ՀԱՅՈՑ ԳԱՆՁԱՐԱՆԸ…

​Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ան­ցեալ Հինգ­շաբ­թի կա­յա­ցած Սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան առ­թիւ ան­նա­խա­դէպ ի­րա­դար­ձու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ՝ Հա­յոց գան­ձա­րա­նի բազ­մա­թիւ մա­սունք­նե­րէն այդ օ­րը դուրս բե­րուե­ցան տասն­չորս սրբու­թիւն­ներ, ո­րոնք դա­րեր շա­րու­նակ ի­րենց սուրբ խոր­հուր­դով մաս­նա­կից ե­ղած են հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան ու ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հե­րուն: Հա­ւա­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը միշտ ակ­նա­ծանք ու եր­կիւ­ղա­ծու­թիւն ու­նե­ցած է սրբու­թիւն­նե­րու հան­դէպ եւ ա­հա­ւա­սիկ, Մայր Ա­թո­ռի շրջա­փա­կին մէջ, 23 Ապ­րի­լին, բա­ցօ­թեայ խո­րա­նի առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած Սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ դուրս բե­րուած ու մէկ­տե­ղուած տես­նել տասնը­չորս սրբու­թիւն: Այդ մա­սուն­քա­պահ սրբու­թիւն­նե­րը բա­ցի սրբու­թիւն­ներ ըլ­լա­լէն, հայ ա­րուես­տի անկրկ­նե­լի նմոյշ­ներ են, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իր ինք­նա­տիպ պատ­մու­թիւ­նը: 

ՍՈՒՐԲ ԳԵ­ՂԱՐԴ

Ա­րա­րո­ղու­թեա­ն դուրս բե­րուած է Հա­յոց գան­ձա­րա­նի ա­մե­նան­շա­նա­ւոր սրբու­թիւն­նե­րէն Սուրբ Գե­ղար­դը։ Սուրբ Գե­ղար­դը այն նի­զա­կի ծայրն է, ո­րով հռո­մէա­ցի զինուո­րը խա­չի վրայ խո­ցած է Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սը: Գե­ղար­դը մօ­տա­ւո­րա­պես 15 սմ. եր­կա­րու­թեամբ տա­փակ կամ ե­ռա­նիստ եր­կա­թէ տէգ է, ո­ր, փայ­տի ծայ­րին ամ­րացուե­լով, ծա­ռա­յած է որ­պէս խո­ցող զէնք։

Հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, Տէ­րու­նի այս սրբու­թիւնը ա­ռա­ջին դա­րուն Հա­յոց աշ­խարհ բե­րած է Քրիս­տո­սի տաս­ներ­կու ա­շա­կերտ­նե­րէն Ս. Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լը: Աս­տուա­ծա­մուխ Սուրբ Գե­ղար­դը կը նկա­տուի հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան սրբու­թիւն, որ դա­րեր շա­րու­նակ պա­հուած է պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի տար­բեր վան­քե­րու մէջ, իսկ 13-րդ դա­րէն սկսեալ՝ հինգ­հա­րիւր տա­րի ան պա­հուած է Այ­րի­վան­քի մէջ, ո­ր հե­տա­գա­յին ի պա­տիւ Ս. Գե­ղար­դի, վե­րա­նուա­նուած է Գե­ղար­դա­վանք: 18-րդ դա­րու երկ­րորդ կի­սուն Ս. Գե­ղար­դը բե­րուած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին եւ մինչ օրս կը պա­հուի հա­մայն հա­յու­թեան հո­գե­ւոր կեդ­րո­նին մէջ: Սուրբ Գե­ղար­դը նաեւ սրբա­լոյս միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ե­րեք սրբու­թիւն­նե­րէն մէկն է: Յի­շա­տա­կու­թիւն­ներ կան, ըստ ո­րոնց, Հա­յաս­տա­նի կամ դրա­ցի եր­կիր­նե­րու մէջ օգտուած են Սուրբ Գե­ղար­դէն՝ եր­կի­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը օրհ­նե­լու, պա­տե­րազ­մէ, ա­ղէտ­նե­րէ ա­զա­տե­լու հա­մար։

ԳԵ­ՂԱՐ­ԴԻ ԱՐ­ԾԱ­ԹԱ­ՁՈՅԼ ՄԱՍ­ՆԱ­ՏՈՒ­ՓԸ

1687 թուա­կա­նին պատ­րաս­տած է Պռո­շեան իշ­խա­նա­տան յետ­նորդ Դա­ւիթ Եպիս­կո­պո­սը։

