ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱԳՆԱՊԸ ԵՐԱՆԳ ԿԸ ՓՈԽԷ, ՍԱԿԱՅՆ… ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Լիբանանի մէջ ծաւալած բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին, դառնալով Լիբանանի արդի շրջանի պատմութեան ամենաերկար բողոքի ցոյցերու ալիքը։

Ճիշդ է, որ ցոյցերը այսօրուան կտրուածքով անցեալի ուժգնութիւնը չունին, բայց եւ այնպէս չեն մարած ու որեւէ պահու կրնան վերստին բորբոքիլ։

Լիբանանի մէջ ընթացող զարգացումներուն առընթեր մեզի համար, որպէս մամուլի մարդիկ, աւելի քան կարեւոր է տեղւոյն հայկական համայնքի՝ լիբանանահայութեան ընդհանուր իրավիճակը։ Համայնք մը (մերոնք գաղութ բառը կը նախընտրեն), որ մինչեւ վերջին ամեակները կը համարուէր Մերձաւոր Արեւելքի ամենաշխոյժ, ամենակենսատու եւ ամեանակազմակերպուած համայնքներէն մին։ Անշուշտ այս խօսքը արտասանելով պէտք չէ անպայման հասկնալ, որ մենք Լիբանանի մասին արդէն իսկ կը խօսինք անցեալ եղանակով, սակայն աւելի քան ճշմարտացի է, որ լիբանանահայ գաղութի վիճակը այսօր բաւականին դժուարին եւ բարդութիւններով լի ժամանակ մը կ՚անցընէ ու կասկածէ վեր է, որ եթէ այս ցոյցերը շարունակուին, ապա մենք ականատես պիտի ըլլանք Լիբանանէն արտահոսքի նոր ալիքի մը, որ անշուշտ իր ծանր հետեւանքները պիտի ունենայ վերջին շուրջ 70-80 տարիներուն տարբեր առումներով ալ կեդրոնական դեր եւ դիրք ունեցող հայկական գաղթօճախին վրայ։

Այս բոլորէն անդին, աւելի քան յստակ է, որ Լիբանանի մէջ ալ, յար եւ նման լիբանանցի ժողովուրդին, լիբանանահայերը եւս ունի տարբեր եւ նոյնիսկ հակասական տեսակէտներ։

Կան մարդիկ, որոնք լիարժէք հաւատք ընծայած են այս հաւաքներուն, բողոքի շարժումներուն եւ կան ուրիշներ, որոնք մեծ կասկածներ ունին ցոյցերու էութեան, այդ ցոյցերը կազմակերպող «մութ» կողմերուն եւ այս ալիքի ապագային ու արարքներու ծալքերուն մասին։

Բոլոր տեսակէտներն ալ յարգելի են անշուշտ, որպէսզի կարելի ըլլայ իմ ընթերցողներուն ամբողջական պատկեր մը տալ ներկայ իրադարձութիւններուն մասին, յաջողեցայ կարճ զրոյց մը ծաւալել լիբանանահայ բժիշկ Կոստան Եափուճեանին հետ։ Եափուճեանի տեսակէտով, այսօր Լիբանանի տարածքով ընթացող ցոյցերը «անմեղ» ցոյցեր չեն։ Անմեղ այն իմաստով, որ զուգորդուած են, անոնց ետին կան որոշ ուժեր, որոնք ամէն գնով պիտի փորձեն օգտուիլ այսօրուան իրադարձութիւններէն ու այդպէսով ալ փորձել ջուր լեցնել իրենց ջաղացքներուն։  Անշուշտ ապագայի զարգացումները ցոյց պիտի տան, թէ ինչ պատկեր պիտի ստանայ Լիբանանի ներքին դրութիւնը ու ատով ալ կարելի պիտի ըլլայ հասկնալ, թէ չորս շաբաթէ ի վեր ընթացող ցոյցերը որքանով անկեղծ էին, մաքուր էին, «ներքին արտադրութիւն» էին ու, ամենակարեւորը, որքանով ունէին եւ վեր կը հանէին համալիբանանեան մեկնակէտերն ու մտահոգութիւնները։

ԿԱՐԾԻՔ ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ

Մեր հարցումերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ գործիչ, Տքթ. Կոստան Եափուճեան։

-Նկատած ենք, որ ընդհանրապէս վերապահ էք Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն կապակցութեամբ։ Ի՞նչ է այդ վերապահութեան պատճառը:

-Այո, վերապահ եմ եղած ցոյցերուն հանդէպ: Երբ անձ մը իր կեանքի ընթացքին ցոյցերու առընթեր որոշ փորձառութիւն մը ձեռք կը ձգէ եւ կը հասնի այն եզրակացութեան, թէ այդ ցոյցերը անիմաստ էին, վերապահ կը դառնայ... Այս ցոյցերուն վերապահութիւն ցոյց կու տամ, երկու պատճառով.

