30-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ

Խորհրդային Միութեան փուլ եկած շրջանին՝ 1990-ական թուականներու սկիզբին այսօրուան Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս զանազան ջարդեր կատարուած էին հայոց դէմ։ Երէկ, այդ դէպքերու ամենայայտնիներէն Պաքուի ջարդերու 30-րդ տարելիցն էր։ Հայաստանի Հանրապետութեան աւագանին այս կապակցութեամբ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը՝ իր յարգանքի տուրքը մատուցելու համար այդ ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին նկատմամբ։ Ներկայ էր նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ծաղիկներ խոնարհեցին զոհերու յիշատակին։ Վեհափառ Հայրապետն ալ աղօթք արտասանեց անոնց հոգւոցն ի հանգիստ։

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020