ՍՈՒՐԲ ԳՐԻ­ԳՈՐ ԼՈՒ­ՍԱ­ՒՈՐ­ՉԻ ԱՋ

Լու­սա­ւոր­չի Ա­ջը կը նկա­տուի Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տի հո­գե­ւոր բարձ­րա­գոյն իշ­խա­նու­թեան խորհր­դա­նի­շը: Լու­սա­ւոր­չի ա­ջը, ինչ­պէս յայտ­նի է՝ Գրի­գոր Ա. Լու­սա­ւոր­չի աջ ձեռ­քի սուրբ մա­սունք­ներն են, ո­րոնք 5-րդ դա­րուն ամ­փո­փուած են բազ­կի եւ մատ­նե­րու ձեւ ու­նե­ցող ար­ծա­թա­զօծ պա­տեա­նի մէջ՝ Ա­ջի մէջ:

Ար­ծա­թեայ ոս­կե­զօծ նոր մա­սուն­քա­րա­նը պատ­րաս­տուած է 1657 թուա­կա­նին: Լու­սա­ւոր­չի Ա­ջը Սուրբ Գե­ղար­դի հետ սրբա­լոյս միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ե­րեք սրբու­թիւն­նե­րէն մէկն է: Միւ­ռո­նի միւս սրբու­թիւնն է Կե­նաց Փայ­տով խաչ-մա­սուն­քա­րա­նը:

ԿԵ­ՆԱՑ ՓԱՅ­ՏՈՎ ԽԱՉ-ՄԱ­ՍՈՒՆ­ՔԱ­ՐԱՆ

Հե­տաքրք­րա­կան է նաեւ 1651 թուա­կա­նին պատ­րաս­տուած խաչ-մա­սուն­քա­րա­նի պատ­մու­թիւ­նը. ա­նոր մէջ, ըստ ա­ւան­դու­թեան, զե­տե­ղուած է Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի կեն­սա­տու խա­չա­փայ­տէն փոք­րիկ կտոր մը: Ան նոյն­պէս Սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ դուրս բե­րուած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն:

ՍԿԵՒ­ՌԱ­ՅԻ ՄԱ­ՍԱՆՑ ՊԱ­ՀԱ­ՐԱ­ՆԻ ԿՐԿՆՕ­ՐԻ­ՆԱԿ

Հայ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րուես­տի ան­գին գո­հար­նե­րէն է Կի­լի­կեան Հա­յաս­տա­նի մէջ 1293 թուա­կա­նին պատ­րաս­տուած Սկեւ­ռա­յի մա­սանց պա­հա­րա­նը, ո­ր կը պա­հուի Սէն Փե­թերս­պուր­կի Պե­տա­կան թան­գա­րա­նին մէջ: Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ հո­գա­բար­ձու­թեամբ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի Հա­յոց Թե­մի, 2014 թուա­կա­նին պատ­րաս­տուած է այդ մա­սանց պա­հա­րա­նի կրկնօ­րի­նա­կը, ո­րուն մէջ ամ­փո­փուած են բուն պա­հա­րա­նէն հա­նուած եւ 2000 թուա­կա­նին հա­յոց ե­կե­ղե­ցիին յանձ­նուած տաս­նութ սուր­բե­րու (Ս. Պօ­ղոս, Պետ­րոս, Թա­դէոս, Բար­թողի­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րու, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի, Յա­կոբ Մծբնայ Հայ­րա­պե­տի, Յով­հան Ոս­կե­բե­րա­նի, Ս. Կա­տա­րի­նէի եւ այ­լոց) մա­սունք­նե­րը:

ԱՋ Ս. ՍՏԵ­ՓԱ­ՆՈՍ ՆԱ­ԽԱ­ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱ­ԳԻ ՄԱ­ՍՈՒՆ­ՔՈՎ

Սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեա­ն դուրս բերուած է նաեւ ԺԷ.-ԺԸ. դա­րե­րուն թուագ­րուող ար­ծա­թեայ ա­ջա­ձեւ մա­սուն­քա­րան մը՝ աջ Ս. Ստե­փա­նոս Նա­խա­սար­կա­ւա­գի մա­սուն­քով, ո­րուն մէջ ամ­փո­փուած է քրիս­տո­նեայ ա­ռա­ջին նա­հա­տակ Ս. Ստե­փա­նոս Նա­խա­սար­կա­ւա­գի մա­սուն­քը:

