ԵՐԿՈՒ ԶԱՐՄՈՒՀԻՆԵՐ (Ա)

Երկու զարմուհիներ՝ մօրեղբօր ու հօրաքրոջ երեխաներ։ Մէկը նախանձ, իսկ միւսը հեզ։ Մօրեղբօր դստեր՝ նախանձ, չարսիրտ ըլլալն ալ մէջտեղ ելաւ վերջերս։ Ան ի վերջոյ երեւան հանեց իր իրական դէմքը, խոր հիասթափութեան մատնելով իր մտերիմները։ Թէ ե՞րբ անոնք այսքան կրցան վշտանալ՝ կը դժուարանամ պատասխանել…

Չէ՞ որ ոչ վաղ անցեալին անոնք կապուած էին անքակտելի կապով մը։ Միասնաբար ապրած էին հրաշալի մանկութիւն մը։ Անոնք այնքան մտերիմ ու համերաշխ էին, որ ամէն անգամ կը շարժէին շուրջիներուն բարի նախանձը։

Նունէն Նանին հօրաքրոջ աղջիկն է, իսկ Նանը Նունէի գերմանաբնակ մօրեղբօր դուստրը։ Ժամանակին Նունէի մօրեղբօր գործերը Գերմանիոյ մէջ բաւական յաջող էին։ Աշխատանքային ծանրաբեռնուածութեան պատճառաւ մօրեղբայրը թէպէտ տարին մէկ-երկու անգամ չէր կրնար այցելել Հայաստան, սակայն անպայման իր երեք դստրիկները ամառնային արձակուրդներուն կը ղրկէր հայրենիք։ «Միեւնոյնն է, մեր հայրենիքէն լաւ ոչ մէկ տեղ կայ։ Թող երեխաներս երթան ճանչնան իրենց հայրենիքը։ Թէկուզ տարին անգամ մը շփուին իրենց զարմիկ-զարմուհիներուն հետ։ Համտեսեն իրենց մեծ մօր պատրաստած անմահական ճաշատեսակները», կը խորհէր մօրեղբայրը։

Անոնց իւրաքանչիւր այցը մեծ տօն, ուրախութիւն էր հայաստաբնակ ընտանիքին համար։ Նունէն ու եղբայրը իրենց մայրիկին հետ կը զբաղէին տան մաքրութեամբ։ Մեծ հայրը կը պատրաստէր աւանդական հայկական խորովածի կրակը։ Իսկ մեծ մայրը իր գերմանաբնակ թոռներուն համար կը պատրաստէր առատ սեղան մը։ Այնուհետեւ ընտանիքը միասնաբար, աչքերնին ջուր կտրած կը սպասէին ցանկալի հիւրերուն։ Անգամ մըն ալ ինքնաշարժի անսարքութեան պատճառաւ եկուորներուն ժամանումը աւելի քան վեց ժամ ուշացաւ։ Երեկոյեան ժամը տասնին հասնելու փոխարէն, անոնք ժամանեցին այգաբացին։

Իրենց տան պատշգամէն պարզ կ՚երեւէր մայրուղին։ Ութամեայ Նունէն ու իր պզտիկ եղբայրը գրեթէ չքնացան ամբողջ գիշերը։ Փոքրիկները փութասրտօրէն կը սպասէին գերմանաբնակ իրենց զարմուհիներու ժամանումին։ Անոնք նստած պատուհանի դիմաց, մթութեան մէջ կը հետեւէին անցնող-գացող ինքնաշարժներուն։ Նոյնիսկ քանի մը անգամ ապարդիւն ուրախացան կարծելով, թէ դէպի իրենց փողոց թեքուող հերթական ինքնաշարժին մէջ կը գտնուին սիրասուն զարմուհիները։ Այսպէս, մնացին անքուն մինչեւ լուսաբաց։

Երբ այլեւս անզօր գտնուեցան դիմադրելու մարմնին, մտան անուշ քունի մը։ Սակայն կարճ ժամանակ անց մեծ մայրը զուարթաձայն արթնցուց զանոնք.

-Նունիկ, Նելսոն արթնցէք. ձեր զարմուհիները ժամանեցին։ Ինքնաշարժը ուր որ է, պիտի կենայ մեր դարպասներուն առջեւ։

Երեխաները ուրախութեան բացագանչութիւններով, գոռում-գոչիւններով վեր թռան իրենց մահճակալէն ու ոտաբոբիկ աճապարեցին դիմաւորելու իրենց հոգեհատոր զարմուհիները։

Ահաւասիկ ժամանեցին։ Այդ երկվայրկեանին կարծես երկուստեք ուրախութեան, երջանկութեան կայծեր կը թափէր երկինքէն։ Երեխաները անմիջապէս գրկախառնուեցան, անթիւ պաչիկներ շռայլեցին մէկզմէկու։ Այս ցնծութեան ականատես ըլլալով՝ մեծ մօր ու մեծ հօր աչքերը տամկացան ուրախութենէն։ Երբ կիրքերը քիչ մը հանդարտեցան, յոգնատանջ Նանը մինչեւ սեղան նստիլը առաջարկեց բանալ ճամպրուկները։ Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս տղաքը Հայաստան հասան ծանր պայուսակներով. լի նուէրներով, բազում տուրմերով, շաքարներով, պանիրներով ու աղանդերներով…

Երջանիկ ընտանիքը նստաւ նախաճաշելու։ Խոհանոցէն կը տարածուէին ախորժաբեր զգլխիչ բոյրեր։ Մեծ մայրը, որ ժամանակին համբաւաւոր խոհարարի անուն վաստակած էր, իր ոսկէ ձեռքերով նախաճաշի սեղան պատրաստեց։ Ի դէպ, ժամանակին ծանօթ-բարեկամներու սեղաններու ճաշերը, ըլլար այն ուրախութեան թէ տխրութեան, ան կը պատրաստէր։ Նախաճաշի սեղանը համեստ էր, սակայն անմահական համեղ, ինչպէս նաեւ առողջարար ու բնական։ Մեղրը քաշած էր մեղուապահ մեծ հայրը։ Մրգանուշը տակաւին անցեալ շաբաթ իր պարտէզի թթենիէն ստացած թութէն եփեց մեծ մայրը։ Կարագը նուիրեց մօտակայ գիւղի իրենց ազգականը, զոր հարած էր ինքը։ Կանաչեղէնը, պղպեղը, լոլիկն ու վարունգը քաղած էին իրենց պարտէզէն։ Իսկ հաւկիթը իրենց հաւերուն երէկուայ ածածն էր… Նունէի մայրիկն ալ պատրաստած էր անմահական տեսակ-տեսակ խմորեղէններ։ Աղուոր մը նախաճաշելէ վերջ, անտեսելով յոգնածութիւնն ու անքնութիւնը, տղաքը անցան Նունէի սենեակը ու զրոյցի բռնուեցան։ Երբ այլեւս իրարմէ կարօտը առին, մի ամբողջ տարիին բոլոր նորութիւններու, իրադարձութիւններու մասին խօսեցան, կէսօրէ վերջ որոշեցին քիչ մը հանգչիլ։

Այսպէս ամիս մը անցաւ ցնծութեան քօղին տակ։ Եկաւ օգոստոսի վերջը. ըսել է, թէ բաժանումի պահը։

Վերջին շաբաթուան հոլովոյթին ուրախութեան մթնոլորտը սկսաւ իր տեղը զիջիլ անհուն թախիծի մը։ Ընտանիքի բոլոր պարագաներուն երեսները կախ էր։ Ոչ մէկը կ՚ուզէր միւսէն բաժնուիլ… սակայն, ստիպուած են… ուրիշ ելք չունին։

Բաժանումի տխրահռչակ օրը երջանիկ ընտանիքի տանիքին կուտակուեցան մոխրագոյն ամպեր։ Ժամը եկաւ. հասաւ պահը բաժանումի։ Երկուստեք կը յորդէր աղիողորմ արցունք։ Նունէի մայրը մեծ դժուարութեամբ անջատեց զայն Գերմանիա մեկնող զարմուհիներէն.

-Նունիկ, ճամբորդներուն ետեւէն այսքան չեն լար. արդէն յաջորդ տարի դարձեալ պիտի գան։

-Ո՛չ, չեմ ուզեր, որ երթան։ Թող մեզի հետ մնան,- հեծկլտալով ըսաւ Նունէն։

-Հօրաքոյր, մենք ալ մեկնիլ չենք ուզեր։ Հայրիկիս հեռաձայնէ, խնդրէ, որպէսզի թոյլ տայ մնանք այստեղ՝ ձեր կողքին։ Մենք Գերմանիա երթալ չենք ուզեր, կ՚ուզենք ապրիլ այստեղ՝ ձեզի հետ,- աղիողորմ կ՚աղաչէր Նանը…

