ԵՐԿՈՒ ԶԱՐՄՈՒՀԻՆԵՐ (Գ)

ՀԱՐԱԶԱՏ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐ

Անցան տասն տարիներ։

Խաղաղութեան դրօշը այլեւս իր տեղը զիջած էր խռովութեան։ Յարատեւ անախորժութիւնները ստուերի պէս սկսան հետապնդել ընտանիքը։ Երեւակայօրէն կարծես քարը քարի վրայ չէր կենար։ Ժպիտն ու հանգստութիւնը հազուադէպ կը բախէին անոնց դուռը։ Նանը կը գործէր իրերայաջորդ սխալներ…

Ի վերջոյ տարիներ անց՝ ամուսնութիւններու կնքմամբ դրուեցաւ վերջակէտը Նանի ու իրենց համակրելի երիտասարդ դրացիին արգիլուած սիրոյն։ Այդ չարաբաստիկ վերջակէտը առյաւէտ բաժնեց սիրող սրտերը՝ անդարմանելի սպի մը ձգելով երկուստեք։ Յիրաւի, երկուքն ալ ամուսնացան, ունեցան զաւակներ, սակայն երբեւէ չկրցան մոռնալ զիրար։ Փողոցի մէջ պատահական հանդիպումներու ընթացքին անոնց սիրտերը առաջին օրուան պէս կը բաբախէին ուժգին։ Անոնց հայեացքներուն մէջ տակաւին կ՚ապրէր նախկին կայծը։ Այսպէսով, երբեմնի սիրահարները իրենց նորաստեղծ ընտանիքներու յարկերուն տակ երջանիկ էին կիսկատար։ Շատ յաճախ կ՚ապրէին անցեալի քաղցր յուշերով։

Սիրող սիրտերու բաժանմամբ մեծ յուզում ապրեցաւ Նունէն։ Ան կը փորձէր զարմուհին համոզել՝ չհրաժարիլ իր սիրեցեալէն, պայքարիլ յանուն սիրոյն։ Իսկ երբ Նանը իր կոտրած սիրտը փարատելու նպատակաւ քանի մը սիրային կապեր ունեցաւ, Նունէն փորձեց բաժնել, արգելք հանդիսանալ կեղծ յարաբերութիւններուն, սակայն ապարդիւն։ Ի վերջոյ Նանը պսակադրուեցաւ։

Քանի մը տարի վերջ ալ Գերմանիոյ մէջ ձախողեցան Նունէի մօրեղբօր գործերը։ Ան որոշում տուաւ վերջնականապէս վերադառնալ Հայաստան. իր պնդմամբ՝ կեանքի մայրամուտին իր ալեզարդ ծնողքի կողքին ըլլալու համար։ Սակայն… երանի թէ, ան չվերադառնար, մնար Գերմանիոյ մէջ…

Մինչեւ Հայաստան վերադառնալը Նանի հայրը քիչ թէ շատ տեղեակ էր տիրող իրավիճակէն։ Ան ալ ի փոխարէն ընտանիքին սատար կանգնելու, հանգոյցը լուծելու, իր վերադարձով ու անմիտ քայլերով իւղ լեցուց կրակին վրայ։ Ան միշտ հաւատալով իր դստեր հնչեցուցած ամէն զրպարտութեան ու յերիւրանքին՝ մօրեղբայրը հակառակեցաւ, թշնամանքով լեցուեցաւ իր հարազատ ծնողքին նկատմամբ։ Ան սկսաւ վերջիններս մեղադրել իր ու իր դստեր բոլոր ձախողումներու պատճառաւ։ Ութսունն անց ալեզարդ ծերունիները երկրի վրայ յայտնուեցան դժոխքի մէջ։ Օր մը խաղաղ չէր անցներ։ Որդին իւրաքանչիւր Աստուծոյ օր, առտուընէ իրիկուն կը մեղադրէր, կը կռուէր ծնողքին հետ։ Խեղճ ծերունիները վախէն չէին համարձակեր պատասխանելու։ Ի վերջոյ, քաոսային վիճակը ունեցաւ իր դժբախտ հետեւանքները. Նունէի մեծ մայրը սկսաւ տառապիլ ալցայմըրի նման անդարմանելի հիւանդութեամբ, իսկ մեծ հայրն ալ շալկած քանի մը հիւանդութիւններ, օրէ օր կը հիւծուէր… Սա ողբերգական տեսարանը մեծ ցաւ կը պատճառէր Նունէի փխրուն դեռատի հոգւոյն։ Ան գիշերները ծածուկ կու լար, կ՚աղօթէր Աստուծոյ իրենց ընտանիքի փրկութեան համար։ Ան կը կարօտնար ու մշտապէս կը յիշէր իրենց ընտանիքի քաղցր անցեալը…

Նոյնիսկ տարեցներու անդարմանելի հիւանդութիւնը ի զօրու չեղաւ սփաթեցնել հրեէշի վերածուած հայրն ու դուստրը։ Անոնք ամէն պատեհ-անպատեհ առիթի կը փոթորկէին։

Հերթական կռիւ մըն ալ տեղի ունեցաւ Ամանորի գիշերը։ Այնպէս կը թուէր, թէ ընտանիքը յարաբերական անդորրի մէջ կը գտնուէր, երբ յանկարծ Նունէի մօրեղբայրը աննշոյլ պատճառով մը մեծ կռիւ, պատերազմ սարքեց ծնողքի գլխուն։ Պատճառաբանելով, թէ ինչու համար հիւանդ հայրը չկամեցաւ նստիլ սեղանին գլուխը։

Խեղճ տարեցները ստիպուեցան ամբողջ գիշերը ցասումով մտիկ ընել զիրենք գերեզման հասցնող խելագար ու անշնորհակալ որդին։ Նունէն, որ ձուկի պէս անձայն, լուռումունջ կը հետեւէր այս քաոսին, կը տեսնէր զայրոյթէն իր յոյժ սիրեցեալներուն դողացող մարմիններն ու ձեռքերը ու անբացատրելի ցաւ կ՚ապրէր։ Անոր միակ բաղձանքն էր, ժամ առաջ փրկել իր մեծ հայրիկն ու մեծ մայրիկը։ Սակայն ինչպէ՞ս փրկել, եթէ վերջիններս կը հրաժարէին լքել իրենց քրտինքով կառուցած տունը, որ այժմ կը քանդուէր իրենց իսկ աչքին առջեւ։

Տխրահռչակ Ամանորը չանցաւ անհետեւանք։ Այդ չարաբաստիկ տարւոյ աշնան, խոր ցաւերու մէջ, աչքերը կեանքին փակեց մեծ հայրը։ Մեծ հայրը, որ իր կեանքի հոլովոյթին հազուադէպ կը ժպտար, անշնչանալէ վերջ, դէմքին պատ-կերած էր պայծառ ժպիտ մը։ Հաւանաբար ան շատ ուրախ էր օր առաջ երկրային դժոխքին հրաժեշտ տուած ըլլալուն համար։ Անոր կինը ծանր չտարաւ վըրջինիս մահը, քանզի ալցայմըրի պատճառաւ չէր յիշեր նոյնիսկ ամուսինը։ Հինգ տարի վերջ ալ ան մահացաւ։

Կարծես թէ տան երէցներու մահէն վերջ խռովայոյզ ընտանիքը պիտի կրնար գտնել յարաբերական անդորր մը։ Չէ՞ որ այլեւս զիրենք խանգարող չկար. այլեւս չկային անոնք, որոնց վրայ կարելի էր պոռալ, ճչալ, վախցնել, սպառնալ…

Յիրաւի, շջան մը խաղաղեցան, սակայն շուտով սկսան «իրարու միս ուտել»։ Նունէն, որ իրենց երբեմնի համերաշխ ընտանիքը վերագտնելու յոյսով վերջին հնարաւորութիւնը տուած էր Նանին, այլեւս չդիմանալով անոր փնփնթոցին, ստորնացումներուն, վերջնականապէս խզեց իր կապերը վերջինիս հետ։ Նանը յայտնուելով հոգեկան անհաւասարակշիռ վիճակի մէջ, այսուհետեւ շարունակեց դժոխքի վերածել իր սեփական ընտանիքը։ Անոր չարացած հոգին չկրնալով գտնել խաղաղութիւն, ի վերջոյ մնաց առանձին՝ այս մեծ աշխարհին մէջ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

- վերջ -

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2020