ԱՋ Ս. ՀՌԻՓ­ՍԻ­ՄԷ ԿՈՅ­ՍԻ ՄԱ­ՍՈՒՆ­ՔՈՎ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի սրբու­թիւն­նե­րէն է ար­ծա­թեայ ոս­կե­զօծ ա­ջա­ձեւ մա­սուն­քա­րան մը եւս, ո­րուն մէջ ամ­փո­փուած է Ս. Հռիփ­սի­մէ կոյ­սի մա­սուն­քը: Մա­սուն­քա­րա­նը թուագ­րուած է ԺԷ.-ԺԸ. դա­րե­րուն: Ան նոյն­պէս մաս կազ­մած է Սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեա­ն դուրս բե­րուած սրբու­թիւն­նե­րուն:

ԱՋ Ս. Ա­ՆԱ­ՆԻԱ Ա­ՌԱ­ՔԵԱ­ԼԻ ՄԱ­ՍՈՒՆ­ՔՈՎ

ԺԷ. դա­րուն պատ­րաս­տուած ար­ծա­թեայ ոս­կե­զօծ ա­ջա­ձեւ մա­սուն­քա­րա­նին մէջ զե­տե­ղուած է Ս. Ա­նա­նիա ա­ռա­քեա­լի մա­սուն­քը: Սուրբ Ա­նա­նիան Յի­սուս Քրիս­տո­սի եօ­թա­նա­սուն ա­շա­կերտ­նե­րէն մին է, որ ձեռ­նադ­րուած է Դա­մաս­կո­սի Պետ­րոս Ե­պիս­կո­պո­սի ձեռ­քով:

ԱՋ Ս. ՍԱ­ՀԱԿ ՊԱՐ­ԹԵՒ ՀԱՅ­ՐԱ­ՊԵ­ՏԻ ՄԱ­ՍՈՒՆ­ՔՈՎ

ԺԷ.-ԺԸ. դա­րե­րուն թուագ­րուող ար­ծա­թեայ ա­ջա­ձեւ մա­սուն­քա­րա­նին մէջ ամ­փո­փուած է Ս. Սա­հակ Ա. Պար­թեւ հա­յոց հայ­րա­պե­տի մա­սուն­քը: Ս. Սա­հա­կի ա­ջը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին բե­րուած է Լիմ ա­նա­պա­տէն:

ԱՋ Ս. ՍԱՐ­ԳԻՍ ԶՕ­ՐԱ­ՎԱ­ՐԻ ՄԱ­ՍՈՒՆ­ՔՈՎ

Այս ա­ջա­ձեւ մա­սուն­քա­րա­նը պատ­րաստուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ 2008 թուա­կա­նին (ար­ծա­թա­գործ՝ Մա­մի­կոն Մխի­թա­րեան): Մա­սուն­քա­րա­նին մէջ զե­տե­ղուած են Ս. Սար­գիս զօ­րա­վա­րի մա­սունք­նե­րը, ո­րոնք յայտ­նաբերուած էին Ու­շիի Ս. Սար­գիս ե­կե­ղե­ցի-վկա­յա­րա­նի պե­ղում­նե­րու ժա­մա­նակ:

ԱՋ Ս. ԳԷՈՈՐԳ ԶՕ­ՐԱ­ՎԱ­ՐԻ ՄԱ­ՍՈՒՆ­ՔՈՎ

1928 թուա­կա­նին Կալ­կա­թա­յի մէջ պատ­րաս­տուած ա­ջա­ձեւ մա­սուն­քա­րա­նին մեջ ամ­փո­փուած է Ս. Գէորգ զօ­րա­վա­րի մա­սուն­քը: Ա­ջը պատ­րաս­տուած է ար­ծա­թէ եւ ա­պա՝ ոս­կե­զօ­ծուած է:

ԽԱՉ-ՄԱ­ՍՈՒՆ­ՔԱ­ՐԱՆ Ս. ԹԱ­ԴԷՈՍ ԵՒ Ս. ՍԱՆ­ԴՈՒԽՏ ԿՈՅ­ՍԻ ՄԱ­ՍՈՒՆՔ­ՆԵ­ՐՈՎ

ԺԸ. դա­րուն պատ­րաս­տուած խաչ-մա­սուն­քա­րա­նի մէջ ամ­փո­փուած են հա­յոց ա­ռա­ջին լու­սա­ւո­րիչ­նե­րէն Ս. Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լի եւ ա­ռա­ջին հայ նա­հա­տակ Ս. Սան­դուխտ ար­քա­յադս­տեր մա­սունք­նե­րը:

ԽԱՉ-ՄԱ­ՍՈՒՆ­ՔԱ­ՐԱՆ Ս. ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ ՄԿՐՏՉԻ ՄԱ­ՍՈՒՆ­ՔՈՎ