ՆՈՒՆԷՆ Կ՚ԵՐԿՐՊԱԳԷՐ ՆԱՆԻՆ

Երկուստեք ծով արցունք թափելով իրարմէ հրաժեշտ առին զարմուհիները։ Երբ ընտանիքը սրտնեղած վերադարձաւ տուն, զայն գտաւ դատարկ։ Յիրաւի բոլոր իրերը կը կենային իրենց տեղը, սակայն, կարծես տունը կորսնցուցած ըլլար իր համն ու հոտը… Միամսեայ ջերմ մթնոլորտը ստացած էր երեւակայական պաղ ու մռայլ երանգներ։

Սկիզբը դժուար էր վարժուիլ՝ զարմուհիներու, թոռներու բացակայութեան։ Նունէն երկար ժամանակ կը կարօտնար զանոնք։ Փողոցի, տունին ամէն մէկ անկիւնը փոքրիկ աղջնակի յիշողութեան մէջ կ՚արթնցնէր միասին անցուցած անգին յիշատակներ։ Դիւրին չէր համակերպիլ միապաղաղ, անգոյն թուացող կիսկատար առօրեային։

Եւ այսպէս, կարօտը յաղթահարելու լաւագոյն միջոցը եղաւ վերամուտը։ Դասերով տարուած տղաքը առաւել դիւրութեամբ համակերպեցան իրենց նոր վիճակին…

Այսպէս տարին գլորեցաւ։ Կրկին եկաւ ամառը։

Գեղեցիկ, լուսապայծառ օր մը, առտու կանուխ հեռաձայնը հնչեց.

-Բարի լոյս մայրիկ, ինչպէ՞ս էք։

-Բարի լոյս որդիս, ձայնդ իմացայ աւելի աղէկ եղայ։ Դուք ինչպէ՞ս էք։

-Մենք ալ լաւ ենք։ Մայր իմ, կ՚ուզեմ քեզի հետ խորհրդակցիլ։

-Հրամէ տղաս։

-Մայրիկ, գիտես, որ Նանը այս տարի շրջանաւարտ պիտի ըլլայ։ Օտարութեան մէջ աղջիկ զաւակ մեծցնելը դիւրին գործ մը չէ։ Երկար-բարակ խորհելէ վերջ կնոջս հետ որոշում տուինք Նանը ղրկել Հայաստան։ Անշուշտ, եթէ ձեզի յարմար է։

-Սիրով տղաս, ի հարկէ, մեզի յարմար է։

-Կ՚ուզենք Նանը շրջանաւարտ ըլլայ մեր հայրենիքին մէջ, համալսարանական դառնայ։ Գիտես, որ աւագ թոռնուհիդ սահուն կը տիրապետէ անգլերէնին։ Ամերիկեան համալսարան կ՚ընդունուի, կ՚աւարտէ։ Լաւ գործ մը կը գտնէ, Հայաստանի մէջ իր ապագան կը կառուցէ։ Օտարութեան մէջ մեր տղոց ապագան կ՚երեւի երերուն…

Խօսեցան, պայմանաւորուեցան…

Ահաւասիկ, երկու շաբաթ անց Նանը ժամանեց։ Կրկին քէֆ-ուրախութիւն. երջանկութեան ակնթարթներու բազմապատկում։ Սակայն յաւերժ թուացեալ ուրախութիւնը ունեցաւ կարճատեւ կեանք։ Շուտով երկուստեք սկսան անհամութիւններ, տարաձայնութիւններ, կարճ խօսքով՝ բախուեցան սերունդները։ Եւ այդ բախումը աւա՜ղ ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ հասարակ տհաճ երեւոյթի մը։ Օտարութեան մէջ ծնած, մեծցած ազատամիտ պատանուհիի մը համար դիւրին չէր համակերպիլ խստապահանջ կարգ ու կանոնին։ Իսկ ընտանիքի երէց պարագաները ոչ մէկ կերպով կրնային ընդունիլ իրենց սիրասուն թոռնուհիին ըմբոստութիւնը։ Մասնաւորապէս մեծ հայրը ամէն անգամ կը փորձէր հին բանալիով նոր դուռ մը բանալ։ Այդ իսկ պատճառաւ ոչ մէկ արդիւնքի կը հասնէր…

Ինչ կը վերաբերի տարբեր երկրներու մէջ հասակ առած զարմուհիներու փոխյարաբերութիւններուն, ապա այստեղ երկար ատեն ոչ մէկ խնդիր եղաւ։ Մի միայն աննշան տարակարծութիւններ։ Նունէն, որ Նանէն պզտիկ էր եօթ տարի, պարզապէս կը պաշտէր, կ՚երկրպագէր իր աւագ գեղեցկուհի զարմուհիին։ Ամէն ձեւով կը փորձէր ընդօրինակել վերջինս։ Փոքրիկ աղջնակը կ՚երազէր Նանի պէս վարժ ու սահուն խօսիլ անգլերէն ու գերմաներէն։ Նանի պէս ճաշակաւոր հագուիլ, գործածել անուշաբոյր հոտեր։ Նանի պէս նիստ ու կաց ունենալ եւ այլն…

Կ՚ուզէր միշտ գործածել Նանի իրերը։ Նանն ալ անգամ մը հրաման կու տար, անգամ մը՝ ոչ։ Նունէն, որ բնաւ չէյ սիրեր մերժուիլ, կը փորձէր ծածուկ հասնիլ իր ուզածին։ Զոր օրինակ՝ անգամ մը Նունէն շատ ուզեց դպրոց գացած ատեն կրել Նանի ժամացոյցն ու շապիկը, սակայն Նանը հրաման չտուաւ։ Կամակոր աղջնակն ալ առտու կանուխ, երբ բոլոր ընտանիք կը քնանար, գաղտագողի մտաւ Նանի սենեակը, առաւ այն ինչ որ իրեն պէտք էր ու անձայն հեռացաւ։ Լոգասենեակին մէջ վերարկուին տակէն հագաւ շապիկը, թեւին կապեց ժամացոյցը եւ գոհ ու երջանիկ գնաց դպրոց։ Այդ օր, հակառակութիւն պատահեցաւ ու Նանն ուզեց հագնիլ նոյն շապիկը։ Բոլոր տունը փնտռեց, սակայն չկրցաւ գտնել։ Նանը գրեթէ վստահ էր, որ Նունէն կրկին անտեսեց իր խօսքը։ Շատ բարկացաւ։

Տունդարձին, դրան շեմին Նունէին կը սպասէր զայրացած Նանը.

-Նունիկ, ինչո՞ւ առանց իմ թոյլտուութեան հագար շապիկս։

-Ես քու շապիկդ չհագայ,- Նանի բարկացած դէմքէն սարսափելով ճշմարտութիւնը փորձեց քօղարկել Նունէն։

-Անկարելի է, ես բոլոր տունը փնտռեցի ու չգտայ։ Սա պահուն դուն սուտ կը խօսիս։

-Ո՛չ, ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ։

Այսպէս, Նանը չկրցաւ ապացուցել, որ Նունէն առանց իր թոյլտուութեան կ՚առնէ իր իրերը։ Նունէն ալ ամէն անգամ ինքզինքին կը խոստանար, որ այլեւս նման բան պիտի չընէ, սակայն անկարող կը գտնուէր պահելու իր խոստումը։

Երեկոյեան կողմերը խաղաղեցան։ Լարուած մթնոլորտը փոխարինուեցաւ աշխուժութեան։ Զարմուհիները իրարու հետ կ՚ընէին կատակներ, զանազան խաղեր կը խաղային։

-Նան, կրնամ այսօր քեզի հետ պառկիլ,- տարակուսանքով հարցուց Նունէն։

-Ի հարկէ կրնաս, թանկագինս։

-Բարկութիւնդ այլեւս անցաւ։

-Այո։

-Ուրեմն կ՚ուզեմ քեզմէ ներողութիւն խնդրել քեզ ստելու եւ զայրոյթդ համար։ Դուն ճիշդ ես, ես մտիկ չըրի քու խօսքը։ Պարզապէս, երբ քեզ տեսայ ցասումի մէջ, վախէս սուտ խօսեցայ։ Յուսամ կը ներես ինծի։

-Ա՜խ, դուն չարաճճի, ես այդպէս ալ գիտէի, կը սպասէի քու խոստովանութեան։ Այս անգամ կը ներեմ, սակայն անգամ մըն ալ չհամարձակիս…

Երանի՜, թէ մեծերն ալ ի վերջոյ կարենային հասկնալ երիտասարդները եւ սա գեղեցիկ ընտանիքի պատմութիւնը յառաջիկային չ՚արժանանար Յովհաննէս Թումանեանի «Կաթիլ մը մեղր»ի չարաբաստիկ ճակատագրին։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2019