակուած՝ իւրաքանչիւր ընտրատարածքի վիճակած պատգամաւորի թուաքանակի հիման վրայ կարելի է պատգամաւորի պահեստի թեկնածուներ առաջադրել։ Պահեստիներուն թիւը պէտք չէ գերազանցէ տուեալ ընտրաշրջանին վիճակած պատգամաւորի թիւը։

Զ- Աշխարհական պատգամաւորներու ընտրութեան արդիւնքին վերաբերեալ վկայականները պէտք է յանձնուին Նախաձեռնարկ մարմնին՝ տեղական ընտրական մարմնի, տուեալ ընտրատարածքի վաքըֆի ներկայացուցիչին եւ առնուազն մէկ թեկնածուի դիտորդին ընկերակցութեամբ։

Բացի այս կէտերը յստակեցնելէ Նախաձեռնարկ մարմինը որոշած է յառաջիկայ շրջանին պատրիարքական թեկնածուներուն հետ ի մի գալ։ Այս ձեւաչափով հանդիպումի մը կազմակերպման նպատակն է խորհրդակցիլ՝ պատրիարքական թեկնածուներու կողմէ պատրաստուելիք քուէաթերթիկներու, պահարաններու վերաբերեալ մանրամասնութիւններու շուրջ, ձեւաչափի խնդիրներով հանդերձ։ Նոյնաժամանակ թեկնածուներու կարծիքները պիտի առնուին՝ աշխարհական պատգամաւորներու ընտրութիւնը հարթ ձեւով կազմակերպելու կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2019