ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ
ՇԱՏ ԱՐԴԱՐ ՄԻ՛ ԸԼԼԱՐ
Հարցում. Ի՞նչ է իմատը Գիրքին ըսածին. «Շատ արդար մի՛ ըլլար»:
Պատասխան. Գիրքին ըսածը՝ «խիստ շատ արդար մի՛ ըլլար: Ինքզինքդ չափէ դուրս իմաստուն մի՛ կարծեր» (Ժղ 7.16), չի՛ նշանակեր, որ մարդ հոգեւորապէս պէտք չէ աճի, ինչպէս նաեւ չի՛ նշանակեր, որ կայ վարքագիծ մը, թէ արդարութենէն բարձր ըլլայ՝ որ Աստուած մեզմէ կ՚ուզէ... Այլ կը նշանակէ, որ մարդ իր չափին մէջ ընթանայ, առանց ցատկռտելու աջակողմեան հարուածներուն նման...:
Հոգեւոր մարդը «չափէն աւելին չի՛ ցանկար, այլ՝ կը ցանկայ իմաստուն ըլլալու» (Հմմտ. Հռ 12.3), ինչպէս նաեւ չափազանցութեամբ չ՚ընթանար, այլ՝ աստիճան առ աստիճան մինչեւ հասնի, որովհետեւ սատանային համար աւելի դիւրին բան չկայ քան աջակողմեան հարուածներով հարուածելը, որ մարդս կը մղէ այնպիսի աստիճանի մը, որ իր հոգեւոր ըլլալու հանգամնքը չի՛ կրնար տոկալ, ու չի՛ շարունակեր իր ընթացքը եւ տրտմութեան ու յուսախաբութեան մէջ կ՚իյնայ: Տակաւին, երբ քիչ կը գործադրէ իր [հոգեւոր] պարտաւորութիւնները, հպարտութեան մէջ կ՚իյնայ եւ ուրիշները դատելու, ինչպէս նաեւ տրտնջալու իր խոստովանահօր մօտ, այնպէս մը, որ կարծես թէ ան [խոստովանահայրը] իր կատարեալ ըլլալը չուզէր:
Հետեւաբար, դուն քու աչքիդ իմաստուն մի՛ ըլլար: Չափազանց իմաստուն մի՛ ըլլար: Հանդարտ ընթացիր, համբերութեամբ՝ առանց ցատկումներու, որոնք պիտի չկարենաս շարունակել ու հոգեպէս պիտի նեղեն քեզ:
ՍԱՄՓՍՈՆՆ ՈՒ ՍՈՂՈՄՈՆԸ ՓՐԿՈՒԵՑԱ՞Ն
Հարցում. Մենք գիտենք թէ Սամփսոնը մեղանչեց, ուխտը դրժեց, շնորհքը լքեց զինք եւ որպէս գերի տարուեցաւ (Դտ 16): Գիտենք նաեւ, որ Սողոմոնին կիները գայթակղեցուցին զինք, անոնց չաստուածներուն բլուրներուն վրայ տաճարներ կառուցեց, չպահեց Տիրոջ ուխտը, որով Տէրը պատռեց անոր թագաւորութիւնը (Գ.Թգ 11):
Սամփսոնը փրկուեցա՞ւ: Սողոմոնը փրկուեցա՞ւ: Ի՞նչ է ապացոյցը:
Պատասխան. Կասկած չկայ, որ Սամփսոնը փրկուեցաւ ու Տէրը ընդունեց անոր զղջումը...
Ատոր փաստը այն է, որ իր կեանքին վերջաւորութեան Տէրը լսեց անոր, եւ անոր միջոցով մե՜ծ յաղթութիւն մը իրագործեց, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին այդպէս չէր ըրած (Դտ 16.30): Սակայն ամենէն մեծ փաստը Սամփսոնի փրկութեան այն է, որ Սուրբ Պօղոս Առաքեալը զինք հաւատքի մարդոց շարքին մէջ դասած է, Դաւիթի, Սամուէլի ու մարգարէներուն հետ (Եբր 11.32):
Կը կարծեմ, որ Սողմոնն ալ փրկուեցաւ, եւ Տէրը անոր ալ զղջումը ընդունեց...
Անոր զղջումի նշաններէն է՝ Ժողովողի գիրքին գրութիւնը, որու մէջ ապաշխարող հոգիի մը արգասիքը կ՚երեւայ ամէն ինչի մէջ: Սակայն անոր փրկութեան ամենէն մեծ փաստը Տիրոջ խոստումն է Դաւիթին անոր մասին, երբ ըսաւ անոր. «...Քեզմէ ետք քու երանքէդ ելլող զաւակդ պիտի բարձրացնեմ ու անոր թագաւորութիւնը պիտի հաստատեմ: Անիկա Իմ Անուանս տուն պիտի շինէ ու Անոր թագաւորութեան աթոռը յաւիտեան պիտի կանգնեմ. Ես անոր հայր պիտի ըլլամ ու անիկա ինծի որդի պիտի ըլլայ: Եթէ անիկա անիրաւութիւն ընէ, ես զանիկա մարդոց գաւազանովն ու մարդոց հարուածներովը պիտի պատժեմ. բայց Իմ ողորմութիւնս անկէ պիտի չվերցնեմ, ինչպէս Սաւուղէն վերցուցի ու զանիկա քու առջեւէդ վռնտեցի» (Բ.Թգ 7.12-15):
Նախադասութիւնը, թէ՝ «եթէ անիրաւութիւն ընէ՝ պիտի պատժեմ..., բայց Իմ ողորմութիւնս անկէ պիտի չվերցնեմ», առանց կասկածի փաստ մըն է, թէ Տէրը ընդունած Սողոմոնի զղջումը ու փրկած է զինք:
ՈՎ ԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ Կ՚ԱՒԵԼՆԱՅ, ՏԽՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱԼ Կ՚ԱՒԵԼՆԱՅ
Հարցում. Գիրքը արդեօք դէմ կը կենա՞յ գիտութեամբ եւ գիտելիքներով աճելուն, երբ կ՚ըսէ՝ «շատ իմաստութեան մէջ շատ տրտմութիւն կայ» (Ժղ 1.18):
Պատասխան. Գիրքը նկատի ունի վնասակար գիտելիքները, որոնք մարդուն միտքը կը յոգնեցնեն:
Գիտելիքներ կան, որոնք մարդը գիտէ՝ որոնք սակայն իրեն ցանկութիւններ եւ հոգեւոր պատերազմներ կը բերեն, որով կ՚ըսէ՝ երանի՜ գիտցած չըլլայի: Տակաւին, ընթերցանութիւններ եւ գիտելիքներ կան, որոնք մարդուն մօտ կասկած կը յառաջացնեն, եւ թերեւս կ՚ազդեն իր հաւատքին վրայ: Տակաւին գիտելիքներ ալ կան, որոնք թերեւս գիտէ, որոնք կ՚ազդեն ուրիշները սիրելուն իր վարքագիծին վրայ, կամ կը մղէ զինք՝ որ դատապարտէ զանոնք: Այս բոլորին պարագային կ՚ըսէ, երանի՜ այդ բոլորը չգիտնայի:
Այդ պատճառով, պէտք է զսպանակիչ մը ըլլայ մարդուն գիտելիքներուն եւ ընթերցանութիւններուն համար...
Ամէն բան չէ, որ բոլոր մարդիկը պէտք է գիտնան: Որոշակի գիտելիքներ կան, որ մարդուն աչքերը կը բանան այնպիսի բաներու, որ իր շահին համար չէ զանոնք գիտնալը՝ որոշ տարիքի մը, կամ հոգեկան որոշ պարագային մը, կամ հոգեպէս ու մտապէս աճած չեղած ժամանակ, եւ այլն:
Ասոր եւ ասոր նմաններուն համար Իմաստունը ըսաւ, թէ՝ «ով որ իմաստութեամբ կ՚աւելնայ, տխրութեամբ ալ կ՚աւելնայ»:
Մինչ մնացած իւս օգտակար բաներու պարագային, գիտութեան դուռը բոլորին առջեւ բաց է...:
ՔԻՉ ՄԸ ԳԻՆԻ
Հարցում. Սուրբ Գիրքին մէջ կա՞յ համար մը, որ կ՚ըսէ թէ՝ «քիչ մը գինին ստամոքսին համար լաւ է»: Եւ արդեօք այս համարը կը քաջալերէ՞ գինի խմելը:
Պատասխան. Սուրբ Գիրքին մէջ չկայ ո՛չ մէկ համար այս տառադարձուած տրամաբանութեամբ, որ մարդոց մօտ լայն կերպով տարածուած է:
Ինչ որ պատահեցաւ այն է, որ Տիմոթէոս Երեցը՝ Սուրբ Պօղոս Առաքեալին աշակերտը, իր մարսողական համակարգին հետ կապուած խնդիրներ ունէր, եւ ըսուած է նաեւ, որ ջրգողութեամբ կը տառապէր: Առաքեալը անոր կը թելադրէ, որ շատ ջուր չխմէ, այլ՝ որպէս յատուկ դեղ իր վիճակին, քիչ մը գինի խմէ: Այսպէս, ան կ՚ըսէ.
«Ասկէ ետք պարզ ջուր մի՛ խմեր, այլ քիչ մը գինի խառնէ՝ ստամոքսիդ համար, քանի յաճախակիօրէն կը հիւանդանաս» (Ա. Տմ 5.23):
Այստեղ կը նկատենք, որ յատուկ պարագայով հիւանդ մը ունինք, որ յատուկ հիւանդութիւն մը ունի, յատուկ բուժումի կը կարօտի, որ կը յարմարի իր վիճակին... ժամանակ մը, երբ դեղագործութիւնը տակաւին չէր հասած այն աստիճանի բարձրութեան ու գիտութեան՝ ինչին այսօր հասած է մեր ներկայ դարուն: Այդ ժամանակներուն գինին որպէս բուժում կ՚օգտագործուէր:
Հետեւաբար, Սուրբ Գիրքը ընդհանուր յայտարարութիւն մը չէ ըրած, թէ քիչ մը գինին՝ լաւ է ստամոքսին: Այլ՝ Առաքեալը բուժում մը առաջարակած է յատուկ պարագայի մը:
Եթէ Տիմոթէոսի նոյն վիճակին մէջ ես, եւ նոյն անոր ապրած դարաշրջանը, այս առաջարկը օգտակար կ՚ըլլար քեզի եւս: Սակայն, հիմա, եթէ նոյնիսկ Սուրբ Տիմոթէոսի նոյն հիւանդութիւնները ունիս, ապա բժշկութիւնը, դեղագիտութիւնը քեզի կ՚առաջարկեն այն բոլոր դեղերը, որոնց ներկայ գիտութիւնը հասած է:
Բարի Սամարացիի պատմութեան մէջ կը նկատենք, թէ երբ ան վիրաւոր մարդ մը տեսաւ ճամբուն մէջտեղը՝ «մօտեցաւ եւ վէրքերը փաթթեց՝ անոնց վրայ ձէթ եւ գինի դնելով» (Ղկ 10.34): Գինիին մէջ եղած ալքոհոլը կ՚օգտագործուէր վէրք մը սպիացնելու համար, եւ կ՚արգիլէր արիւնահոսութիւնը:
Ուստի, Սուրբ Տիմոթէոսին ուղղուած խրատէն կը հասկնանք այն, որ՝
Գինին որպէս բուժում առաջարկուեցաւ, -եւ ո՛չ թէ որպէս տրամադրութիւն-, եւ յատուկ վիճակի մը համար...
Հարցը խիղճի հարց է: Արդեօք բոլոր անոնք որոնք ներկայիս գինի կ՚օգտագործեն, զայն կը խմեն մի միայն որպէս դեղ, որ տուեալ պարագային համար օգուտ է, եւ բացի ատկէ ուրիշ օգտակար բուժում չկա՞յ: Գինին, որպէս դեղ խմելու մասին կը խօսինք:
Իսկ գինիին հարցը մանրամասնութեամբ, այս հարցումին տակ չի՛ մտներ:
ՊՕՂՈՍԻՆ ԿՈՉՈՒՄԸ
Հարցում. Ձերդ Սրբութիւն, նշեցիք թէ Պօղոս Առաքեալը Երրորդութեան կողմէ իր կոչումը ստացաւ, իւրաքանչիւր Դէմքէ՝ առանձինն: Գիտելի է, որ Որդին կոչեց զինք (Գրծ 9)-ին մէջ, Սուրբ Հոգին՝ (Գրծ 13.2)-ին մէջ: Սակայն Սուրբ Գիրքին մէջ ո՞ւր է Հօր կոչումը անոր:
Պատասխան. Գաղատացիներուն ուղղուած նամակին 1.15-16-ին մէջ է, ուր կ՚ըսէ. «Բայց Աստուած, որ ծնելէս իսկ առաջ զիս ընտրած եւ Իր շնորհքովը զիս այս պաշտօնին կոչած էր, երբ կամեցաւ Իր Որդին յայտնել ինծի՝ որպէսզի բոլոր ազգերուն քարոզեմ...»։
ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024