ՄԱՐԴԸ ԵՒ ՓՈՇԻԻ ՀԱՏԻԿԸ

Ի՞նչ համեմատութիւն կարելի է՝ որպէսզի հասարակաց կէտ մը ստեղծուի մարդուն եւ փոշիի հատիկի մը միջեւ։ Եթէ նիւթը միայն «մարդ»ը ըլլար, աւելի դիւրին պիտի ըլլար անշուշտ խորհրդածել անոր մասին, բայց երբ հարցը բաղդատութիւն մըն է, մանաւանդ էապէս իրարմէ շատ հեռու եւ օտար նիւթերու, որոնց մէջ հասարակաց կէտ գտնել գրեթէ անկարելի է, դժուար է գաղափար մը կազմել։

Մարդ՝ կը ծնի եւ կը մեռնի, միջանկեալ կարճ կամ երկար տարիներուն կ՚ապրի կեանք մը՝ երբեմն ուրախ, երբեմն տխուր, երբեմն կը խնդայ, երբեմն կու լայ, երբեմն գոհ, երբեմն դժգոհ, երբեմն կը շահի, երբեմն կը կորսնցնէ… եւ այսպէս, կեանքի ներկայացուցածները կը վայելէ։ Եւ կը հասնի ի վերջոյ «ունայնութիւն ունայնութեանց» ճամբու վախճանին։ Ա՛յս է ահաւասիկ մարդուն «կեանք»ը…։

Բայց փոշիի հատիկի մը կեա՜նքը. ասիկա մարդս կը տանի ամբողջ տիեզերքի գաղտնիքներու խորը։

Ամէն տեղ կայ «փոշիի հատիկ» մը՝ անբաժանելի մարդուս կեանքէն, կարծես կ՚ըսէ. «Ե՛ս ալ կեանք մը ունիմ, ես ալ կ՚ապրիմ, ես ալ կու գամ եւ կ՚երթամ…», բայց ո՞ւր կ՚երթայ փոշիի հատիկը, յայտնի չէ։ Ուրկէ՞ կը թռի կու գայ այդ փոշիի հատիկը, ինչո՞ւ զատուեցաւ միւս հատիկներէն. ի՞նչ պիտի ըլլայ փոշիի հատիկին «ճակատագիր»ը։ Ոմանք պիտի ըսեն. «ի վերջոյ փոշիի հատիկ մը. կ՚արժէ՞ այսքան խորհիլ եւ մտահոգուիլ իր մասին»։ Ոմանք որքան որ այսպէս խորհին, սա իրականութիւն մըն է, թէ մարդկային կեանքին մէջ տեղ մը կը գրաւէ այդ փոքրիկ, աննշան փոշիի հատիկը՝ որ անտեսել, մերժել կարելի չէ՛, քանի որ գոյութիւն ունի։

Ուստի, որեւէ նիւթի շուրջ խորհիլը աւելի՛ կարեւոր է քան բացատրութիւնը կամ պատասխանը, քանի որ մարդ էակը բանաւոր էակ մըն է եւ միշտ հարցում մը ունի Բնութեան խորհրդաւոր երեւոյթներուն մասին։

Արդարեւ, այս աննշան փոշիի հատիկը կը ներկայացնէ Բնութեան ամբողջ «գիրք»ին համառօտագրութիւնը։

Եւ ո՜րքան զարմանալի իրողութիւն մըն է սա. ի՛նչ ուժեր որ կը գործեն Բնութեան մէջ, այս փոշիի հատիկը փորձառու եղած է անոնց։

Ո՛չ թէ սոսկ Բնութեան գործարանին մէջ արտադրութիւն մըն է, հապա՝ գործարանին մէջ լիակատար էութիւն մըն է փոշիի հատիկը։ Ուստի, ան էապէս ի՛նչ որ է, ան, եւ իր նմանները Բնութեան ամբողջութեան մէջ անոր մասերն են, անոր պատկերները։ Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին է որ մարդը եւ փոշիի հատիկը կը միանան հասարակաց կէտի մը շուրջ։ Բնութեան արգանդին ծնունդն է այս փոշիի հատիկը, ինչպէս որ որդին նմանութիւնը կը կրէ իր ծնողներուն, նոյնպէս փոշիի հատիկ մը՝ իր մօրը՝ Բնութեա՛ն։

Փոշիի այդ հատիկը, թէեւ աննշան, ապացոյց է բնութեան մէջ տիրող սկզբունքի մը՝ «միութեան սկզբունք»ին։ Եւ եթէ հետապնդենք այս խորհուրդը՝ կը ստիպուինք բնազանցութեան ծովուն եւ փիլիսոփայութեան խորագոյն յատակը ընկղմելու։ Այո՛, ընկղմի՛նք, լա՛ւ, բայց… ինչպէ՞ս դարձեալ դուրս գանք, առանց խեղդուելու…։

Բնութեան մէջ յայտնուած «միութեան սկզբունք»ը կը յայտնուի նաեւ հոգեւոր աշխարհի մէջ. «Ես եւ Հայրը մէկ ենք…»։ Աստուծոյ իրականութեան ապացոյցը այն է որ ան կը յայտնուի մարդկային կեանքին մէջ, ինչպէս իր ծայրագոյն կատարելութեամբը եւ փառքովը յայտնուեցաւ Քրիստոսի մէջ։ Մարդն ալ «մէկ» է Աստուծոյ հետ, եթէ կամաւ չանջատուի անկէ, եւ այս փոշիի հատիկին պէս չմոլորի չորս հովերէն տարուբերուած…։

Անօգնական եւ խելակորոյս սա փոշիի հատիկը ո՞ր մղեղին՝ փոշիի փոքր զանգուածին առջեւէն քշուեցաւ դողահար որբուկի մը պէս, ուրկէ՞ եկաւ, ո՞ւր պիտի թռչէր երթար, եթէ իր թռիչքը ժամանակաւորապէս չի կասեցներ որեւէ արգելք։ Հովերը ի՞նչ կամքով եւ ի՞նչ զօրութիւնով կը փչեն։ Բա՛ց Բնութեան գաղտնիքներու գիրքը եւ կարդա՛, տեսնենք, կարելի՞ է հասկնալ եւ բացատրել գործող խորհրդաւոր զօրութիւններու ակերը, նպատակները, իմաստները։

Մարդը եւ փոշիի հատիկը այս կէտին չե՞ն նմանիր իրարու. անոնք չեն քշուի՞ր անծանօթ ուժերու ազդեցութեամբ, անոնք շատ անգամ տէր չե՞ն իրենց կամքին եւ կը տար-ւին, կ՚երթան հոն՝ ո՛ւր անծանօթ հովեր կ՚առաջնորդեն զիրենք. մարդը եւ փոշիի հատիկը ի՞նչ տարբերութիւն ունին անծանօթ ուժերու նկատմամբ՝ երկուքն ալ կ՚երթան հոն՝ ո՛ւր չեն փափաքիր շատ անգամ՝ անգիտակից, անկարող, անօգնակա՛ն։

Անծանօթ հովերու առջեւ թռչտող փոշիի հատիկը աննշան երեւոյթ մը չէ։ Փոշիի հատիկի մը հանգոյն՝ եւ կարծես նոյն թեթեւութեամբ, եւ երկինքի աստղերը որոնց ծիրերը տիեզերքի անհունութեան մէջ անըմբռնելի են եւ անչափելի՛։

Հովերուն զօրութիւնը նման է ծորակէ մը հոսող ջուրին զօրութեան. զօրութիւն մը՝ որ զօրութեան անսահմա՜ն «աղբիւր» մը ունի։ Ծորակին ջուրը ովկիանոսի մը ջուրին ներկայացուցիչն է, կամ նշանակը՝ խորհրդանիշը։

