ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՔՐԻՈՍՏՈՍԻ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ. ԿԱՄ ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԷԿ ՏՕՆ ՈՒՆԵՆԱՆՔ
Այն քաղաքին մէջ՝ ուր ծնած եմ, երբեք տարբերութիւն չեմ նկատած, չեմ խորհած, թէ ճիշդը ո՛ր եկեղեցին յաճախելն է։ Քրիստոնեաներս գեղեցիկ մօտեցում մըն ալ ունինք, երբ բարձրագոչ կը յայտարարենք, թէ «բոլորը Աստուծոյ տուներն են, եւ հոն ուր ծունկի կու գաս եւ աղօթք մը կ՚ընես, հոն զԱստուած պիտի գտնես...»։ Կը պատահի սակայն, որ սուրբ գրային արմատ ունեցող այս մօտեցումները հեռու կը պահենք ու կ՚ուզենք մենք մեզ բանտարկել «փոքրիկ ածու»ի սահմանումներուն մէջ։
Վերադառնալով մեր մանկութեան, ապա ըսեմ, որ այնտեղ՝ ուր ես ու իմ նման շատ-շատեր իրենց աչքերն են բացած, գեղեցիկ միախառնում մը կար։ Հոն էին մեր ժողովուրդի երեք յարանուանութիւններու եկեղեցիներն ու կեդրոնները միանգամայն։ Պուրճ Համուտ կոչուած հայկական բնակավայրին մէջ աշխարհագրական սահմանները, կամ այսպէս ըսած հայկական թաղամասերու սահմանները կը բնորոշուէին, մարմին կը ստանային հայկական տարբեր եկեղեցիներու վկայակոչութեամբ։
Մարաշի հայ բողոքականներու եկեղեցին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին եւ աւելի հեռուն ալ կաթոլիկէներու Ս. Փրկիչ եկեղեցին։
Այդ եկեղեցիներու կողքին, ինչպէս ընդունուած է հայկական սփիւռքի ամենատարբեր գաղութներուն մէջ, կը բարձրանային այդ յարանուանութիւններու հովանաւորութեամբ գործող միութիւնները, կառոյցներն ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները։ Տակաւին չեմ խօսիր դպրոցներուն մասին, որոնք ձեւով մը մեր հաւաքական կեանքին մէջ մտնող ամրոցներ էին, ուր կը պատրաստուէին սերունդներ՝ ծառայելու Լիբանանի հայկական համայնքին ու մաս կազմելու մեր հասարակութեան համընդհանուր կեանքին։ Այս բոլորը կազմուած էին, շատ հեզասահ, խաղաղ եւ համերաշխ միջավայրի մը մէջ եւ հայ դաւանակից համայնքներուն կամ համայնքներու անդամներուն միջեւ երբեք ալ խտիր չէր եղած։
Եկած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սեւ փուլը եւ հայութիւնը աւելիով զօդուած էր իրարու, իրարմով էին եղած, իրարմով ապրած, մէկզմէկու նեղ օրերուն հասած։
Իւրաքանչիւր համայնք կամ յարանուանութիւն ունէր իր առանձնայատկութիւնը եւ այդ տուեալը անշուշտ աւելիով կը հարստացնէր մեզ։ Մեզի կու տար առիթ՝ աւելի մօտէն հասկնալու աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան իրական ներուժը։
Ու այս բոլորի կողքին ալ աւելի քան յստակ էր, որ մեզմէ ոչ ոք, այո, ոչ ոք խնդիր մը նկատած էր ըսենք՝ Հայ կաթողիկէ դպրոցն ու եկեղեցին յաճախելու կամ թէ, իր ծնողներուն նախասիրութեան առիթ տալով դառնալու Հայ աւետարանական վարժարանի մը սանն ու միութենականը։
Խտիր չըլլալը հարստութեան, մտքի հարստութեան նշան էր եւ այս համակեցութիւնն ու սէրը ցայսօր ալ կը շարունակուին Պէյրութի մէջ։
Նոյնն անշուշտ չեմ կրնար ըսել Երեւանի պարագային, որովհետեւ Հայաստանի մէջ առկայ հասարակական ընկալումները բաւականին տարբեր են ու անշուշտ արժանի են համազօր եւ համապարփակ գնահատականներու։
Ամէն պարագայի, այս նախաբանով սկսայ նիւթիս գալու հասնելու համար մէկ ուրուագծումի, որ անշուշտ ճանապարհ պէտք է բանայ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան սուրբ տօնը միասին տօնախմբելու գաղափարին, որ ցաւօք կարծես թէ բաւականին հեռու է իրականութիւն դառնալու ցանկալի վիճակէն։
Այստեղ անշուշտ կարեւոր ալ չէ, թէ ո՛ր տօնը աւելի ճշգրիտ է, կամ որ օրացոյցին, որ էջին, որ հաշուարկով կարելի պիտի ըլլայ ճիշդ թուականը գտնել եւ ատոր հիման վրայ ալ Ս. Ծննդեան տօնը միասին նշել։
Քրիստոս մէկութեան Աստուածն է, բարիի, սպիտակի, ներողամտութեան, միասնութեան, ամբողջ Տէրն է ու անոր վարդապետական ուսմունքին մէջ ալ կարեւոր եւ հիմնարար դեր ունի միասին ըլլալու, միասին աղօթելու, միասին Տէրունի աղօթքը բարձրացնելու, միասին Ս.Պատարագ մատուցելու հիմնարար սկզբունքը։
Իսկ թէ ո՛ւր ենք մենք ընդհանրապէս (նաեւ ամբողջ քրիստոնեաները ո՛ւր են) այդ հիմնարար մօտեցումէն, դժուար թէ կարողանամ պատասխանել։
«Յոյսը մեզ ամօթով պիտի չձգէ», ըսած է Քրիստոսի աշակերտած առաքեալը, թերեւս այս խօսքն է, որ այսօր կարեւոր է մեզի համար։ Կարեւոր է ըլլալու Յիսուսի հետ, ըլլալու միասնութեան գաղափարին եւ ըլլալու աղօթքի մեծ խորհուրդին հետ։ Մնացածը կը հաւատամ ժամանակի հարց է ու եթէ սիրտերը կամենան, հոգին մեր յօժարի, ապա նաեւ կամքը պիտի թելադրէ եւ պատրաստէ այդ միասնութեան ուժը։
Ի դէպ, տօնական այս օրերուն յարմար նկատեցի կարճ զրոյց մը կատարել Հայ կաթողիկէ քեսապածին վարդապետ Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանին հետ, այն կուռ հաւատքով եւ ուրախութեամբ, որ Քրիստոսի հաւատքին նուիրուած եւ անոր եկեղեցիին զինուորուած նուիրեալներու շարքերը միշտ խիտ կը դառնան, յանուն քրիստոնաէական մեր հաւատամքին ու դարաւոր Հայոց Եկեղեցիին։
Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ Հայաստանի Հայ կաթողիկէ համայնքի Հրեշտակապետաց Միացեալ հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան։
-Վարդապետ ի՞նչ նշանակութիւն ունի այս տօնը ձեզի համար։
-Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Մարդեղութեան խորհուրդը Աստուծոյ կատարած խոստումին իրականացումն է, որովհետեւ Ան՝ այնքան սիրեց մարդը, որ Իր Միածին Որդին ղրկեց անոր փրկութեան համար: Ուստի, Յիսուսի Քրիստոսի աշխարհ գալով, հաշտութիւն գոյացաւ եւ մեր հոգիներուն դիմաց երկնքի դռները բացուեցան: Իւրաքանչիւր քրիստոնեայի, նաեւ մեզի համար իւրայատուկ է Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Յայտնութեան տօները, որովհետեւ կը նշենք մեր Փրկչին աշխարհ գալու տարեդարձը, կը յիշենք եւ կրկին կ՚ապրինք Բեթղեհէմի մսուրի պատկերը՝ մեր առջեւ ունենալով սուրբ ընտանիքը՝ Մարիամը, Յովսէփը եւ մանուկ Յիսուսը: Անիկա մեր սրտերուն ու հոգիներուն խաղաղութիւն կը պարգեւէ, մեզի կ՚աւանդէ խոնարհութեան ճշմարիտ իմաստը, ինչպէս նաեւ կը պարունակէ իսկական ճշմարիտ սիրոյ խորհուրդը:
-Ինչպիսի՞ մթնոլորտի մը մէջ պիտի դիմաւորէք Ս. Ծննդեան տօնը։
-Բնականաբար Սրբոց Հրեշտակապետաց միացեալ հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ ըլլալով, ժառանգաւորներուն եւ նորընծաներուն հետ մթնոլորտը առաւել քան դրական է եւ տօնական: Ծիսական արարողութիւններով կը փորձենք առաւելագոյնս ապրիլ այս Մեծ Խորհուրդի իմաստը, միանալով Երեւանի Հայ կաթողիկէ մեր հաւատացեալներու հասարակութեան: Ընդհանուր մթնոլորտը այս տարի կը կարծեմ առաւել մտահոգիչ է, նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի անկայուն իրավիճակը: Մենք կը վստահինք մանուկ Յիսուսին, որ Ան՝ բոլորին պարգեւէ համբերութիւն եւ զօրաւոր կամք, հաւատքով դիմագրաւելու չարին որոգայթները:
-Երկար տարիներ, նախ ձեր ծննդավայր Քեսապի, ապա Պէյրութի մէջ տօնախմբած էք այս տօնը եւ վերջին տարիներուն ալ Հայաստանի մէջ հոգեւոր ծառայութեան կոչւելէ ետք հայրենիքի մէջ կը տօնախմբէք քրիստոնէական տօնացոյցին մէջ առանձնայատուկ տեղ ունեցող Ս. Ծննդեան տօնը։ Տարբերութիւններ կա՞ն վայրերուն մէջ. ինչո՞վ կը տարբերին Հայաստանի, կամ ձեր ծննդավայրին, կամ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող արարողութիւնները։
-Հայրենիքի մէջ Քրիստոսի Ս. Ծնըն-դեան տօնակատարութիւնը առաւելագոյնս ուրախութիւն պիտի պարգեւէ այն ժամանակ երբ կարողանանք ըսել, թէ ազգովին, միասնաբար, նոյն թուականին կը տօնակատարենք: Դժբախտաբար դեռ իրավիճակը այնպիսին չէ, սակայն օր մը իրականացնելու ենք այս մեծ երազը: Մենք, որպէս Հայ կաթողիկէ հաւատացեալներ, արեւմուտքին հետ կը նշենք Քրիստոսի Ս. Ծնունդը: Մեզի համար առանձնայատուկ է այն առումով, որ կը միանանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ կը կատարենք բոլոր ծիսական արարողութիւնները: Անշուշտ տարբեր է Լիբանանի կամ Սուրիոյ պարագային, ուր մեծամասնութիւնը նոյն թուականին կը նշէ Ս. Ծնունդը՝ ոչ աշխատանքային մթնոլորտով: Արարողութիւնները ամէնուրեք նոյնն են՝ 24-ի յետմիջօրէին տեղի կ՚ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն, Մարգարէական ընթերցումներ ապա Ճրագալոյցի սուրբ եւ անմահ պատարագ, իսկ դեկտեմբերի 25-ին՝ Ծննդեան Ս. Պատարագը: Տարբերութիւնները ընդհանրապէս կը գոյանան տարբեր վայրերու եւ շրջաններու սովորութիւններու մէջ. ինչպէս՝ տօնական սեղանի պատրաստութիւն, տօնակատարութեան ձեւեր... եւ այլն:
-Մարդկութիւնը մօ՞տ է Ս. Ծննդեան խորհուրդներուն։
-Քրիստոս աշխարհ եկաւ, մարդացաւ, մեր բնութիւնը ստացաւ, ուստի մեզի առաջին հերթին տուաւ խոնարհութեան եւ սիրոյ իսկական իմաստը: Ինք իսկ հանդիսացաւ ամենամեծ օրինակը: Աղքատ ծնաւ մսուրին մէջ, մեր մէջ զօրացնելու համբերութիւնն ու հաստատակամութիւնը: Այս օրերուս մենք առաւել քան երբեք կարիքը ունինք այս շնորհներուն, որոնց կենդանի օրինակը կը հանդիսանայ Բեթղեհէմի աղքատիկ եւ ցուրտ մսուրը: Որովհետեւ Ան եկաւ բոլորիս հետ կիսելու իր ունեցածը եւ մեզի յայտնեց իր ամբողջական սէրն ու նուիրումը: Ուստի, մենք ալ կանչուած ենք մսուրին դիմաց պահ մը կանգնելու, խոկալու եւ մեր սրտերու մէջի մսուրէն ուժ ստանալու, իրապէս Յիսուսի ներկայութիւնը զգալու, ապրելու ու վայելելու մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ: Այս հաւատքով հրեշտակներուն հետ կ՚երգենք՝ «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»: Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024