Կի­լի­կեան Հա­յաս­տա­նի մէջ ստեղծ­ուած եւ ԺԴ. դա­րով թուագ­րուող խաչ-մա­սուն­քա­րա­նին մէջ ամ­փո­փուած է Ս. Յով­հան­նէս Մկրտչի մա­սուն­քը:

ՄԱ­ՍՈՒՆ­ՔԱ­ՐԱՆ Ս. ԳՐԻ­ԳՈՐ ՆԱ­ՐԵ­ԿԱ­ՑԻԻ ԵՒ ԱՅԼ ՍՐԲՈՑ ՄԱ­ՍՈՒՆՔ­ՆԵ­ՐՈՎ

ԺԹ. դա­րով թուագ­րուող ու­թան­կիւն աստ­ղա­ձեւ մա­սուն­քա­րա­նին մէջ ամ­փո­փուած են Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի եւ հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան քա­նի մը սուր­բե­րու մա­սունք­ներ: Մա­սուն­քա­րանը Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին յանձ­նուած է 2012 թուա­կա­նին:

ԶԷՅ­ԹՈՒ­ՆԻ Ա­ՒԵ­ՏԱ­ՐԱՆ

Զէյ­թու­նի նշա­նա­ւոր Ա­ւե­տա­րա­նը Մաշ­տո­ցեան մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ պա­հուող բա­զում գան­ձե­րէն մէկն է, ո­ր, ինչ­պէս յայտ­նի է, ծաղ­կած է կի­լի­կեան դպրո­ցի նշա­նա­ւոր ման­րան­կա­րիչ եւ ծաղ­կող Թո­րոս Ռոս­լի­ն՝ 1256 թուա­կա­նին՝ Հռոմկ­լա­յի մէջ: Ձե­ռագ­րի պատուի­րա­տուն եւ ստա­ցո­ղը Կոս­տան­դին Ա. Բարձր­բերդ­ցի Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոսն է: Ս. Ա­ւե­տա­րա­նը Մա­տե­նա­դա­րա­նին նուի­րած է Վազ­գէն Ա Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը:

Վե­րոն­շեալ տասն­չորս սրբու­թիւն­ներն էին, որ մաս կազ­մած էին Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւն­նե­րով կա­տա­րուած Սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեա­ն:

ԱՅԼ ՍՐԲՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ՝ ԹԱՆ­ԳԱ­ՐԱ­ՆԻՆ ՄԷՋ

Մենք նկա­րագ­րե­ցինք Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ հա­յոց գան­ձա­րա­նի սրբու­թիւն­նե­րէն միայն տասն­չոր­սը, ո­րոնց ձգած սրբա­գոյն խոր­հուր­դը տա­կա­ւին թարմ է հա­ւա­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դի հո­գի­նե­րուն մէջ: Բայց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի թան­գա­րա­նին մէջ կը պա­հուին այլ սրբա­զան մա­սունք­ներ եւ կրօ­նա­կան ա­րուես­տի յա­տուկ նմոյշ­ներ եւս, ո­րոնք ցու­ցադ­րու­թեան դրուած են հա­մայն աշ­խար­հի հա­մար, եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­մա­ծին այ­ցե­լող հա­զա­րա­ւոր օ­տա­րերկ­րա­ցի­ներ հիաց­մուն­քով եւ խո­րին ակ­նա­ծան­քով կը դի­տէին հա­յոց գան­ձա­րա­նի գան­ձե­րը:

 Թան­գա­րա­նին մէջ կան բազ­մա­թիւ մաս­նա­տու­փեր: Ժա­մա­նա­կին ար­հես­տա­ւոր վար­պետ­նե­րը նշխար­նե­րը պա­հե­լու հա­մար մաս­նա­ւոր մաս­նա­տու­փեր պատ­րաս­տե­լու ա­ւան­դոյթ մը ու­նէին: Այդ տու­փե­րը կը պատ­րաս­տէին զա­նա­զան ար­հես­տա­ւոր­ներ, վար­պետ­ներ: Մաս­նա­տու­փե­րը եր­բեմն կը գոր­ծա­ծուէին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ար­դէն եր­կար ժա­մա­նակ պա­հուած մա­սուն­քը ամ­փո­փե­լու հա­մար, իսկ ա­ւե­լի յա­ճախ կը պատ­րաս­տուէին եւ յե­տոյ միայն կ՚ո­րո­շուէր, թէ ինչ մա­սունք պի­տի պա­հուի այն­տեղ: Թան­գա­րա­նին մէջ պա­հուող գան­ձե­րէն է նաեւ Նոյ­եան Տա­պա­նի մա­սուն­քը, որ ամ­փո­փած է 1698 թուա­կա­նին պատ­րաստուած մաս­նա­տու­փի մէջ, Ա­նիի Յով­հան­նէս-Սմբատ ար­քա­յի՝ լեռ­նա­յին բիւ­րե­ղէ պատ­րաս­տուած խա­չը, Ա­շոտ Գ. Եր­կաթ թա­գա­ւո­րին խա­չը, Հա­ւուց Թառ ե­կե­ղեցւոյ Ա­մե­նափր­կի­չը, Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի խոյ­րը, Ստե­փա­նոս Լե­հա­ցիի, Վարդ­գէս Սու­րե­նեան­ցի կտաւ­նե­րը եւ ա­րուես­տի այլ ար­ժէ­քա­ւոր նմոյշ­ներ: Թան­գա­րա­նին մէջ նաեւ ցու­ցադ­րու­թեան դրուած են հայ­րա­պե­տա­կան եւ վար­դա­պե­տա­կան հե­տաքրք­րա­կան գա­ւա­զան­ներ, Կո­մի­տա­սի թա­գը, Խրի­մեան Հայ­րիկ Կա­թո­ղի­կո­սի շուր­ջա­ռը եւ մե­տաք­սեայ հան­դերձ մը՝ ա­սեղ­նա­գոր­ծուած Չի­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի կող­մէ, զո­ր կը կրեն նոր ընտ­րուած կա­թո­ղի­կոս­նե­րը ի­րենց ա­ռա­ջին հայ­րա­պե­տա­կան Սուրբ Պա­տա­րա­գի ժա­մա­նակ: Թան­գա­րա­նի նշա­նա­ւոր ցու­ցան­մոյշ­նե­րէն է Սուրբ Միւ­ռո­նի ար­ծա­թեայ կաթ­սան, ո­րուն մէջ կը պա­հուի սրբա­լոյս միւ­ռո­նը՝ խորհր­դա­նի­շը Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ միաս­նու­թեան: Թան­գա­րա­նի երկ­րորդ սրա­հին մէջ կը գտնուին բիւ­զան­դա­կան եւ սլա­ւո­նա­կան հիաս­քանչ սրբա­պատ­կեր­ներ, հայ­կա­կան գոր­գեր եւ Յով­նա­թան Յով­նա­թա­նեա­նի (18-րդ դար) կարգ մը իւ­ղան­կար­նե­րը, ո­րոնք կը պատ­կե­րեն Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­րե­ւո­րա­գոյն սուր­բե­րը: Գան­ձա­տան ա­մե­նաու­շագ­րաւ մա­սը վեր­ջին սրահն է, ո­ր կը գտնուի ա­ռա­ջին յար­կի հիւ­սի­սա­յին մա­սը, նե­րառ­նե­լով շուրջ հինգ­հա­րիւր նուէր­ներ, ո­րոնք Վազ­գէն Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին ըն­-ծայուած են իր գա­հա­կա­լու­թեան քա­ռա­սուն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին:

Ցու­ցադ­րուող բո­լոր նմոյշ­նե­րը նաեւ հա­յոց սփիւռ­քի մա­սին կը պատ­մեն, քա­նի որ ա­նոնց­մէ շա­տեր կը ներ­կա­յաց­նեն այն տա­րա­ծքաշր­ջան­նե­րը, ուր­կէ բե­րուած են ա­նոնք: Մայր Ա­թո­ռին ըն­ծա­յուած նմոյշ­նե­րը այս­տեղ հա­սած են աշ­խար­հի տար­բեր թե­մե­րէ, հայ­կա­կան հա­մայք­նե­րէ, ըն­տա­նիք­նե­րէ ու ան­հատ­նե­րէ:

Անց­նող օ­րե­րուն Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ հա­մախմ­բուած բազ­մա­հա­զար հա­յե­րը ցոյց տուին, որ մեր ե­կե­ղե­ցին իր հո­գե­ւոր ու մշա­կու­թա­յին կա­րե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեամբ դա­րե­րէ ի վեր հա­մախմ­բած է աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յե­րը եւ այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կէ այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: Եւ բնաւ պա­տա­հա­կան չէ, որ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը բա­ցի Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր կեդ­րո­նը ըլ­լա­լէ, դար­ձած է հայ ժո­ղո­վուր­դի մշա­կու­թա­յին ար­ժէ­քա­ւոր ու սրբա­զան գո­հար­նե­րու հա­ւա­քա­տե­ղին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015