ԿԱՂԱՄԱԽԻ, ԿԱՅԹ, ԼԱՅՆՇԻ, ՍՕՍԱՒ
Դասի դադարին, իջած էր բակ, կաթով սուրճն առած, եւ գտած իր տեղը՝ սիրած ծառի տակ։
Պաղ մարմարին նստելով, մէջքը յեներ էր թթենիին, բաճկոնի գրպանէն հաներ էր բառարանը փոքրիկ, որ իր ամենասիրած խաղը խաղար։
Սուրճը կը տանէր շրթունքին, կ՚առնէր լեղին ներս, լեզուով կը մաքրէր ճեղքը բերնին, կը դնէր բաժակը մարմարին, ու կը շրջէր քանի մը էջ։ Խաժ աչքերը կը քսէր թուղթին. կ՚ոստոստային անոնք շատ արագ, առանց ընթերցելու, եւ կը սպասէր որ տեղ մը, բառի մը վրայ կանգ առնէին։ Եթէ ծանօթ էր բառը, նոր էջի մը կ՚անցնէր, նոյն խաղը տալով խաժերուն, մինչեւ նոր յայտնաբերում։
- Կաղամախի. (գոյական) - Ճերմակ փայտով գետեզերեայ ծառ։
Ահա՛. կաղամախի։ Ձեռքը պիտի տանէր տաք գաւաթին, բարձրացնէր զայն շրթներուն, իջեցնէր ետ, ու սկսէր, բարձրաձայն՝
«Երէկ կէսօր տեսայ քեզ, պառկած կաղամախիի շուքին… մօտենալը դժուար էր, չմօտենալը՝ առաւել։ Ամչկոտ քայլերով անցայ առաջ, այնքան մը, որ դէմքս արեւէն պաշտպանեց կաղամախին։ Եւ շուքը, որ ձգեցի փակ աչքերուդ, բացաւ զանոնք»… Ու սպառած՝ կը լռէ։ Կ՚անցնի յաջորդին։
- Կայթ. (գոյական) - Պար, թռչկոտում
Ահա, ճիշդ պէտք եղածը։
«Կայթ ու խաղ ինկաւ սրտիս։ Աչքերդ բացիր, նայեցար։ Գետը հրող քամին կը փորձէր մազերդ տանիլ։ Կաղամախիի տերեւներէն սպրդող շողերն արեւուն ծակած էին դէմքդ պայծառ։ Կայթ ու գայթակղութիւն իմ մէջ»…
- Լայնշի. (ածական) - Լայնքին տուած, կարճ ու լայն։
Քիթին տակէն խնդաց, նայեցաւ երկնքին.
«Լայնշի մարմինս սառած էր, կանգնած կարծես յիմարաբար, մեծկակ իր շուքը հակադրելով քու ձիգ ու նիհար գոյութեան։ Ինչո՞ւ մօտեցած էի, չեմ գիտեր։ Ի՞նչ ունէի ըսելիք, գիտէի։ Ինչպէ՞ս ըսէի, չէի գիտեր»…
Մութ ու խոշոր ամպ մը եկած թառած էր երկնքին, ճիշդ դպրոցին վրայ, ու կը պատրաստուէր, կարծես, օրհնել զայն։ Կաթկթոցներն սկսեր էին արդէն, շատ մեղմ ու թեթեւ, կու գային հպիլ բառարանի էջերուն։
Քանի մը էջ՝ ձախ, քանի մը էջ՝ աջ…
- Սօսաւ. (գոյական) - Տերեւներու ձայն, սօսափիւն։
«Կարծես սօսաւը կար միայն։ Անկէ դուրս՝ լուռ էր ամէն բան, անշարժ։ Ստուերս լայնշի, դուն՝ անոր մէջ, մազերդ՝ խաղով, ետնապատկերին՝ պղտոր շարժը գետակին, եւ սօսաւը մեղմիկ, որ ողնաշարիս մէջ սարսուռ մը նետեց։
Սիրուն ես։ Ըսի. Վերջապէս։
Բերանս չոր կտրեց։ Չորն իջաւ ինկաւ ներս կոկորդէս։ Սրտիս կայթը հանգեցաւ կարծես։ Մնացի լուռ, մնացի հեզ, մնացի անշարժ։ Հրահանգիդ կը սպասէի։ Ի՞նչ ընեմ…
Լուռ ժպտացիր, փակեցիր աչուկներդ շագանակ»։
Որոտաց։
Խաժ աչքերը թռան երկինք. հեղեղ մըն էր արդէն գրեթէ, որ կու գար թափիլ մազերուն, ճակտին, բիբերուն մէջ ահա։
Ծալեց բառարանը, նետեց գրպանը, սուրճը մոռցած վազեց շէնք։
Խաղը հասած էր աւարտին։
ԵՐԱՄ