Ա.- Որովհետեւ համոզուած եմ, որ ցոյցերը կազմակերպուած են արտաքին ուժերու կողմէ։ Ճիշդ է, կա՛յ ներքին տնտեսական պատճառ, բայց ցոյցի կազմակերպումը արտաքին ուժերու կողմէ է: Այս ցոյցերը շատ արագընթաց ձեւով սկսան, երբ նախագահը ՄԱԿ-ի մէջ յայտարարեց, որ ինք պատրաստ է Սուրիա երթալու, որմէ ետք Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ նոյն բանը յայտարարեց, ապա յանկարծ լիբանանեան թղթոսկիի (լիրայի) հանդէպ ամերիկեան տոլարի սակագնի աճ նկատուեցաւ։ Անկէ ետք դրամատուներու, վառելանիւթի, հացի փուռերու խնդիրներ ծագեցան. եղան անտառներու բռնկում, ուղղաթիռներու հարցով օգնութեան կարիք. յետոյ մէջտեղ եկաւ WhatsApp համակարգէն օգտուողներու վրայ յաւելեալ տուրքեր դնելու մասին յայտարարութիւնները… Այդպէսով ընթացք առաւ բողոքի մեծ եւ անկանխատեսելի շարժումը։ Դէպքերու հերթականութիւնը ցոյց կու տայ, որ հողը պատրաստուած էր, ապա արտաքին ուժերը միջամուխ դարձան, որուն ապացոյցն ալ LBCI-ի տնօրէն Միշել Տահէրի յայտարարութիւնն էր, ուր ան կ՚ըսէր. «Այո, մենք օժանդակութիւն ստացած ենք Սէուտական Արաբիայէն եւ Էմիրութիւններէն, որպէսզի ցոյցերը սփռենք 24 ժամի վար 24 ժամ»։ Նոյնն է պարագան NEWtv եւ MTV-ին, որպէսզի իրավիճակը աւելիով լարեն։ Նոյնպէս բացայայտուեցաւ, որ Քաթարն ալ կ՚օգնէ Թրիփոլիի իսլամական շարժումներուն։ (…)

Բ.- Որովհետեւ ցոյցերը կը միտին խախտել երկրի ներքին իրավիճակը։ Լիբանանը կարծես դարձած ըլլայ անգլիական մեծ Hyde Park մը (Անգլիոյ մէջ Hyde Park-ը, որ ունի քանի մը հարիւր տարուան պատմութիւն, պզտիկ տարածք մըն է, ուր ամէն մարդ ազատօրէն ամէն ինչ կը խօսի, նոյնիսկ թագուհիէն բացի բոլորին կրնայ հայհոյել...), ուր ամէն մէկը բան մը կը խօսի, եւ երբ հարցնես, թէ ի՞նչ է իրենց ուզածնը, կը պատասխանեն՝ ժողովուրդի ուզածն է, իսկ ժողովուրդի ուզածը, բնականաբար, միատեսակ չէ: Եթէ նկատի առնենք Թրիփոլին, ուր մեծաւ մասամբ բնակիչները սիւննիներ են, եւ ուր հրահրողը Քաթարն է, կ՚ըսեն՝ պէտք է տապալենք համակարգը, վաղահաս ընտրութիւններ կ՚ուզեն, որովհետեւ այդպէս յարմար է իրենց: Իսկ քիչ մը վար՝ Շըքքայէն մինչեւ Ժալ ալ Տիպ, ուր կան «լիբանանեան ուժեր»ը, որոնք երբեք պիտի չուզէին որ Լիբանանի տարածքով ընտրութիւններ ըլլան, որովհետեւ քրիստոնեաներու թիւը քիչ է, կը նախընտրեն ունենալ confederal համակարգ եւ ամէն մէկը իր շրջանին իշխէ, սակայն անոնք յեղափոխական են: Աւելի վար՝ Պէյրութի կեդրոնը, իրավիճակը լրիւ տարբեր է, հոն կան ձախակողմեան ուժերը, աւելի շատ երիտասարդ, համալսարականներ, որոնց ուզածը քաղաքացիական պետութեան հիմնում է։ Այստեղ ուրիշ աշխարհ է, մարդիկ «ռոմանթիք» ձեւով յեղափոխութիւն կ՚ուզեն։ Իսկ դէպի հարաւ, ուր կան շիիները, անոնք ալ կ՚ուզեն տապալել Լիբանանի դրամատնային համակարգը, որ կը նկատեն իրենց դժբախտութիւններուն հիմնական աղբիւրը։

Եթէ այս բոլորը նկատի ունենանք, պարզ կը դառնայ, որ աշխատանք կը տարուի հարուածելու Լիբանանը. Լիբանանը հարուածելով կ՚ուզեն հարուածել «Հիզպուլլահ»ը: Եւ քանի որ «Հիզպուլլահ»ը հարուածելը այսօրուայ դրութեամբ դիւրիւն չէ, ո՛չ զինուորական, ո՛չ տնտեսական ճանապարհով, ուրեմն կը ջանան Լիբանանը հարուածել տնտեսական գետնի վրայ: Եթէ վաղը տոլարը յանկարծ 6 հազար լիբանանեան ոսկիի հասնի, կոպիտ ըսած մարդիկ զիրար պիտի յօշոտեն... որովհետեւ այդպէս երկրի անապահով խաւը, մէկ խօսքով, կրնայ մնալ անօթի ու անոնք կրնան հարուստներուն վրայ յարձակիլ...

Այս պատճառներուն համար ես վերապահ եմ։ Վերջ ի վերջոյ հայ եմ, որուն իրաւունքները սահմանափակ են. կրնայ ունենալ նախարար մը եւ 5-6 երեսփոխան: Ճիշդ է, որ հայերը եւս արդար իրաւունք ունին մասնակցելու յեղափոխութիւններուն։ Գիտենք, որ Պարսկաստանի մէջ շահին դէմ եղած յեղափոխութեան առաջին նահատակը հայ մը եղած է, իսկ այսօր Պարսկաստանի մէջ քանի՞ հայ մնացած է, կամ Սուրիոյ յեղափոխութեան մէջ հայեր կային, այսօր քանի՞ հայ մնացած է։ Այս տուեալները զիս կը դարձնեն վերապահ։

-Երբեւէ հաւատացած է՞ք, որ ցոյցերու ճամբով կարելի է Լիբանանի մէջ որեւէ դրական լուծումներու յանգիլ։

-Ես չեմ հաւատար, որ ցոյցերը կրնան անմեղ ըլլալ, մանաւանդ Լիբանանի պարագային։ Չեմ հաւատար նաեւ, որ այս ճանապարհով կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ դրական արդիւնքներու հասնիլ։ Այս ցոյցերն ալ սկսան անմեղութեամբ. առաջին օրը երբ երիտասարդները իջան փողոց, ամէնքս իրենց հետ խանդավառուեցանք, երկրորդ օրը նոյնպէս, սակայն երրորդ օրը, երբ մարդիկ սկսան միջամտել, արդէն ամէն ինչ բացայայտուեցաւ։

-Այսօր ի՞նչ է Լիբանանի ամենամեծ խնդիրը, եւ ուրկէ՞ պէտք է սկսին լուծումներու։

-Այսօր երկրի մեծագոյն խնդիրը փտածութիւնն է, որ կը կրծէ Լիբանանը: Փտածութիւնը տարբեր մաշտապներու կ՚երթայ, վերէն մինչեւ վար, կրնայ սկսիլ նախագահէն՝ մինչեւ վերջին պաշտօնեան, կամ՝ նախարարէն մինչեւ նախարարութեան վերջին սրճեփը, որ կրնայ «գործդ քալեցնել»: Լիբանանի մէջ ապրողը շատ լաւ գիտէ, որ եթէ գործ մը պիտի վերջացնես, աւելի լաւ է այդ փտածութեամբ զբաղուողներուն դիմել, քան ամբողջ օրդ վատնել եւ տեղ չհասնիլ: Սակայն փտածութեան այս հարցը լուծելը ընդհանրապէս կը դիմադրուի, որովհետեւ փտածութեան մեծ դէմքերը պաշտպանուած են իրենց յարանուանական հովանիով։ Հետեւաբար, առաջին հերթին, փտածութեան մաքրագործումը պէտք է սկսի հովանին վերցնելով, եթէ այդ երեւոթները վերանան կը կարծեմ, որ մարդիկ կը սկսին աւելի քիչ փտածութեան մէջ ներքաշուիլ։

-Ի՞նչ կը մտածէք «համայնքային դրութեան» մասին. արդեօք այդ իշխանակարգին վերացումը որեւէ ձեւով վնասակար պիտի ըլլա՞յ լիբանանահայութեան։

-Լիբանանի մէջ «համայնքային դրութիւն»ը պէտք է զարգանայ, եւ ոչ թէ՝ վերանայ, այսինքն, ապակեդրոնացած վարչական ձեւով շրջաններ պէտք է ունենանք, սակայն այս մէկը տարբեր է այն confederal համակարգէն, որուն ջատագովներն ալ կան։ Բայց իմ մատնանշած ձեւով ապակեդրոնացումը կը զարգացնէ շրջանները եւ համայնքներուն գոյնը կը պահպանէ: Կարծեմ Զուիցերիան ալ համայնքային ձեւ ունեցած է, Պելժիան ալ երկու հիմնական համայնքներ ունի՝ ֆրանսախօսներ եւ ֆլամաններ, որոնք մինչեւ հիմա զիրար կ՚ատեն, բայց ձեւը գտած են ընտրութեան եւ մինչեւ հիմա իրարու հետ կ՚ապրին:

Լիբանանի պարագային, եթէ միահամուռ համակարգ ըլլայ, ամենէն առաջ պիտի վնասուին փոքրամասնութիւնները: Մեզ՝ որպէս լիբանանահայութիւն, համայնքային դրութիւնն է, որ կը փրկէ եւ երեսփոխաններուն թիւը կը պահպանէ, նախարարները կը պահպանէ, մեր ձայնը կը պահպանէ։ Վերջ ի վերջոյ, պէտք է ապահովենք մեր քաղաքական ապահովութիւնը:

-Բողոքի ալիքի աւարտին, շատեր կ՚ըսեն, որ մեծ թիւով լիբանանահայեր, որոնք երկմտանքի մէջ էին, պիտի լքեն երկիրը ու գան Հայաստան հաստատուին: Կա՞յ այդպիսի բան։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։

-Ճիշդ էք. լիբանանահայութեան թիւը ոչ թէ պիտի նօսրանայ, արդէն նօսրացած է, այդ մէկը ակնյայտ է, գոնէ իմ շրջապատիս մէջ։ Սուրիահայերն ալ երբ քանի մը տարի առաջ եկան, թիւով շատ էին, բայց անոնք ալ գրեթէ հեռացան: Այո, Հայաստան մեկնող շատ պիտի ըլլայ, բայց ոչ միայն դէպի Հայաստան, ով որ առիթը ունի ուրիշ տեղեր երթալու պիտի երթայ, ըլլայ՝ Կիպրոս, Գանատա, Աւստրալիա, Ամերիկա: Ճիշդ է, Հայաստանը լաւ ընտրանք է, միայն թէ տնտեսական վիճակը շատ չի քաջալերեր, եթէ փայլուն ըլլար Հայաստանի տնտեսական վիճակը, հաւատացէք, որ հոս հայ չէր մնար, բայց այդպէս չէ:

-Լիբանանահայ գաղութին անխուսափելի նօսրացումը, որեւէ կերպով վնասակար կրնա՞յ ըլլալ Հայաստանին։

-Ընդհանրապէս լիբանանահայ գաղութին նօսրացոմը ոչ միայն կրնայ վնաս ըլլալ Հայաստանին, այլեւ կրնայ ամբողջ գաղութային համակարգը խախտել, որովհետեւ Լիբանանի հայ գաղութը, լաւագոյններէն մէկն է ամբողջ աշխարհին մէջ, ուր դեռ արեւմտահայերէն կը խօսին, հայկական դպրոցներ կան, հայկական եկեղեցիներ կան, հայկական սովորութիւնները կը պահպանուին: Սուրիահայ գաղութը գրեթէ ոչնչացաւ, չնայած դեռ գոյութիւն ունին Հալէպը, Դամասկոսը եւ այլն, անկէ առաջ ալ Եգիպտոսի, Պաղտատի, եթէ աւելի անցեալ երթանք՝ Հնդկաստանի, Լեհաստանի մեր գաղութերը բոլորը նօսրացած են: Այս գաղութներու վերացումը օգուտ պիտի չտայ Հայաստանին, ընդհակառակը՝ վնաս պիտի պատճառէ, քանի որ այս գաղութները Հայաստանի դեսպաններն են, Հայաստանի ջատագովներն են ամբողջ աշխարհին մէջ: Հայաստանը պէտք է մեծ աշխատանք տանի, որպէսզի հայ գաղութները պահպանէ: Հայաստանը այս ուղղութեամբ, դժբախտաբար, ոչ մէկ բան կ՚ընէ, եւ յետոյ կը պահանջէ գաղութներէն, որ իրեն օգտակար դառնան, գաղութներու արիւնը ծծելով չէ, որ Հայաստանը պիտի լաւանայ։ Ընդհակառակն, գաղութներուն բան մը պիտի տաս, որպէսզի կարողանաս ապագային բան մը առնել...

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2019