«Պզտիկ» չկա՛յ Բնութեան մէջ. ամէն ինչ մեծութեան մը մասն է, կամ, ներկայացուցի՛չը։

Չկա՛յ զօրութիւն մը, որ իրմէ մեծ զօրութեան մը ակնաղբիւրը չունենայ։

Եւ այս անլեզու փոշիի հատիկը աւետարանական պատգամ մը ունի իր մէջ. «տկար», անկար, աննշան, անձայն՝ բայց անհաշուելիօրէն «զօրաւո՛ր»։ Ուստի Պօղոս Առաքեալ կը հաստատէ այս ճշմարտութիւնը. «Իմ զօրութիւնս տկարութեամբ կը յայտնուի…»։

Մարդն ալ՝ «փոշիի հատիկ» մը անօգնական, տկար, բայց զօրութեան խորհրդանիշ եւ հպատա՛կ…։

Կեանքի ընդհանուր եւ անայլայլելի օրէնքն է «հաղորդակցութիւն»ը՝ զօրութեան աղբիւրի մը հետ։ Անխզելի է այդ խորհրդաւոր հաղորդակցութեան անտեսանելի բայց զգալի կապը «ապրող» մարդուն համար։ Մահը միայն այդ կապը կը կտրէ։ Մահուան մէջ կը վերջանայ զօրութիւնը։ Բայց նոյնիսկ կաթկթող ծորակին ետին կայ եւ կը մնայ անսպառ զօրութեան աղբիւր մը։ Ուրեմն, ո՛րքան կ՚ապրինք՝ զօրաւո՛ր ենք, եթէ ոչ արդեամբ՝ կարողութեա՛մբ։

Մեր տկարութեան ետին կայ Աստուծոյ յաւիտենական անսպառ զօրութիւնը։ Փոխանակ ողբալու մեր տկարութեան վրայ՝ գիտակցինք Աստուծոյ զօրութեա՛ն։ Կը հետեւի՝ ուրեմն, թէ երբեք տկար չենք մենք, որքան ատեն որ գիտակից եւ հաղորդ ենք Աստուծոյ զօրութեան, Աստուծոյ ամենակարողութեա՛ն։

Ահաւասիկ, հոս, շեշտը պէտք է դրուի յատկապէս «հաղորդութեան» վրայ։ Կա՛յ զօրութիւն մը, որ «հաղորդելի» է։ Ելեկտրականութիւնը, զոր օրինակ, թելերով հաղորդելի զօրութիւն մըն է, ինչպէս՝ ջերմութիւնը իրեն սեփական հաղորդիչ միջոցներովը։ Նոյնպէս եւ՝ Աստուծոյ զօրութիւնը՝ հոգիին հաղորդիչ միջոցներովը։ Այս իմաստով, Յիսուս Քրիստոսի ամենէն յեղաշրջիչ յայտարարութիւններէն մէկն ալ այս էր. մարդը արթնցնել, գիտակից ընել իր տկարութեան մէջ՝ Աստուծոյ հաղորդելի զօրութեան։

«Տկարութեան մէջ՝ զօրաւո՛ր…» առեղծուածային կը հնչէ, բայց անվիճելի իրականութիւն, անուրանալի ճշմարտութիւն է ասիկա։

Տկար մարդը՝ Աստուծոյ զաւակն է, եւ կապուած Անոր հոգիին՝ որով կրնայ զօրանալ, հսկայանալ, կարողանալ, հերոսանա՛լ։

Ուստի, «Քրիստոնեայ ըլլալ» կը նշանակէ այս հրաշալի՜ այլակերպութիւնը՝ սոսկ «փոշիի հատիկ» մը թերեւս, բայց զօրութեան յայտարարութիւն մը՝ որ կը լեցնէ ամբողջ տիեզերքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 8, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2020