ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՆՇԱՆՆԵՐԸ
Պոլսոյ Աթոռի նոր գահակալը՝ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթ օրուայ գահակալութեան պատմական արարողութեան ընթացքին տուաւ բովանդակալից պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
«Տէր հովուեսցէ զիս եւ ինձ ինչ ոչ պակասեսցի:»
(Սղ. 23.1)
Յարգելի ներկաներ, Հայրեր եւ Եղբայրներ՝
Երբ մեր կեանքի յատուկ օրերուն հասնինք, ինչպէս այսօր՝ հաշուեյարդարն ալ կը սկսի ինքնաբերաբար. «Ինչո՞ւ համար ես հոս եմ եւ ուրիշ տեղ մը չեմ գտնուիր»։ Հաւատացեալի սրտին մէջ ներշնչուած պատասխանը ընդհանրապէս կ՚ըլլայ սապէս. «Աստուած առաջնորդեց զիս մինչեւ հոս»։ Այս պահուն երախտապարտութեան եւ պաշտամունքի խոր երկիւղով կը խոնարհիմ այն Աստուածային Կամքին առջեւ, որ զիս հասցուց պատրիարքի այս դիրքին, որուն դոյզն իսկ արժանի չեմ զգար ես զիս: Սակայն կա՛ն որոշումներ, որոնք կեանքիս վաղ տարիներուն առնուած են, ահա այդ ճակատագրական պահերու ընդմէջէն եկայ ու հասայ այս օրհնեալ հանգրուանին:
Շատ մը մարդիկ կը հաւատան, որ աստղերը զօրութիւն ունին իրենց կեանքն ու ճակատագիրը ճշդելու եւ ուղղելու մէջ: Ի մասնաւորի կը հաւատան իրենց բախտաւոր աստղին, որուն տակ ծնած են: Ես ալ կը հաւատամ եւ կը հետեւիմ աստղի մը, որ սակայն իմ ծննդեան աստղը չէ, այլ աստղը՝ իմ Տէրն ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի, որ փայլեցաւ Բեթղեհէմի երկնակամարին վրայ եւ կը շարունակէ շողշողալ՝ մատնանշելով ճանապարհը դէպի ճշմարտութիւն: Ես Տիրոջ Աստղը տեսայ, երբ տակաւին տասներկու տարեկան մանուկ՝ կարդալու սկսայ Աստուածաշունչը եւ անոր ձգողութեան ներքեւ ծով ու ցամաք կտրեցի մոգերու նման գտնելու համար զինք, պաշտելու եւ կեանքիս գանձերը դնելու անոր ոտքերուն առջեւ: Տէրը գնահատեց անկեղծ փափաքը սրտիս՝ զինք սիրով փնտռող ու օրհնելով օրհնեց իրեն տանող դողդոջ քայլերս: Ահա դէպի Տէր Յիսուս Քրիստոս ուղղեալ այս ճամբորդութիւնս այժմ հասած է այս Գահակալութեան հանգրուանը եւ պիտի չկենայ հոս մինչեւ վերջին շունչս, մինչեւ տեսնեմ զինք երես առ երես:
Մինչեւ հոս ճամբորդութիւնս դիւրին չեղաւ, բայց շատ հետաքրքրական էր: Կը յիշեմ. աբեղայութեանս դժուար օրերէն մէկն էր, նաւի մը մէջ կը ճամբորդէի, գլուխս երկինք բարձրացուցած կ՚աղօթէի եւ հարց կու տայի Տիրոջ, թէ միշտ այսպէս դժուարութիւններո՞վ պիտի անցնի իմ եկեղեցական կեանքս: Երբ կը դիտէի երկինքը՝ արագընթաց շարժող սպիտակ ամպերը, պատասխանը հասաւ. «Մինչեւ որ այս ճերմակ ամպերուն չես նմանիր, միշտ դժուար պիտի ըլլայ գործդ եւ կեանքդ: Նայէ՛, անոնք պատրաստ են երթալու հոն, ուր հովը կը քշէ ու կը տանի: Ամպերը չեն ընտրեր, որ ո՞ւր պիտի թափեն իրենց անձրեւները: Դուն ալ պատրաստ եղիր երթալու ուր որ Սուրբ Հոգիին հովը կը տանի քեզ եւ պատրաստ եղիր քու համեստ ծառայութիւնդ մատուցանելու»: Հանգստացայ եւ երբեք չմտահոգուեցայ այլեւս ապագայի մասին: Քանի որ ես անկախ ապագայ մը չունիմ առանձինն, այլ ապագաս միացած է Սուրբ Հոգիին երջանիկ հովին հետ, որ առնէ զիս, քշէ տանի, ուր որ կը փափաքի: Պատրաստ եմ ծառայելու հոն, ուր որ Տէրը կամենայ եւ կատարելու ինծի յանձնուած պարտականութիւնները՝ նուիրեալ սիրտով եւ ուխտակատար վճռակամութեամբ: Այժմ Սուրբ Հոգին հոս բերաւ զիս, այս գահուն վրայ նստեցուց եւ գաւազան մը տուաւ ձեռքս՝ հովուելու համար իր ժողովուրդը: Ես պատրաստ եմ. որովհետեւ երկար փորձառութեամբ սորվեցայ, որ աշխարհի ամենէն հանգիստ ու խաղաղ վայրը այն տեղն է, ուր կը կատարուի Տիրոջ կամքը: Օրհնեալ ըլլայ անոր սրբազնագոյն կամքը, որուն առաջնորդութեամբ անցայ աբեղայութեան, վարդապետութեան եւ եպիսկոպոսութեան հանգրուաններէն եւ հասայ պատրիարքութեան վսեմ ու գերազանց աստիճանին: Սիրտս երախտագիտութեան զգացումներով լեցուն է եւ կը զարմանամ տակաւին ինծի շնորհուած այս մեծ պատիւին համար:
Կեանքիս բախտաւորութիւնը կը սեպեմ ճանչցած ըլլալ ինծի բարի օրինակ հանդիսացող պատկառելի հոգեւորականներ: Կը խոնարհիմ խնկելի յիշատակին առջեւ երանաշնորհ Շնորք Պատրիարքին, որ ներշնչեց եւ առաջնորդեց զիս եկեղեցական ասպարէզ: Վստահեցաւ ինծի, երբ տակաւին թրքախօս երիտասարդ մըն էի եւ տեղ տուաւ ինծի իր սեղանին վրայ եւ իր բարի հովիւի պատկերը տպաւորուեցաւ հոգիիս մէջ եւ բառին բուն իմաստով եղաւ հոգեւոր ծնողս: Նոյնպէս ջերմ երախտիքի զգացումներ ունիմ հանգուցեալ նախորդիս՝ երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքին նկատմամբ: Բարի վարդապետ մը եղաւ՝ ինծի Տիրոջ ճամբաներուն մէջ առաջնորդելով եւ ուսման սէրը բորբոքեց մէջս: Իր տեսիլքներով տպաւորեց զիս եւ ես ալ պիտի շարունակեմ իր սկսած եւ կէս թողած ազգօգուտ իր տեսիլքներն ու ծրագիրները կեանքի կոչել: Ծառայութեան այս ընդարձակ դաշտին մէջ մտնելու սա վճռական պահուն ձեզի հետ միասին իմ նախորդին՝ անմոռանալի Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի բարի հոգիին համար աղօթք մը բարձրացնել կ՚ուզեմ առ Աստուած, որ հանգչեցնէ զինք ի լոյս փառաց իւրոց երկնաւէտ երանական խաղաղութեամբ եւ ընդունի անոր բազմաբեղուն վաստակը Հայ Եկեղեցւոյ այգիին մէջ:
Ունիմ անձնական երախտիքի խոշոր բաժին մը Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին համար: Ինքն էր, որ գնահատեց իմ տաղանդն ու կարողութիւնները եւ ծառայութեան ընդարձակ դաշտ մը բացաւ իմ առջեւ, քաջալերեց եւ նեցուկ կանգնեցաւ այն բոլոր աշխատանքին ու առաքելութիւններուս, որոնք դարձան կեանքիս ամենէն արդիւնաւէտ տարիները Հայաստանի մէջ: Ի վերջոյ զիս եպիսկոպոսացնելով հոգեւոր ծնող դարձաւ: Իր շինարարական աշխուժութիւնը եւ անխոնջ աշխատասիրութիւնը միշտ տպաւորեցին զիս եւ ներշնչեցին խորապէս։
Զիս ճանչցողները գիտեն, որ երբեք իմ առջեւս մեծ նպատակներ եւ իտէալներ չեմ դրած դիրքերու եւ տիտղոսներու հասնելու համար: Ես Աստուծոյ Խօսքի պարզ քարոզիչը ըլլալ ուզեցի: Այն լոյսը որ գտայ Աստուածաշունչին մէջ, այնքան կենսատու էր, որ մարդկութեան մեծագոյն ծառայութիւնը ըլլալով ընկալեցի Տիրոջ Խօսքի մատակարարումը: Ես պարզ վարդապետ մը ըլլալ ուզեցի եւ եղայ: Փառաւոր կեանք մըն է եկեղեցական ասպարէզը՝ եթէ մէկը կոչում ունի: Որովհետեւ անմահ հոգիներու փրկութեան նուիրուած աշխատանք մըն է մերը, ինչպէս Պօղոս Առաքեալը կ՚ըսէ. «Աստուծոյ գործակիցներն ենք մենք»:
Գիտեմ, որ այժմ կը սպասէ ինծի ծանր բեռ մը եւ դժուարակիր լուծ մը, որ միայն կրնայ թեթեւնալ եւ քաղցրանալ եթէ Տէր Յիսուս Ինքը անձամբ հանգիստ շնորհէ տկար ուսերուս: Եթէ ինծի մնար, Տէր Յիսուսի Գեթսեմանիի աղօթքը կը կրկնէի. «Տէր, եթէ կարելի է ինձմէ անցուր այս բաժակը»: Եւ սակայն պիտի աւելցնէի անոր պէս. «Բայց ոչ թէ իմ կամքս, այլ քու կամքդ թող կատարուի»: Օրմանեան Պատրիարքի սկզբունքով կրնամ կրկնել. «Չեմ ցանկացած դիրքերուն, բայց երբ պաշտօն մը, պարտականութիւն մը ելած է առջեւս՝ երբեք չեմ մերժած զայն»:
Սկիզբէն ի վեր երբեք հեշտ ու դիւրին չէ եղած Պոլսոյ Պատրիարքներու գործը եւ Տիրոջ արտին մէջ մեզմէ առաջ աշխատող պատրիարքները մեծ գին վճարեցին՝ յուսալով, որ իրենց վարձքը պիտի ստանան երկնաւոր թագաւորէն: Ձեր բոլորի աղօթքներով Տէր Աստուած օժտէ ինծի վարչական թարմ տաղանդով մը եւ շնորհէ ուժ, կորով եւ իմաստութիւն իր նուիրական հօտը արածելու իր կանաչ դաշտերուն մէջ: Կ՚ուզէի, ի հարկէ, այն գաւազանը որ ստացայ այսօր, ունենար Մովսէսի գաւազանի զօրութիւնը՝ արգելքներ փարատող եւ ծաղկէր Ահարոնի գաւազանին նման երկնառաք հեղինակութեամբ: Աղօթքս այն է, որ Տէրը իմաստութիւն տայ ինծի, որպէսզի իմանամ, թէ երբ եւ ինչպէս պէտք է գործածեմ այս հովուական ցուպը ի շահ ամէնուն:
Ժամանակները Քրիստոնէական կրօնքի եւ հաւատքի տեսակէտէն սեւ ամպեր եւ տխուր մարտահրաւէրներ կուտակած են հորիզոնին վրայ: Հինը եւ նորը, աւանդականը եւ նորելուկը երբեք այսքան դէմ յանդիման չէին եկած ու իրերամերժ դիրքորոշում չէին գրաւած: Մենք ստիպուած ենք համոզել մարդկութիւնը, որ հինը միշտ ալ հինցած չէ ու նորն ալ միշտ նորոգող ու շինիչ չէ: Ո՛չ ոք գիտէ, թէ կենցաղի եւ բարոյական արժէքներու փոփոխութիւնը այս արագութեամբ ո՞ւր պիտի տանի մարդկութիւնը: Կրօնքներու իմաստութեան եւ պահպանողականութեան կարիքը ունինք աւելի քան որեւէ ժամանակ՝ քննարկելու եւ ստուգելու համար առողջութիւնը եւ օգտակարութիւնը մեր առջեւը ակամայ ցցուող նոր ճամբաներուն, արժէքներուն ու ընկալումներուն: Շփոթած բազմութիւններ կը սպասեն տեսնել եւ լսել Եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր առաջնորդներու ինքնավստահ կեցուածքը ի սէր Աստուածային ճշմարտութեանց: Պէտք չէ դադրինք հնչեցնելէ երկուհազար տարուայ Աւետարանին բարի լուրը, նոյնիսկ անիկա թուի շատերուն «ձայն բարբառոյ յանապատի»: Ճշմարտութիւնը պէտք չունի պաշտպանուելու մեր կողմէ, այլ բաւական է, որ ան պէտք է յայտարարուի զօրաւոր շեշտով: Քանզի ճշմարտութիւնը կարող է իր փաստաբանութիւնը կատարել. «Չի ծածկուիր այն քաղաքը որ լերան վրայ է շինուած»:
Շատ յայտնի է, որ մարդկային պատմութեան մէջ շրջան մը իր վախճանին կը հասնի եւ ժամանակները յղի են նոր ժամանակներուն: Մարգարէներու նախագուշակած աշխարհի վերջը յոյժ մօտեցած կը թուի, բայց անկէ առաջ «Արքայութեան այս Աւետարանը պէտք է որ քարոզուի բոլոր ազգերուն»: Ի մասնաւորի Հայ ժողովուրդը պէտք ունի ազդեցիկ միջոցներով վերստին ոռոգուելու եւ հոգեպէս կենդանանալու Քրիստոսի անմահ խօսքերով: Առանց Աւետարանին տկար է մեր ազգը: Առանց մեր հայրերու սուրբ ժառանգութեան տժգոյն կը դառնայ մեր ժողովուրդի դիմագիծն ու նկարագիրը: Ա՛յս է մեր պատմութեան դասը: Հետեւաբար Հայ Առաքելական Եկեղեցին կոչուած է հրամայական եւ փրկաւէտ կարեւորութիւն ունեցող դերակատարութեան, որ պիտի ճշդէ վերստին մեր ժողովուրդի ճակատագիրը 21-րդ դարուն: Հայ Եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներէն մին՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը, որուն առաջին սպասաւորի պաշտօնը ինծի վստահուեցաւ այսօր, «ժամանակի նշանները» կարդալով պիտի կազմակերպէ եւ պիտի տնօրինէ շարժումներ եւ պիտի մշակէ ազգօգուտ ծրագիրներ՝ հովուելու համար իրեն վստահուած ժողովուրդը:
Մեր խօսքի աւարտին պարտք կը զգանք մեր խորին շնորհակալութիւնները եւ գնահատանքը յայտնել քրիստոնէական քոյր եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու պետերուն եւ ներկայացուցիչներուն, որոնք Մեր Գահակալութեան արարողութիւնը հարստացուցին իրենց ներկայութեամբ, աղօթքներով, եւ գրաւոր թէ բանաւոր բարեմաղթութիւններով:
Մեր գնահատանքի խօսքը բոլոր պետութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ դիւանագէտներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ պատուեցին մեր Պոլսոյ Աթոռը եւ մեր պոլսահայ համայնքը:
Ջերմօրէն կ՚ողջունենք մեր Ս. Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռները՝ Սուրբ Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, որ Մայր Աթոռն է Լուսաւորիչեան մեր հաւատքին եւ միւս բոլոր աթոռները կը սերին իրմէ պատմական ածանցումով: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Վեհափառ Հայրապետին մեր եւ մեր միաբանութեան սիրոյ հաւատարմութիւնը կ՚ուղարկենք:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կ՚ողջունենք յանձին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, որ ունի իմաստութեան խօսքեր, որոնց կը հետեւինք մեծ ներշնչանքով: Կ՚ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքական Աթոռը, յանձին Ամենապատիւ Տէր Նուրհան Սրբազան Պատրիարքի, իր զինուորեալ միաբանութեամբ եւ պատմական առաքելութեամբ:
Մեր Պատրիարքական եւ եղբայրական սիրոյ ողջոյնները թող հասնին մեր աթոռներու միաբան բոլոր եպիսկոպոսներուն, թեմերու առաջնորդներուն, հոգեւորական դասուն, վարդապետաց, քահանայից եւ սարկաւագաց եւ համայն հաւատացեալ ժողովրդեան, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Մեր անկեղծ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Թուրքիոյ պետութեան ներկայացուցիչներուն եւ պետական աւագանիին, որոնք բարձր մակարդակով ներկայութիւն բերին այս արարողութեան: Մեր երկրի բարօրութեան եւ բարգաւաճման աղօթքները կը բարձրացնենք առ Աստուած յանձին Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, աւելցնելով մեր բարեմաղթանքները իր առողջութեան եւ արեւշատութեան համար:
«Տէրը իմ հովիւս է եւ ես ոչ մէկ պակաս պիտի ունենամ»:
Սիրելի եղբայներ եւ քոյրեր,
Աղօթեցէք որ Տէրը միշտ հովիւս ըլլայ, որպէսզի ես ալ անոր նման հովուութիւն կատարեմ ձեզի վասն փառացն Աստուծոյ, վասն խաղաղութեան եւ վասն բարօրութեան աշխարհի, վասն պայծառութեան Ս. Եկեղեցւոյս եւ վասն շինութեան եւ բարեկարգութեան ազգիս հայոց. ամէն:
Հարթակ
- 11/30/2024