ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը այս շաբաթավերջին պաշտօնապէս կը հասնի իր աւարտին։ Երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանումէն վերջ կատարուած տեղապահի ընտրութիւնով սկիզբ առած էր նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը, որու վերաբերեալ ընթացակարգի եզրափակիչ փուլը նախատեսուած է այս շաբաթավերջին։ Պոլսոյ Աթոռի նոր գահակալը՝ Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը այսօր հանդիսաւորապէս կը կատարէ իր երդումը, կը ստանայ ասան ու գահ կը բարձրանայ։ Վաղն ալ, գահակալութեան արարողութենէն օր մը վերջ նորընտիր պատրիարքը կը մատուցանէ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Այս բոլոր պատմական հանդիսութիւնները տեղի կ՚ունենան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր ժամադրուած են նաեւ համայնքային շրջանակները։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի գահակալութեան արարողութեան կը մասնակցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն քաղաքս փութացած են ներկայացուցիչներ, որոնց առընթեր սփիւռքեան թեմերէ քանի մը առաջնորդ սրբազաններ ալ կը հիւրընկալուին Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։ Գահակալութեան արարողութիւնը միջեկեղեցական հարթութեան վրայ ալ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Վատիկանէն Սրբազան Պապին ներկայացուցիչը փութացած է քաղաքս։ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերեկան Պատրիարքն ալ կը մասնակցի արարողութեան։ Թուրքիոյ բոլոր քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներն ալ մասնակցութիւն կը բերեն գահակալութեան արարողութեան։
Անշուշտ, այս պատմական հանդիսութիւններուն ներկայ կը գտնուին պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ դիւանագիտական շրջանակներէ ներկայացուցիչներ։
Այսօր երեկոյեան գահակալութեան արարողութենէն վերջ Նորին Ամենապատուութեան ի պատիւ պաշտօնական ընթրիք մըն ալ կը սարքուի Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ։