ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԲՈՂՈՔ

Հայաստանի Հանրապետութան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ հայկական հարցի վերաբերեալ վերջին օրերու իրադարձութիւններուն շուրջ։ Երեւան այս յայտարարութիւնով, ըստ էութեան, բողոք յայտնած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ վերջերս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն դէմ։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Թուրքիա կը շարունակէ սպառնալիք հանդիսանալ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան դէմ։

«Թուրքիա պէտք է վերանայի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի դէմ իր ներկայ թշնամական քաղաքականութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ եւ շեշտուած է, որ այս ուղղութեամբ առաջին քայլ մը կրնայ ըլլալ տարածքաշրջանային սպառնալիքներու նուազեցումը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2019